Հաղորդագրութիւն

Երեքշաբթի, 5 նոյեմբեր 2013-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան մէկ պատուիրակութիւնը այցելեց Շահէ եպս. Փանոսեանի` շնորհաւորելու համար սրբազան հօր ընտրութիւնը իբրեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ եւ խնդրելու, որ նախագահէ նահատակ եւ ննջեցեալ ՀՄԸՄ-ականներու յիշատակի հոգեհանգստեան արարողութեան, որ տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 17 նոյեմբեր 2013-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագի:

Այս հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ առաջնորդ սրբազանը տեղեակ պահելու ՀՄԸՄ-ի աշխատանքներուն մասին:

Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը` յարատեւ վերելք մաղթելով միութեան եւ հաստատելով, որ անձամբ ներկայ պիտի գտնուի ու նախագահէ հոգեհանգստեան արարողութեան:

Շրջանային վարչութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր` իր ցուցաբերած ջերմ ընդունելութեան եւ ՀՄԸՄ-ի նկատմամբ ունեցած հետաքրքրութեան համար, իրեն մաղթելով բեղուն գործունէութիւն եւ ծրագիրներու իրականացում:

ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

5 նոյեմբեր, 2013

 

Share this Article
CATEGORIES