Համագումարի Մը Թելադրանքները

ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Հոկտեմբեր 14-15, 2013-ին, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպահայերու համագումարը կրնա՞յ թելադրել նոր ուղիներ սփիւռքի կազմակերպուածութեան եւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու համակարգման ուղղութեամբ: Հարցումը կը բխի ոչ այնքան համագումարի շօշափելի արդիւնքներէն, այլ այն հանգամանքէն, որ արդէն երրորդ առիթով տեղի ունեցած այս նախաձեռնութիւնը թերեւս հիմնարկային կայացման փուլ մտած է: Ինչպէս գրեթէ ամէն հասարակական գործընթաց, Եւրոպահայերու համագումարի հիմնարկանացման հոլովոյթը շատ հաւանաբար կանխամտածուած չէ: Ոչ ալ այս հանգրուանին կարելի է վստահ ըլլալ, որ անոր բանականացման մտածողական աշխատանք կը տարուի: Ամէն պարագայի, երեւոյթին շարունակականութիւնը յատկանշական է այնքան, որ անհրաժեշտ է պահ մը կանգ առնել եւ այդ մասին խորհրդածել:

Ընդհանուր առմամբ կարելի է ըսել, որ հայութեան միասնականութիւնը իր լոզունգային եւ յուզական պահերէն դուրս երկու ձեւով մտածուած է: Մէկը «հզօր պետականութեան» հասկացողութիւնն է, որ հեկելեան փիլիսոփայութեան հետեւութեամբ, պետութիւնը կը համարէ հաւաքականութեան մը պատմական տրամախոհական հոլովոյթին լրումը, ազգի մը ոգիին արտայայտումը, որուն ընդմէջէն ազգի ամէն անդամ ինքզինք կը տեսնէ եւ ինքզինք ներկայացուած կը զգայ: Միւսը` «համա» շարժումի մը գաղափարն է, որուն համաձայն, ազգային պետութիւնը արդիւնք է հաւաքական զօրաշարժի: Առանձին առնուած, ազգային միասնականութիւն յառաջացնելու հետամուտ այս երկու տեսլականները, պարզ է, իտէալական են եւ անիրապաշտ, եթէ ոչ` պարզապէս ցնորատեսական: Այնուամենայնիւ, տասնիններորդ դարէն ի վեր անոնց տարբերակներն են, որ երբեմն շատ գործնականօրէն, երբեմն ալ տոկմային ձեւով կը փորձարկենք: Իրողութիւնը այն է, որ ի՛նչ նախաձեռնութեան ալ որ դիմած ըլլանք, ի վերջոյ անոնք ինքնաբերաբար պատշաճած են պատմական տուեալ ոլորտի պայմաններուն:

Հայաստանի անկախացումէն ի վեր ազգային միասնականութեան այս երկու տեսլականները կրկին ու կրկին այս կամ այն ձեւով կ՛առաջադրուին ե՛ւ հայրենական իրականութեան մէջ, ե՛ւ սփիւռքեան ոլորտին մէջ, ե՛ւ, որպէս նորութիւն, ռուսաստանեան բեմահարթակին վրայ, առանց որ ոչ մէկ ծրագիր առանձնապէս յաջողի իրականացնել հաւաքական ներուժի կազմակերպման հրամայականը: Ի դէպ, թերեւս միայն 1988-1994 արցախեան ազատամարտի յորձանուտին մէջ էր, որ գործնական գետնի վրայ այդ միասնականութիւնը ոչ միայն իրականացաւ, արտայայտուեցաւ եւ հայութեան հզօր ներուժի կարողականութեան փաստը տուաւ: Բոլորս ալ հաւանաբար գիտակից ենք, որ ե՛ւ սփիւռքեան կազմակերպուածութիւնը, ե՛ւ հայրենի պետութեան կայացումը անհրաժեշտ գործօններ են հայութեան ազգային ներուժի կազմակերպման ու ամենաազդեցիկ օգտագործման համար, բայց այս մէկը լափալիսեան ճշմարտութիւն մըն է միայն:

Եթէ Եւրոպահայերու համագումարը կայացման գործընթացի մէջ մտած է, ապա եւ թերեւս սփիւռքի կազմակերպուածութեան նոր ուղի մը կը թելադրէ: Համասփիւռքեան ներկայացուցչութիւն մը պարզապէս անկարելի է, իւրաքանչիւր գաղութի ներուժը առանձին` սահմանափակ է, սփիւռքի տարածաշրջանային կազմակերպութիւնը Եւրոպահայերու համագումարին թելադրանքով թերեւս միջանկեալ, գործնական եւ իրատես ուղի մըն է հաւաքական աշխատանքի ներուժի առաջացման համար: Ճիշդ է, Եւրոպական Միութեան իրողութիւնը կրնայ եւ ըլլալ այն իրական ենթահողը, որուն վրայ նման զօրաշարժի եւ կազմակերպուածութեան պայմաններ ծնունդ կ՛առնեն: Այս իմաստով, թերեւս Եւրոպահայերու համագումարի երեւոյթը բացառիկ եւ իւրայատուկ է: Բայց այդ մէկը չի նշանակեր, որ կարելի չէ տարածաշրջանային բաժանումով սփիւռքեան կազմակերպուածութեան տեսութիւն մը միայն մտամարզանք է: Կան առնուազն երեք տարածաշրջաններ, ուր նման նախաձեռնութիւններու մասին կարելի է մտածել. Հիւսիսային Ամերիկա, Հարաւային Ամերիկա եւ եւրասիական ցամաքամաս, թէկուզ եւ առայժմ` հիմնականօրէն Դաշնակցային Ռուսիա: Միջին Արեւելքը, անկասկած, չորրորդ տարածաշրջանն է, թէեւ պարզ է, այսօրուան աշխարհաքաղաքական խառնակութեան մէջ, երբ տեղւոյն թերեւս կարեւորագոյն համայնքին վերապրումը խնդրոյ առարկայ դարձած է, դժուար է այդ առաջնահերթութենէն անդին մտածել:

Հետեւաբար Եւրոպահայերու համագումարին երեւոյթը սփիւռքեան համայնքներուն համար կազմակերպումի եւ հաւաքական զօրաշարժի նոր ուղիներու կարելիութեան մասին կը թելադրէ անպայման:

Բայց այդ մէկը մետալին միայն մէկ երեսն է:

Միւսը` հայրենի պետականութեան շահագրգռուածութիւնն է նման զարգացումներու եւ այդ ուղղութեամբ ներդրում կատարելու պատրաստակամութիւնը: Եւրոպայի պարագային պարզ է, որ նման շահագրգռութիւն մի՛շտ ալ եղած է, թէեւ` թերեւս երբեք այսքան հրատապ, որքան` այս համագումարի պայմաններուն ժամանակ: Պատճառը յստակ է. Փութինի նախաձեռնած Մաքսային միութեան Հայաստանի ստիպողական միացումը, որ Եւրոմիութեան հետ Ընկերակցութեան պայմանագիրը չէզոքացուց: Առնուազն այդ մասին քիչ կասկած կը ձգեն Պրիւքսէլի թեքնոքրաթները, մինչ հայկական դիւանագիտութիւնը եռամեայ բանակցութիւններու ձախողութեան վնասուց վերահսկողութեան նոր փորձառութեան ձեռքբերման լծուած է…

Հոս է, ահաւասիկ, որ Հայաստանի դիւանագիտութեան ռազմավարական բացը անգամ մը եւս մէջտեղ կ՛ելլէ: Եւրոպահայերու համագումարի կազմակերպողները ի սկզբանէ քաղաքական ճշգրտութիւն ցուցաբերեցին` յայտարարելով, որ բանավէճի նիւթ պիտի չըլլան Հայաստանի ներքին թէ արտաքին քաղաքականութեան որոշումները: Աւելի՛ն. Եւրոմիութեան քաղաքացիները չվարանեցան արտայայտելու իրենց դժգոհութիւնը Պրիւքսէլին, որ այնպէս ալ ոչինչ ըրաւ թէկուզ եւ հասկնալու համար Հայաստանի տնտեսական հրամայական կարիքները, որպէսզի Երեւանին դոյզն լծակ մը տար` մոսկովեան ճնշումները դիմակայելու համար: Կը մնայ, որ հիմնական հարցը ո՛չ ռուսական ճնշումներն են, ո՛չ ալ եւրոպացիներու տատամսումները. այս համագումարը առիթ չէ՞ր արդեօք անդրադառնալու, որ եթէ 2010-ին, երբ Հայաստան նախաձեռնեց Եւրոմիութեան հետ միացման համաձայնագրի բանակցութիւններուն, հայկական դիւանագիտութիւնը եւրոպահայութեան աշխուժօրէն մասնակից դարձուցած ըլլար գործընթացին, թերեւս այսօր աւելի տոկուն դիրքերու վրայ կ՛ըլլար` Պրիւքսէլը  համոզելու, որ գործընթացը բարեփոխուի եւ ոչ թէ վերադառնայ իր մեկնակէտին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )