Հուսամէտտին Հարիրիի Անուան Պասքեթպոլի Մրցաշարք. Մրցումները Որոշուեցաւ Կայացնել Ռիատի Պէյրութի Դաշտին Վրայ

Ինչպէս ծանօթ է, 14 նոյեմբերին կը սկսի Հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի 23-րդ միջազգային մրցաշարքը:

Սակայն այս տարի անիկա պիտի դադրի միջազգային մրցաշարք ըլլալէ` նկատի ունենալով, որ անիկա տեղի պիտի ունենայ մասնակցութեամբ միայն Լիբանանի Ա. դասակարգի տղոց խումբերուն, որովհետեւ Լիբանան ՖԻՊԱ-ին կողմէ կախակայուած է միջազգային որեւէ տեսակի մրցաշարք հիւրընկալելէ:

Կազմակերպիչ ակումբը իր հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ ըսաւ, որ դիւրացնելու համար Ա. դասակարգի խումբերուն մասնակցութիւնը այդ մրցաշարքին, որոշուեցաւ անոր բոլոր մրցումները կայացնել Ռիատի Պէյրութի Մանարայի դաշտին վրայ:

Share this Article
CATEGORIES