Լիբանանի Հեծելարշաւի Բաժակի Մրցում. Էլիաս Ապու Ռաշիտ Տիրացաւ Տիտղոսին
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լիբանանի հեծելարշաւի 2013-ի բաժակի մրցումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ֆետերասիոնին մօտ արձանագրուած վեց ակումբներ, ինչպէս նաեւ այլ անձեր, որոնք որեւէ ակումբի մաս չեն կազմեր:
Այս մրցումը սկսաւ Թապարժայէն` հասնելով մինչեւ Շեքքա, ապա վերադառնալով Ժիպէյլ, որմէ բարձրանալով Աննայա, որ եղաւ ժամանման վայրը:
Տիտղոսին տիրացաւ Աթլեթիքօ Պէյրութ ակումբին մաս կազմող Էլիաս Ապու Ռաշիտ` 80 քմ այս մրցումին արձանագրելով 2 ժամ 27′ 50″ արդիւնք մը: Երկրորդ դիրքը գրաւեց որեւէ խումբի մաս չկազմող Ռոպըն Խուրի (2 ժամ 30′ 57″), իսկ երրորդ դիրքը` ՀՄԸՄ Պէյրութի հեծելանւորդ Սալահ Ռապպահ (2 ժամ 31′ 19″):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` հովանաւորութեամբ «Սքոթ» հեծանիւներ վաճառող ընկերութեան, որ ֆետերասիոնին գլխաւոր հովանաւոր ընկերութիւնն է:
Ֆետերասիոնը իր հրապարակած հաղորդագրութիւնը եզրափակեց նշելով, որ այս տարուան իր յայտագիրը կը փակէ 17 նոյեմբերին, երբ տեղի ունենայ Լիբանանի անկախութեան նուիրուած հեծելարշաւի մրցումը:

