Սուրիական Օրագրութիւն 30
ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Կարծես թէ համաձայնութիւն կայանալու յոյսեր կային հորիզոնին վրայ, սակայն գիշատիչներու աւարներու բաժանումին սահմանները դեռ յստակ չեն, եւ տակաւին ռմբակոծութիւնն ու ոճրագործութիւնները կը շարունակուին: Կարծես թէ աշխարհի տիրակալներու համակարգը խախտեցաւ. ոմանք վեր բարձրացան աստիճանէն, ուրիշներ իջան կամ ճիգեր կ՛ընեն տակաւին կառչած մնալու իրենց դիրքին` ի հաշիւ հազարաւոր անմեղ զոհերու եւ աւերածութեան:
Պատմութեան յայտնի բոլոր կայսրութիւններն ալ ծաղկում ու անկում ունեցած են: Անդրովկիանոսեան այս կայսրութեան ալ անկումը պիտի գայ օր մը, սակայն յայտնի է նաեւ, որ կայսրութիւններու փլուզումը իր տակ կը թողու ազգեր ու հայրենիքներ… Մեր հայրենիքը նման վտանգ չունի, ան մէկ կայսրութեան փլուզումէն այնպէս ցնցուեցաւ, որ դեռ ինքզինք չէ գտած, մանաւանդ որ կորսնցնելու նախանձախնդիրները մտահոգներէն շատ ու կարող են…
Իսկ Սուրիոյ պէս երկիր մը կրնայ իր վէրքերը բուժել:
Հեքիաթը, թէ` սուրիացիներ իրենց ժողովուրդը քիմիական զէնքով կը կոտորեն, պատմուեցաւ, լսուեցաւ, յստակացաւ ալ, թէ պետութիւնը չէր գործածողը, եւ թէ` «ազատութեան մարտիկները» եւս ունին քիմիական զէնք: Պետութիւնը յօժարեցաւ իր ունեցածը յանձնել` ոչնչացնելու համար, եւ սակայն…. ամերիկեան «մարդասէրները» ընկեր Փանջունիի արիւնը կը կրեն, քանի որ բոլոր պարագաներու ապակիները ջարդելով ներս պիտի մտնեն, նոյնիսկ եթէ դուռ ու պատուհան բաց է…
****
Ինձնից բռնեցէ՛ք, խորտակուող մարդիկ,
Ես ժայռի նման կանգնած եմ ամուր:
Աւ. Իսահակեան
Բանտ. սոսկում. միայն այն գաղափարը, որ մարդը իր կամքին հակառակ` կը սահմանափակուի տարածութեան մը մէջ, շնչակտուր կ՛ընէ զիս: Բայց ահա երկուքուկէս տարուան այս բանտին կը տոկամ, կը տոկա՛նք: Բանտարկուած ես տանդ մէջ, բանտարկուած ես թաղիդ, քաղաքիդ, երկրիդ մէջ: Այն համարձակները, որոնք ամէն ինչ աչք առած` ստիպուած կը ճամբորդեն, գիտենք, թէ յաճախ ինչ «բախտի» կ՛արժանանան: Ու այդ մէկը առաւել կը խորացնէ բանտարկուածութեան զգացումդ:
Մեր բանտարկութիւնը միայն տեղափոխուելու արգելքը չէ. ունէինք զմեզ աշխարհին կապող միջոց մը` որ համացանցն էր… զայն այլեւս կը յիշենք որպէս երանելի երազ: Նաեւ լաւապէս գիտցանք, թէ ի՛նչ կը զգային միջնադարուն խաւար զնդաններու մէջ արգիլափակուածները: Երբ չունիս ելեկտրականութիւն, չունիս հեռաձայնային կապ, չունիս… ջուր, երբ սնունդդ մուրացկանի մը պէս կը հայթայթես, կեանքը կը դառնայ խիստ հետաքրքրական: Պիտի առաջարկէի ապահով երկիրներու ձանձրացող ու ձանձրոյթէն անձնասպանութիւն գործողներուն` մէկ ամիսով գալ Սուրիա ու կեանքին արժէքը ճանչնալ:
Դժուար պայմանները ջուրի երես կը հանեն մարդկային նկարագիրներու բազմազանութիւնը, կը բացայայտեն պահուըտած գիծեր, որոնց մարդ ինք յաճախ անտեղեակ է: Առողջ մտածում ունեցող մարդիկը կը դարձնեն առաւել հնարամիտ ու կեանքի իմաստին հասու: Կ՛ըլլան յուսահատողներ, հոգեկան հաւասարակշռութիւնը կորսնցնողներ, մոլութիւններու տրուողներ, կը շեշտուի ոմանց չարութիւնը, նախանձը` ուրիշներու բարութեան հակառակ, ոմանց անձնասիրութիւնը` ուրիշներու անձնազոհութեան հակառակ. բազմազան են երեւոյթները: Մէկը, ինք օգնութեան կարօտ, նպաստ ստացած բարիքները դրացիին հետ կը կիսուի… անդին ուրիշ մը ամիսներու պաշար հաւաքած, այս օրերուն ալ ուտելիքներու բազմազանութիւնը պահած, սառնարան մը ամբողջ հաց ամբարած` քովինին մէկ հաց կ՛ափսոսայ տալ…մինչդեռ ելեկտրականութեան չգոյութեան պատճառով կը ստիպուի թափել…
Ի վերջոյ պիտի անցնին նաեւ այս չար հովերը. կեանքի անիւը կը դառնայ անդադար` մեզի պարգեւելով իր մութ ու լուսաւոր երեսները: Ափ կ՛ելլեն անոնք, որոնք ունին կամք ու հաւատք` լոյսի յաղթանակին եւ մութին դէմ կրնան իրենց հոգիներուն լոյսերը վառել` թէ՛ իրենց, թէ՛ ուրիշներու համար:
****
Երբեմն կը խորհիմ` ափսոս եղաւ մեր խանում-խաթուն կիներուն: Մինչեւ պատերազմ անոնք աղուոր տանտիկիններ էին` համեղ կերակուրներով ընտանեկան օճախը համեմող, զաւակներ դաստիարակող ու… երբեմն ալ թրքական սրտաճմլիկ դիպաշարեր դիտող, հիմա անոնք եւս խրեցան քաղաքականութեան ճահիճը եւ նոյնիսկ կերակուրներուն քաղաքականութիւն կը խառնեն: Եւ որպէս կին, անշուշտ, ունին «կնոջական տրամաբանութիւն», որ ոչ մէկ տրամաբանութեան կը տոկայ: Այսպէս, ունկնդիր եմ խօսակցութեան մը.
– Փութինը շատ կը սիրեմ, ի՜նչ ալ աղուորցաւ վերջերս (ականջին թող չհասնի ու թող չշփանայ` իմանալով, որ Սուրիոյ կիներու մէջ իր երկրպագուները մեծ թիւեր արձանագրեցին վերջերս):
– Մի՛ ըսեր, ինք չըլլար, մեր վերջը բերեր էին շատոնց: Ի՜նչ ազնիւ է ու ի՛նչ աղուոր կը խօսի, Օպաման ճանճի չափ ըրաւ:
– Ճա՛նըմ, ան ալ բարի է, ինք ալ կինն ալ բարի են (՞), բայց ձեռքէն ի՞նչ կու գայ, ստիպուա՛ծ է…
– Թո՛ղ հրաժարի, ո՞վ խնդրեց` նախագահ ըլլայ, այսչափ մարդու մահը իր վրան է…
– Կրնա՞յ հրաժարիլ…
Բարդ հարցեր են, զորս կիներս կը լուծենք մէկ հարուածով. երանութի՜ւն: Փութինը գեղեցիկ ու ազնիւ կ՛ըլլայ, Օպաման` բարի… տէ՛, եկուր ու գիտցիր, թէ որո՛նք են այս երկուքուկէս տարուան դժոխքին հնոցապանները:
Կիները, հարազատ իրենց բնոյթին, այլ նիւթի կ՛անցնին, ու ես ալ կը թեթեւնամ, թէ չէ պիտի մեղադրէի ինքզինքս, որ գիշատիչ կը կոչեմ բոլոր այդ «ազնիւ» ու «բարի» արքաները, իսկ Սուրիան` իրենց որսը, զոր իրարու մէջ բաժնելու գզուըռտուքի մէջ են:
Կիները շուկայի գիները կը քննարկեն, կը յիշեն, որ «պիպարի ջուր» (մածուկ) պատրաստելու ատենն է, բայց գիները շատ սուղ են, եթէ անշուշտ գտնես:
Ես, որ թերի տանտիկին եմ, կը յօրանջեմ, քանի որ գիշերը չկրցայ քնանալ. անդադար գործեց ծանր հրետանին ու կրակահերթերը օդը սղոցեցին: Քանի՜ երիտասարդ տղամարդ զոհուեցաւ, քանի՜ տուն կործանեցաւ ու ի՜նչ եղան անոնց բնակիչները…
Չէ՛, այս տարի ես ալ «պիպարի ջուր» պէտք է շինեմ:
****
Ու երկինքէն իջուցին զայն ցօղ առ ցօղ, ամպ առ ամպ
Ու թաղուեցան անոր մէջ, հանդարտութեամբ, հեզութեամբ…
Վ. Թէքէեան
Սեպտեմբերը եկաւ եւ դպրոցական տարեմուտը: Այն հրճուագին յուզումը, զոր ամէն տարեմուտի կ՛ունենային աշակերտ, ծնող ու կրթական գործիչներ, տարբեր երանգ առած է:
Այս շարքին մէջ ամէնէն ուրախը տղաքն են, անշուշտ. տնակեաց անշարժութենէն ազատած` պիտի վերադառնան ընկերական շրջապատ, քիչ մըն ալ` սորվին…
Ազգային կրթական մարմիններ, ապահովական մեծ պատասխանատուութիւն կրելէն զատ, նիւթական հայթայթել ու դպրոցները ոտքի պահելու մեծ ճիգի մէջ են, մանաւանդ որ անոնք կը կանգնէին նաեւ կրթաթոշակներու վրայ, որոնք այսօր խիստ թէական են:
Ծնողը հոգի բեռին տակ է` թէ՛ զաւկին ապահով երթեւեկը, թէ՛ սղած գրենական պիտոյքներ ու դեռ ի՜նչ կողմնակի ծախսեր: Կայ նաեւ կրթաթոշակ վճարելու ստիպուածութիւնը: Վճարե՞լ, թէ՞ միջոց մը գտնել շրջանցելու (նուազագոյնի հասցուած, կրճատուա՛ծ….): Ու ոմանք (խօսքը տակաւին որոշ զրկանքով մը կարողներու մասին է) դեռ չեն կրնար կողմնորոշուիլ` միայն հացի՞ւ, թէ՞ նաեւ բանիւ քրիստոնէական հիմնահարցին մէջ:
Եթէ կարողն ալ անկարողին պէս պիտի ընկրկի, ինչպէ՞ս ոտքի պիտի մնան մեր դպրոցները: Սեղմենք մեր գօտիները ու այս փոթորիկին տակ ալ կանգուն պահենք մեր կրթական օճախները` յիշելով անապատին մէջ, աւազին վրայ գրող մօր հաւատքը`
Ա Բ Գ…