«Չեմփիընզ Լիկ». Պայէրն Միւնիխ Ապահովեց Յաջորդ Հանգրուանի Իր Տոմսը
Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր կատարուեցան ութ ճակատումներ:
Պայէրն Միւնիխ, որ հիւրն էր Վիքթորիա Փլզենի, 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը. յաջորդ հանգրուանի մրցումը տեղի պիտի ունենայ նաք-աութի դրութեամբ: Մարիօ Մանտզուքիչ նշանակեց Պայէրնի եւ մրցումին միակ կոլը (65-րդ):
Անոր հետ յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը գրեթէ ապահովեց Մանչեսթըր Սիթի, որ 5-2 արդիւնքով յաղթեց Մոսկուայի Բանակայիններուն: Ալվարօ Նեկրետօ հեթրիք մը իրագործեց, մինչ Սերճիօ Ակուերօ նշանակեց երկու կոլ:
Եուվենթուս – Ռէալ Մատրիտ ճակատումը աւարտեցաւ 2-2 արդիւնքով: Արթիւրօ Վիտալ (42-րդ` փենալթիով) եւ Ֆերնանտօ Լիորենթէ (65-րդ) նշանակեցին Եուվէի կոլերը, իսկ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (52-րդ) եւ Կերըթ Պէյլ (60-րդ)` Ռէալի կոլերը:
Նշենք, որ Եուվենթուս ցարդ յաղթանակ չէ արձանագրած:
Նոյն խմբակին (Բ. խմբակ) մաս կազմող Քոփենհակըն 1-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Կալաթասարային:
Ինչ կը վերաբերի այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն, բաւական տաք եւ զօրաւոր ճակատումներ կը խոստանան ըլլալ Պորուսիա Տորթմունտ – Արսենալ եւ Պարսելոնա – Ա. Սէ. Միլան ճակատումները: Վերջինս թէեւ «Քալչիօ»-ի մրցումներուն այդքան ալ լաւ արդիւնքներ չ՛արձանագրեր, սակայն արհամարհելի կազմ մը չէ եւ կը նկատուի զօրաւոր խումբ մը:
Հետաքրքրական մրցումներուն կարգին են նաեւ Չելսի – Շալքէ, Նափոլի – Մարսէյ եւ այլ ճակատումներ ալ:
Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Ա. ԽՄԲԱԿ
Ռէալ Սոսիետատ – Մանչեսթըր Եունայթըտ 0-0
Շախտիոր Տոնեցք – Պայէր Լեւերքուզըն 0-0
Բ. ԽՄԲԱԿ
Քոփենհակըն – Կալաթասարայ 1-0
Եուվենթուս – Ռէալ Մատրիտ 2-2
Գ. ԽՄԲԱԿ
Օլիմփիաքոս – Պենֆիքա 1-0
Փարիզ Սեն Ժերմեն – Անտըրլեխթ 1-1
Դ. ԽՄԲԱԿ
Մանչեսթըր Սիթի – Մոսկուայի Բանակայիններ 5-2
Վիքթորիա Փլզեն – Պայէրն Միւնիխ 0-1
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
Ե. ԽՄԲԱԿ ԺԱՄ
Պալ – Շթէուա Պուքրեշ 21:45
Չելսի – Շալքէ 21:45
Զ. ԽՄԲԱԿ
Պորուսիա Տորթմունտ – Արսենալ 21:45
Նափոլի – Մարսէյ 21:45
Է. ԽՄԲԱԿ
Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ – Փորթօ 19:00
Աթլեթիքօ Մատրիտ – Աւստրիա Վիեննա 21:45
Ը. ԽՄԲԱԿ
Այաքս Ամսթերտամ – Սելթիք 21:45
Պարսելոնա – Ա. Սէ. Միլան 21:45


