Երբ Հոգեւորականները Աղօթք Կը Բարձրացնեն Սահմանէն 70 Մեթր Հեռաւորութեան Վրայ Գտնուող Խորանաշատի Վանքէն

«Թող մեր այցը դառնայ վերադարձ»                                              
Քանատայի թեմի առաջնորդ

Խաժակ արք. Յակոբեան

 

Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերու բնակչութեան կեանքն ու դժուարութիւնները հնարաւոր է պատկերացնել միայն այնտեղ այցելելով: Այս մեկնակէտէն ուղղուած` Եպիսկոպոսական ժողովին մասնակցելու նպատակով Հայաստան այցելած հոգեւորականներ` Քանատայի թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Յակոբեան, Կիպրոսի թեմի առաջնորդ  տէր Վարուժան արք. Հերկելեան, Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեան, Միացեալ Նահանգներէն Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան, ուղեկցութեամբ Բերդի շրջանի հովիւ Արամ Միրզոյեանի, ինչպէս նաեւ` պատուիրակութեան ուղեկցող Տաւուշի «Հոգեւոր Վերածնունդ» հիմնադրամի տնօրէն Հայկ Չոպանեանի եւ Արշաւիր Գաբուճեանի, այցելեցին Հայաստանի սահմանամերձ գիւղեր:

Պատուիրակութեան այցին հիմնական նպատակը տեղի բնակչութեան խնդիրներուն, առօրեային ու դժուարութիւններուն ծանօթանալն էր եւ այս աննախադէպ այցով զանոնք գօտեպնդելն ու ոգեւորելն էր:

Հոգեւորականները այցելեցին Հայաստանի հիւսիսային շրջանի Տաւուշի մարզի Բերդ քաղաք, ուր անոնց դիմաւորեցին Բերդի քաղաքապետը եւ Արամ քհնյ. Միրզոյեանը:

Անոնք ծանօթացան նոր կառուցուող Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ շինարարութեան ընթացքին, տեսան Ռուսիայէն այնտեղ բերուած զանգը եւ աղօթեցին, որ շինարարութիւնը բարեյաջող աւարտի եւ համախմբէ շրջանի բնակիչները:

Սահմանամերձ գիւղերու առաջին կանգառը Մովսէս համայնքն էր:

2011 թուականին հաւատացեալներուն առջեւ դռները բացած Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ բարի գալստեան աղօթք բարձրացուեցաւ առ Աստուած, հոգեւորականները աղօթեցին շրջանի խաղաղութեան, հոգեւոր կեանքի վերազարթօնքի եւ յատկապէս Մովսէսի հերոս ժողովուրդին համար:

Այնտեղ, Կիպրոսի թեմի առաջնորդ Վարուժան արք. Հերկելեան իր խօսքին մէջ նշեց. «Ես կը սքանչանամ ձեր ծնողներով, որ այս սահմանին վրայ, վտանգաւոր գօտիին մէջ, կը մնան իրենց հողին վրայ: Հիմա, երբ մենք ականատես եղանք այս բոլորին, կը խոստանանք ձեզի հետ ըլլալ, ուժ եւ քաջութիւն կը մաղթենք ձեզի, որ ձեր մայրենի լեզուն չմոռնաք եւ այս հողէն չհեռանաք»:

Քանատայի թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Յակոբեան անդրադարձաւ հայրենիքի կարեւորութեան` ըսելով. «Երբ դուրս կը նայինք, այս ամբողջ տարածքը, որ կը տեսնենք, հայրենիք է, ինչո՞ւ հայրենիք կը կոչենք, որովհետեւ մեր հայրերը, մեր հայրերուն հայրերը, հազարաւոր տարիներ իրենց կեանքը, արիւնը, քրտինքը այս հողին մէջ դրած են: Մենք հպարտ ենք ձեզմով եւ վստահ եմ, որ դուք պիտի ըլլաք հայութեան պայծառ ապագան: Աստուած ձեզի ուժ, կարողութիւն եւ քաջութիւն պարգեւէ, որ կարենաք այս դժուար բեռը ձեր ուսերուն կրել»:

Հիւրերը այցելեցին նաեւ Չորաթան համայնք, այնտեղ նոյնպէս զրուցեցին տեղացիներուն հետ, Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան պատգամեց կառչած մնալ մեր հողերուն եւ պապերուն թողած դարաւոր արժէքներուն. «Մենք եկած ենք ձեզի ըսելու, որ պինդ մնաք, որովհետեւ մենք կ՛աղօթենք ձեզի համար եւ կ՛ընենք այն ինչ կրնանք ընել, որ դուք կառչած մնաք այս սուրբ հողին, որ պահէք այս հողը եւ շէնցնէք այս երկիրը»:

Բաբգէն եպս. Չարեանի խօսքով. «Նման շրջաններու մէջ, երբ դպրոց կը պահուի եւ այդ դպրոցի մէջ հայեցի կրթութիւն, քրիստոնէական դաստիարակութիւն կը տրուի, կը նշանակէ` հոն զոհողութիւ՛ն կայ, նուիրո՛ւմ կայ, սէ՛ր կայ եւ միասնականութիւ՛ն կայ»:

Հոգեւորականներու խօսքէն ետք երեխաները հիւրերուն համար երգեցին, ասմունքեցին եւ պարեցին:

Յաջորդ այցը Չինարի գիւղն էր: Սահմանամերձ գիւղերու մէջ նման բարձրաստիճան հոգեւորականներու այցը աննախադէպ է, իսկ Չինարիի մէջ` առաւել եւս: Հիւրերը դիմաւորելու եկած էին Չինարիի համայնքի ղեկավար Յարութիւն Մանուչարեանն ու դպրոցի տնօրէնը` ընկերակցութեամբ շրջանի զինուորական հրամանատարին:

Չինարիցիները ոգեւորուած այս երեւոյթէն` վաղ առաւօտեան առանձնայատուկ պատրաստութիւններ տեսած էին հիւրերը ըստ արժանւոյն դիմաւորելու համար. անոնք իրենց յատուկ հիւրասիրութեամբ, եռագոյն դրօշներով, ազգագրական երգ ու պարով ընդունեցին հոգեւորականները:

Այս ամբողջ այցի ընթացքին ամենայատկանշականը այն էր, որ հոգեւորականները որոշեցին հայ ժողովուրդին համար աղօթք բարձրացնել ոչ թէ գիւղի կեդրոնէն, այլ թշնամիի դիպուկահարներէն 70 մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Խորանաշատ վանքէն` անտեսելով հաւանական մեծ վտանգը. անոնք զինուորներու օգնութեամբ յաղթահարեցին վախն ու դժուարութիւնները եւ բարձրացան Խորանաշատ, այնտեղ աղօթք բարձրացուցին սահմանի անսասանութեան, խաղաղութեան, չինարիցիներու եւ շրջանի ամբողջ բնակչութեան համար: Հոգեւորականներուն դրսեւորած խիզախութիւնը մեծապէս զարմացուց եւ ոգեւորեց  գիւղացիները:

Այգեձորի մէջ հոգեւորականները այցելեցին նորակառոյց գործարանը, ապա` Բերդի կենցաղի եւ պատմութեան թանգարանը, մասնակցեցան նկարիչներու ցուցահանդէսին, ծանօթացան տեղի պատմութեան, աւանդութիւններուն ու մշակոյթին: Առաւել ոգեւորող էր այն, որ բարձրաստիճան հոգեւորականները գիշերեցին գիւղացիներու յարկէն ներս` բնակիչներուն ապացուցելու, որ իրենք սովորական անձինք են, որոնք կը ցաւին անոնց ցաւով եւ կը կիսեն անոնց հոգն ու մտահոգութիւնները:

Այգեպար համայնքին մէջ հոգեւորականները ծանօթացան գիւղացիներու խնդիրներուն, հանդիպում ունեցան դպրոցի աշակերտներուն հետ, անոնց պատգամեցին լաւ սորվիլ, սրբութեամբ պահել ու պահպանել հաւատքն ու լեզուն:

Վերջին կանգառը Վարագաւան գիւղի մօտ, 3 քմ հեռաւորութեան վրայ  գտնուող Նոր Վարագայ վանքն էր:

Հոգեւորականներուն այցը երկար ժամանակի սպեղանի մըն էր սահմանամերձ գիւղերու բնակչութեան համար, անոնք իրենց խնդիրներն ու դժուարութիւնները անոնց հետ կիսելով, համախմբուած աղօթելով առ Աստուած` մեծ ներուժ ստացան առաւել ամուր ու գօտեպնդուած կառչած մնալու իրենց հողին վրայ:

Հոգեւորականներուն ուղեկցող Արշաւիր Գաբուճեան խորապէս տպաւորուած այս յատկանշական այցէն` գրած է.

Ղօղանջ յաւերժի, հնչիր յաւիտեան
Սրբազան քնար, Խաժակ, Վարուժան, Բաբգէն եւ Վիգէն
Անուններ սիրուն յուշերի պաշտպան
Տէր Արամ եւ Հայկ մարդիկ անբաժան
Յանուն հայրենի ջրին ու հողին
Սասնայ Ծռեր եւ Տլէ եաման
Մովսէս յուշերի` տատիկ կայ այնտեղ
Համբոյր սիրելի իր թուշին կնքուած
Չորաթան, Չինարի, Այգեպար
էս ի՜նչ սիրուն պար
Օտար ամայի ճամբէքի վրայ
Օսկէ ֆնճան ինձ ամա…
Սահմանի վրայ
եւ հէնց հիմա…
Ուխտի սրբավայր, քեզ հետ եմ կրկին
Դէմքեր սիրելի, մի դէմք պաշտելի…
Տղանե՜ր, անդուլ ու արթուն
Համբոյր են մեր սրտին սիրուն.
Եւ ահա կրկին ու կրկին
Վանքդ եմ եկել, վանքի Վանական,
Աշխարհիդ մաքուր, սիրոյ աշխարհին
Կրկին փարուելու քարիդ մոգական:

ԵՌԱԳՈՅՆ-ը նիւթը պատրաստած է` օգտուելով Շողակաթ  պատկերասփիւռի ընկերութեան հեռուստալրագրող Վիքթորիա Կարապետեանի պատրաստած տեսանիւթէն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )