Արամ Խաչատուրեանի 110-ամեակ

Կազմակերպութեամբ «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան մշակութային յանձնախումբին, ուրբաթ, 25 հոկտեմբեր 2013 -ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Ահրամճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ մեծանուն երաժիշտ Արամ Խաչատուրեանի 110-ամեակին նուիրուած երեկոյ մը, որուն ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան ներկայացուցիչ` Վարդան Ադամեանը, միութենական պատասխանատուներ, մտաւորականներ, կրթական մշակներ եւ մշակութասէր ու արուեստասէր բազմատասնեակ հրաւիրեալներ:

Անմահանուն ու աշխարհահռչակ երաժիշտի 110-ամեակին նուիրուած յոբելենական երեկոյին բացումը կատարեց Մշակութային Յանձնախումբի անդամներէն Մարալ Թալաթինեան, որ հակիրճ տողերու մէջ անդրադարձաւ մեծ արուեստագէտին ծննդեան, ընտանեկան միջավայրին, պայմաններուն, ուսումնատենչ երիտասարդ Խաչատուրեանի ուսանողական տարիներուն, երաժշտութեան ու ընդհանրապէս արուեստի նկատմամբ անոր  ունեցած բացառիկ հետաքրքրութեան ու սիրոյն մասին: Ան նաեւ թուեց Խաչատուրեանի  հայրենասիրութիւնը եւ միջազգային երաժշտական բնագաւառին մէջ գրաւած իւրայատուկ եւ բացառիկ դիրքը` շնորհիւ անոր աստուածատուր ձիրքին ու տաղանդին, որոնք իւրայատուկ գիծերն էին Խաչատուրեան մարդուն, հայուն եւ հանրայայտ երաժիշտին:

Բացման խօսքէն ետք  բեմ հրաւիրուեցաւ լիբանանահայութեան մօտէն ծանօթ, հայրենի արուեստագիտութեան տոքթոր, բանաստեղծ ու ծանօթ արուեստագէտ, տասնեակ մը գիրքերու հեղինակ Թամար Յովհաննիսեանը: Իր առինքնող ոճով, մեծ հետաքրքրութեամբ ու շատ հաճելի ձեւով ան ներկայացուց Արամ Խաչատուրեան մարդը, երաժիշտը, աշխարհահռչակ խիզախ հայը` մանրամասնութեամբ թուելով միջազգային երաժշտական բնագաւառին մէջ անոր առած քայլերը, ունեցած ու շահած դիրքը, արժէքը եւ վայելած յարգանքը` շնորհիւ իր ունեցած եզակի տաղանդին:

Թամար Յովհաննիսեան իր խօսքին մէջ վեր առաւ Արամ Խաչատուրեան տիտանին անգերազանցելի  վաստակը ու վայելած յարգանքը` միջազգային երաժշտական շրջանակներուն մէջ, ծանրանալով անջնջելի տպաւորութիւն  թողած անոր համանուագներուն ու յարմարանուագներուն, պարզաբանելով անոնց առանձնայատկութիւնները, որոնք մինչեւ օրս կը հնչեն եւրոպական տասնեակ մը սրահներու բեմերէն` ամէն օր աւելի ու աւելի ծանօթացնելով Խաչատուրեանի ձգած անկրկնելի ժառանգը: Թ. Յովհաննիսեան հիացումով արտայայտուեցաւ երաժշտական գործիքներու նկատմամբ Արամ Խաչատուրեանի ունեցած բացառիկ կարողութեան եւ այդ ուղղութեամբ ալ ստեղծագործած բացառիկ գործերուն մասին` դրուատելով Խաչատուրեան հայ երաժիշտին եզակի դերը, որուն հիմքը հայրենի հողի ընդերքէն եկող ուժն է, զոր ժառանգած էր ան:

Իսկ անդրադառնալով երեկոյեան կարեւորութեան եւ ընդհանրապէս հայկական միութիւններու նախաձեռնութեամբ գաղութին մէջ կատարուած ու կատարուելիք  ազգային-հասարակական աշխատանքներուն` բանախօսը ըսաւ. «Մեր մեծերը կ՛անմահանան, երբ յարգուի անոնց յիշատակը, եւ անոնք մոռացութեան չենթարկուին»: Ան նաեւ  գնահատեց «Խօսնակ» ամսագիրի տարած ազգային-հայրենասիրական առաքելութիւնը:

Իր խօսքէն ետք Թամար Յովհաննիսեան դաշնակի վրայ ներկաներուն հրամցուց Արամ Խաչատուրեանի ստեղծագործութենէն տպաւորիչ կտոր մը:

Ապա ներկաներ հետաքրքրութեամբ դիտեցին վարպետին «Սպարտակ» անուն գործը:

Ապա Ցոլինէ Էլմայեան  դաշնակի վրայ նուագեց Ա. Խաչատուրեանի «Մասքարաթ սուիթ» անուն յայտնի գործը (վալս):

Աւարտին խօսք առաւ «Խօսնակ» ամսագիրի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան, որ կարեւոր նկատեց հոկտեմբեր ամիսը` որպէս մշակոյթի հետ առնչուած եզակի ամիս եւ ազգային կեանքին մէջ վերաշխուժացման շրջան:

Ակնարկելով ձեռնարկի կարեւորութեան` ան շեշտեց. «Ուրախութիւն է, որ մեր վերամուտի առաջին հրապարակային ձեռնարկը մեկնարկ կ՛առնէ աշխարհահռչակ երաժիշտի յոբելեանով: Այս առթիւ ուրախութեամբ պիտի ըսեմ, որ եթէ Կոմիտասը մեր տոհմիկ երաժշտական բնագաւառի սերմնացանն էր եզակի, ապա  Խաչատուրեանն ալ հանդիսացաւ բացառիկ ու անգերազանցելի պարտիզպան… առանց մոռացութեան տալու այն, որ երկուքն ալ լաւապէս խմած են անմահն Մաշտոցի մաքուր ակունքէն…»:

Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան երեկոյին յաջողութեան իմաստով:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )