Ընթրիքի Յատուկ Երեկոյով Մը. Լիբանանի Ախոյեան Սատ Ներկայացուց Իր Խումբը Եւ Պատուեց Մարզական Լրագրողները

2010-ին Ասիոյ հենտպոլի ախոյեան հանդիսացած, իսկ իր հիմնադրութենէն` 2007-էն ի վեր Լիբանանի ախոյեան հանդիսացած Սատ, ընթրիքի յատուկ երեկոյով մը պատուեց մարզական լրագրողները, միեւնոյն ժամանակ ներկայացնելով իր կազմը, որ 9-21 նոյեմբերին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Ասիոյ 16-րդ ախոյեանութեան:

«Պրիճ» ճաշարանին մէջ (Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբան) տեղի ունեցած այս հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի հենտպոլի ֆետերասիոնի անդամները, մարզական լրագրողներ, հրաւիրեալներ, Սատի նախագահ Պահիժ Քպայսի եւ այլ անձեր:

Ակումբի մարզական լրագրող Եուսեֆ Եունես, անդրադառնալով խումբին կատարած իրագործումներուն, յոյս յայտնեց, որ Տոհայի մէջ (Քաթար) խումբը արձանագրէ տպաւորիչ արդիւնքներ եւ տիրանայ տիտղոսին:

Սատ, որ երէկ երեկոյեան մեկնեցաւ Քաթար, բացման իր մրցումը պիտի կատարէ շաբաթ, 9 նոյեմբերին, ժամը 16:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով)` իրանեան Սամեն Հիժաժ խումբին դէմ:

Նշենք, որ մրցաշարքին կը մասնակցին 16 խումբեր, բաժնուած` չորս խմբակի:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )