Հայ Լրագրողներ Կ՛այցելեն Տիգրանակերտի Քաղաքապետին
2009 թուականէն «Հրանդ Տինք» հիմնադրամը կ՛իրականացնէ «Թուրքիա – Հայաստան լրագրողներու երկխօսութիւն» ծրագիրը, որուն շրջանակներուն մէջ այս տարի Հայաստանէն մասնակցող լրագրողները այցելած են Տիգրանակերտի` ազգութեամբ քիւրտ քաղաքապետ Օսման Պայտեմիրին:
Akunq.net կայքէջը կը հաղորդէ, որ Տիգրանակերտի քաղաքապետը, բարձր գնահատելով հիմնադրամի գործունէութիւնը, նշած է, որ նման ձեւով կը շարունակուի Տինքի գործունէութիւնը:
Հայ լրագրողները ընդունելով` Պայտեմիր կրկին ընդգծած է. «Տիգրանակերտը որքան իմ, նոյնքան ալ հայերու, եզիտիներու եւ ալեւիներու քաղաքն է: Բարով եկած էք ձեր քաղաքը»: Խօսելով Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգման մասին` քաղաքապետը ընդգծած է, որ նման որոշումով քաղաքի ղեկավարութիւնը անցեալի բացասական մտածելակերպը մերժելու նպատակ ունեցած է: «Մեր բոլոր ջանքերը միտուած են ստեղծելու այնպիսի ապագայ մը, ուր բոլորը պիտի կարենան ազատօրէն արտայայտել իրենց մտքերը, խօսիլ իրենց մայրենի լեզուով, ունենալ խղճի եւ դաւանանքի ազատութիւն», ըսած է Պայտեմիր:
Յիշեցնենք, որ «Հրանդ Տինք» հիմնադրամի այս ծրագիրին կը մասնակցի նաեւ «Ազդակ»-ի «Քննական ոսպնեակ» խմբակի անդամ Տօնիկ Տօնապետեան:

