«Ֆեթիշ» Թուականի Նախօրեակին, Երկու Տարի Ետք Պիտի Ըսենք` Վաղորդայնին
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Միշտ է պէտք է յիշել Մեծն Սոկրատը, որ կ՛ըսէր, թէ հարցումները աւելի կարեւոր են, քան` անոնց տրուած պատասխանները:
Իմաստասէրը կ՛ըսէ, որ հարցերուն պէտք է մօտենալ պարզ եւ անխաթար հոգիով, առանց լեզուական ճապկումներու, զորս կը կոչենք դիւանագիտութիւն:
Ժողովներ, երթեւեկ: Յայտարարութիւն, հաղորդագրութիւն, ճառ` լաւ են մէկ բանի. նիւթ են հայ մամուլին, բայց Հայկական հարցը յառաջ մղելու ազդակ չեն:
Միջազգային հանրային կարծիքը առաջնորդող եւ պետութիւններու ու միջազգային քաղաքականութեան վրայ ազդող մամուլը կ՛արձագանգէ՞:
Փա՞ստը. բռնագրաւուած հայաշխարհէն թիզ մը հող վերստացա՞նք: Ազատագրեցի՞նք: Այդ մասին ակնարկութիւն կա՞յ, ճառերէ, բարոյախօսութիւններէ, ի նպաստ եղած արտայայտութիւններէ առաջ եւ վերջ:
Ներքին սպառման համար ենթաքաղաքական ճապկումներ կ՛ընենք զանգուածները արթուն պահելու համար:
Հայկական հարցի գծով չունինք միջազգային ազդեցութիւն ունենալու ամբողջական քաղաքականութիւն, այդ նպատակով համապարփակ ծրագրում չենք մշակած, չենք յառաջացուցած գիտական, արհեստագիտական, քարոզչական ենթակառոյցները եւ անհրաժեշտ նիւթական հզօր նեցուկը: Գործած ենք եւ կը գործենք` մասնատուած եղանակով, շեղելով նպատակէն, ծառայելով այլ նկատումներու:
Պարզ է. ինչ որ ըրած ենք եւ կ՛ընենք, լաւագոյն պարագային անգամ կը մնայ սիրողական, ներազգային քարոզչութեան եւ մրցակցութեան համար կարեւոր համարուող անմիջականի մակարդակին: Այդպէս են լոյս տեսնող հատորները` հակառակ անոնց ծափահարելի արժէքին:
Կ՛աղմկենք` ըսելով, որ այս կամ այն երկրի խորհրդարանը կամ նախագահը ճանչցաւ կամ պիտի ճանչնայ Ցեղասպանութինը: Ֆեթիշ թուականէն ետք ալ պիտի շարունակուին նոյն սպասումները եւ կամ «յաղթանակներ»-ով յուզումները, սպասելով նոր «ֆեթիշ» թուական մը: Մինչեւ որ յոգնինք տեղքայլ ընելէ, կամ հրաշքով «թապուլա ռազա» ըլլայ:
Երբեմն հարց պէտք է տանք մենք մեզի, թէ ինչո՞ւ պիտի ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ի՞նչ է ճանաչման նպատակը: Երբ նման հարցում կ՛ուղղենք, աչքի առաջ կ՛ունենա՞նք այն պարզ ճշմարտութիւնը, որ քաղաքականութիւնը շահերու ապահովման կրկէսն է, բարեսէրներու ակումբ չէ: Փոխանակման համար ի՞նչ ունինք մեր ափին մէջ: Այս յոռետեսութիւն չէ, այլ` պճեղ մը իրատեսութեան փափաք:
Մէկ կամ աւելի ճանաչումներ ի՞նչ շահ պիտի բերեն անիրաւուած ազգին: Շահ կամ ակնկալութիւն յստակօրէն չեն սահմանուած քաղաքական համարուած յայտարարութիւններու եւ դիմումներու մէջ: Աղմուկէ անդին այս մասին մտածելը գայթակղութիւն չէ: Եթէ հիմնական առաջադրանքի գծով յառաջդիմութիւն չկայ, հարց կու տա՞նք մենք մեզի, թէ ինչո՞ւ:
Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), հասարակաց, նոյնաձեւ եւ յստակ քաղաքական յայտագիր մը (plate-forme) մը ունի՞ն ճշդուած թիրախներով եւ ժամանակացոյցով, որ տարբեր է յանպատրաստից ճառի նմանող «ֆութպոլային քաղաքականութենէն»: Ֆեթիշ թուականէն առաջ կարելի պիտի ըլլա՞յ իսկապէս նման ծրագրում ունենալ` անոր ընկերացնելով մարդկային (որակով) եւ նիւթական (ոչ ճաշկերոյթային) միջոցները: Այսինքն ազգովին պատրա՞ստ ենք, զանգուածները պատրաստա՞ծ ենք յանձնառութեան, համապարփակ ծրագրումի մը իրականացման համար:
Անցնող տասնամեակներու ընթացքին ցեղասպանութեան ճանաչումը նպատակի վերածեցինք: Ան մասնակի խնդի՞ր մըն է, թէ՞ մասը ամբողջի մը, ան ինչպէ՞ս միջազգային համարուած ընտանիքին եւ մեր զանգուածներուն կողմէ կը դիտուի, Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ սփիւռք(ներ): Ճանաչման պահանջը կրկնելով` մի՞թէ չենք մոռնար եւ չենք մոռցներ ամբողջը, մոռնալով եւ մոռցնելով էական հարցը: «Շրթներու ծառայութիւն» ընելով` Ցեղասպանութիւնը ճանչցողները ի՞նչ կը խորհին ամբողջական խնդրին մասին: Նման յստակացում պահանջող կա՞յ:
Ֆեթիշ թուականէն առաջ ի՞նչ վերաբերում պիտի ունենանք, եւ բարձրաձայն, Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին նկատմամբ: Զայն պիտի ներկայացնենք բարոյականութեա՞ն, թէ՞ քաղաքականութեան գլխուն տակ:
Ցեղասպանութեան ճանաչումը ԺԹ. դարու եւ Ի. դարու սկիզբի միջազգայնօրէն ծանօթ Հայկական հա՞րցն է, որ աւելի լայն ընդգրկում ունէր, թէ՞ այլ բան: Հայկական հարցը քաղաքական էր, կը վերաբերէր հողի, ինքնավարութեան: Ցեղասպանութեան ճանաչումը քաղաքական տարողութիւն կրնա՞յ ունենալ, թէ՞ ան սոսկ քարոզչական է:
Ի վերջոյ, մեր ժողովուրդի ներկայ կացութեան լոյսին տակ, Ցեղասպանութեան ճանաչումը ժողովուրդի վերապրումին (գէթ անոր աւելի քան կէսին), անոր լեզուին եւ մշակոյթին պաշտպանութեան պահա՞նջն է, թէ՞ այլ բան: Աւելի յստակացնելով. Ցեղասպանութեան ճանաչումը սփիւռքներու ազգային դիմագծով տեւելուն ի՞նչ նպաստ պիտի բերէ, որպէսզի ան սոսկ պատմական յիշողութիւն մը չըլլայ: Այսօր Հայկական հարց է սփիւռքներու ինքնութեան աստիճանական շիջումը, մշակութային անուղղակի Ցեղասպանութեան պատճառով: Լաւ է կրկին ընթերցանութեան առարկայ դարձնել ՄԱԿ-ի ցեղասպանութեան համաձայնագիրը:
Շաբաթավերջի կամ ամառնային զբօսաշրջիկի ինքնագոհութեամբ եւ աղմուկով պէտք չէ պատասխանել: «Կուրու»-ները մենաշնորհեալներ չեն, անոնք գտնուին Սեւանի ափին, Ծաղկաձոր, Պեւըրլի Հիլզ, կամ Էյֆելեան աշտարակին տակ կամ դիմաց:
Ի՞նչ է ճանաչման նպատակը` ճանչցողին համար: Քաղաքականութիւնը փոխադարձ շահերու ապահովման կրկէսն է, նոյնիսկ երբ անոնք կը շպարուին այլազան գոյներով, անզօրներ եւ միամիտներ միայն կը խաբուին: Բարոյական ըմբռնումներ կան, միշտ եղած են, անհատներու մակարդակին: Բայց պետութիւնները շահեր ունին: Սեւրի դաշնագիրը պետութիւններ ստորագրած էին…
Բացի բարոյական ազդակէն, ի՞նչ ձեւով կը ներկայանանք միջազգային հանրութեան, մանաւանդ` քաղաքական ուժերուն: Ի՞նչ կը պահանջենք, որ անմիջականի գլանին տակ չհարթուի, բայց նաեւ ի՞նչ կը հրամցնենք, ի՞նչ կը ներկայացնենք:
Ի հարկէ կայ պատմութիւնը, որ կը վկայէ, թէ երէկի եւ այսօրուան քաղաքական ուժերը, մեծերը, անցեալին զբաղած են Հայկական հարցով: Այդ օրերուն դեռ «քրիստոնեայ» կամ «խաչապաշտ» աշխարհը բան մը կը նշանակէր: Կը պաշտպանէին «քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնը», կամ այդ պիտակով կը ներկայանային, անիկա Օսմանեան կայսրութեան վրայ ճնշում բանեցնելու ազդակ էր` չարաշահելով օսմանեան կայսրութեան ենթակայ հայկական զանգուածները:
Պէտք եղաւ սպասել Ա. Աշխարհամարտը, որպէսզի Միացեալ Թագաւորութեան վարչապետ մը յայտարարէ, թէ պատերազմէն ետք Հայաստանի մէջ օսմանեան իշխանութեան հետք պիտի չմնայ… Պատերազմը աւարտեցաւ, ստորագրեցին Սեւրի դաշնագիրը, չյարգեցին, քանի որ շահ չունէին: Երկրորդ պատերազմ մը պիտի չսկսէին հայերու եւ Հայաստանի համար: Պատմութեան դասը դպրոց է:
«Ֆեթիշ»-ացած թուականի նախօրեակին, ո՞վ, ո՞ւր, ինչպէ՞ս պիտի սահմանէ Ցեղասպանութեան ճանաչման ապահովելիք շահը` նաեւ այդ ճանաչումը ընդունողին համար: Մեր ցանկութիւնները «շրթներու ծառայութեամբ» իրականացած կարծելու շաբաթավերջերու բաժակաճառային միամտութիւնը յառաջընթաց չէ:
«Ֆեթիշ»-ացուող թուականի նախօրեակին մենք մեզի պիտի ըսենք եւ աշխարհին ալ պիտի ըսե՞նք, թէ իրապէս ի՛նչ կ՛ուզենք: Արդէն սկսած ենք գործածել իր ընդհանրութեան մէջ միգամածային դարձած բառ մը. հատուցում:
Հայրենիքի մը բռնագրաւման փոխարէն` ի՞նչ հատուցում կրնանք ակնկալել: Կարելի՞ է նման հատուցումով փակել Հայկական հարցը:
Մեծանուն մտաւորականի մը, քաղաքապետի մը, երեսփոխանի մը, խորհրդարանի մը, նախագահի մը ճանաչման յայտարարութիւնները կը փոխարինե՞ն ազգի իրաւունքներու անկարկտան վերականգնումը:
Գէթ նախ մենք մեզ չբանտարկենք որձեւէգ կացութիւններու մէջ, որոնցմէ դուրս պիտի չկարենանք գալ, այսօր եւ վաղը:
Նոյնիսկ եթէ դեռ Մահաթմա Կանտի մը չունինք, գէթ հեռանկարային ծրագրում ունենանք, անոր իրականացման շուրջ համախմբելով ազգը, իր ինքնութեամբ, իրաւունքի գիտակցութեամբ եւ անոնցմէ բխած` յանձնառութեամբ:
Երբեմն պէտք է յանդգնութեամբ յիշել պերճանքէ հեռու մնացած Սիմոն Զաւարեանը, որ խօսքը չէ, այլ գործն է միայն կենդանի:
Ֆեթիշ թուակա՞նը. 2015: Թերեւս օր մըն ալ, երբ նորեր գան, 2115, 2215…
Իսկ ի՞նչ կ՛ըսէ բազմերես լքումներով, շահախնդրութիւններով եւ դիրքապաշտական խարխափումներով յատկանշուող հայկական ներկան, որ վաղուան պատմութիւնը պիտի ըլլայ:
Խարխափումներու ծուռ քանակով ուղիղ գիծ չի ստացուիր:
Բարեկամ մը ըսաւ, որ այս միտքերը լաւ են, եթէ ընթերցողներ ըլլան, անոնք, որոնք կարծեն, թէ իրենք են խնդրոյ առարկաները… Իսկ անհորիզոն եւ դիրքապաշտ մարդիկ պիտի ըսեն, որ այս կարգի միտքեր «ջուրի մակերեսին տրուած սուրի հարուած են»… կամ` այս կարգի պայքարները «յետսապահ գունդի կռիւ» են: Եթէ նման արտայայտութիւններ օտար լեզուներով հնչեն… աւելի կը տպաւորեն հայկական միջավայրը…
24 հոկտեմբեր 2013, Նուազի-լը-Կրան

