Թրքական Բանակի Մէջ Ծառայող Հայերու Առօրեան

Պոլսահայ լրագրող Արիս Նալճը 24 ապրիլ 2011-ի նախօրեակին թրքական բանակին մէջ ծառայող սպաննուած հայ զինուոր Սեւակ Պալըքճըի պարագան աւելի լաւ հասկնալու համար «Թի24»-ի պլոկին մէջ անդրադարձած է թրքական բանակին մէջ զինուորական ծառայութիւն կատարող երկրի քաղաքացի հայերուն:

Բոլորը զինուորական ծառայութենէն յուշեր ունին: Ոմանք կ՛ըսեն.«Այդտեղ զիս տղամարդ դարձուցին», ոմանք ալ ծառայել չեն ուզեր:

Նալճը կը գրէ, որ` «այստեղ կ՛ըսեն, թէ` «Ամէն թուրք զինուոր կը ծնի», սակայն մեր հայկական ինքնութիւնը չի համապատասխաներ այդ կարգախօսին: Թերեւս եթէ ծառայութեան ընթացքին հայերու ապրածը հասկնանք, աւելի լաւ պիտի հասկնանք Սեւակ Պալըքճի հետ տեղի ունեցածը»:

ՍԵՒԱՆ Ք. (19 յունուար 2007) ճաշասրահի մէջ ենք: Հայաստանի սահմանին մօտ գտնուելու պատճառով ինքնութիւնս այստեղ յաճախ կը յիշեն: Այդ օր ճաշասրահի պատկերասփիւռի կայանէն լսեցինք Հրանդ Տինքի սպանութեան մասին:

Միացեալ Նահանգներու մէջ դպրոցը աւարտելով վերադառնալէ ետք, կը մտածէի` այստեղ շատ բան փոխուած է: Այդ օր աչքովս տեսայ, որ ոչինչ փոխուած է: Ճաշասրահի մէջ Հրանդի սպանութիւնը ժպիտով լսող զինուորները քիչ կը մնար ուրախութենէն պարէին: Ոմանք կը խօսէին: Անոնց ամէն խօսքը տակաւին ականջս է: Գիտեմ` դիտմամբ կ՛ընեն, որ լսեմ: Ինքզինքս կը զսպեմ, կը կլլեմ: Յաջորդ օր հրամանատարը կը կանչէ.«Տղա՛ս, տես, եթէ բան մը ըսեն, մօտս եկուր»:

ԳԷՈՐԳ Դ.

Ճաշասրահի մէջ եմ: Ճաշասրահը ինծի վստահած են, հաշիւները ես կ՛ընեմ: Կիպրոսի մէջ (Կիպրոսի թրքական հատուածի մէջ) եմ: Վերադաս սպան ամէն օր ինձմէ հաշիւ կը պահանջէ: Ամէն հաշիւ պահանջելու ատեն ալ թոսթ կ՛ուզէ: Երբեմն կը վճարէ, իսկ շատ անգամ` ոչ: Ամէն շաբաթ կու գայ հաշիւը ստուգելու եւ թոսթին գինը չվճարելուն պատճառով գումարը պակաս կ՛ըլլար: «Ինչո՞ւ գումարը պակաս է», կը բարկանար: Հայ ըլլալս անունէս յայտնի է, նոյնիսկ եթէ մականունս «եան» չունի: Այդ թոսթի գումարին պատճառով ծնօտս կոտրեցին: Քանի մը շաբաթ հիւանդանոց մնացի: Ծնօտս կտրողն ալ հիւանդանոցին մէջ ինծի կ՛այցելէր: «Դասդ առի՞ր», կը հարցնէ, որուն կը պատասխանեմ.«Ո՛չ»: Այս անգամ թեւս կը կտրէ: Շաբաթ մը եւս հիւանդանոցին մէջ…:

ԼԵՒՈՆ Թ.

Ես վճարովի ծառայող էի: Քանատայէն եկած էի: Շարուած ենք, մեր անունները կը հարցնեն: Վերադաս սպան ինծի «Լէոն» կ՛ըսէ, յետոյ կը հարցնէ «Լէոն, ասիկա ի՞նչ անուն է»: «Հայ եմ» կը պատասխանեմ: Միւսները խեթ-խեթ կը նային: Ինչո՞ւ Հայաստանէն եկած եւ այստեղ կը ծառայէ: Վերադաս սպան կը պատասխանէ.«Դուք ի՞նչ մարդ էք, ան Թուրքիոյ քաղաքացի է: Դուք ձեր տան մէջ քրտերէն կը խօսիք, իսկ ան` թրքերէն: Չէ՞, Լէոն», կ՛ըսէ ան, եւ ես չեմ կրնար կողմնորոշուիլ` ի՛նչ պատասխանել: Ան զիս կը պաշտպանէ՞ր, թէ՞ կ՛ըսէր «քաղաքացի՛, թրքերէն խօսէ»:

ՀԱՅԿՕ ՊԱՂՏԱԹ

1996-1998-ին ծառայած եմ: Պատերազմի ամէնէն տաք շրջանն էր: 1996-ին Տէրսիմի կիսազինուորական ոստիկանութեան վրայ յարձակում կատարուած էր: Մեզ այդտեղ ուղարկեցին: Դժուար ժամանակներ էին: Անգամ մը ենթասպայ մը անունս հարցուց: «Հայկօ, պատասխանեցի: «Ինչո՞ւ Հայկօ», հարցուց, որուն իբրեւ պատասխան ըսի, որ հայ եմ:

Որոշ ժամանակ ետք հարցուց թլփատուա՞ծ եմ, թէ՞ ոչ. ըսաւ, որ չթլփատուած զինուորներուն ծառայութեան ընթացքին թլփատելու ծառայութիւն գոյութիւն ունի: Ըսի, որ պէտք չէ: Ատկէ ետք շուրջ մէկուկէս շաբաթ զիս տարբեր ճամբաներով կը համոզէր թլփատուիլ, իսկ ետքը տեղեկացուց. «Թլփատուելու անհրաժեշտութիւն չկայ»:

ԶԱՒԷՆ ՉԻՏԵՄՕՂԼՈՒ

Ծառայութեան մեկնելէ առաջ Պողազճի համալսարանին մէջ պարտաճանաչ ուսանող էի: 1980-ի ռազմական յեղաշրջումէն ետք մինչեւ 1985 բազմաթիւ անգամ իբրեւ դասալիք կալանաւորուած եմ, հակառակ անոր որ ուսանողական գրքոյկ ունէի: Ամէնէն երկար կալանքը տեւած է 2 ամիս 10 օր: Շուրջ երկու տարի տեւած ձերբակալութիւններու, հոգնածութեան, սովի, ծարաւի, անքնութեան պատճառով 72 քիլօ նիհարցայ` դառնալով 53 քիլօ: Աւելի ուշ բուժուեցայ: Ի վերջոյ, 1992-ին վճարովի ծառայութենէն օգտուելով` 2 ամիս տեւած ծառայութիւնս կատարեցի: Սակայն ինծի համար զինուորութեան արկածախնդրութիւնը կարծես 12 տարի տեւած ըլլար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )