Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Որոշեց Հանգամանօրէն Նշել Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ Տարելիցը
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տեղեկատուական բաժանմունքը կը հաղորդէ, որ Հարաւային Քորէայի մէջ այս օրերուն գումարուող Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի 10-րդ համաժողովը որոշեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նշումին բերել իր գործօն մասնակցութիւնը:
Յիշեալ յայտարարութիւնը, անդրադառնալէ ետք Հայոց ցեղասպանութեան եւ անոր հետեւանքներուն, կը յիշէ, թէ ինչպէս Հայոց ցեղասպանութեան հարցը արծարծուեցաւ ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց յանձնաժողովին, 1979-ին Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին կողմէ, ինչպէս նաեւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի նախորդ համաժողովներուն կողմէ, կը թելադրէ հետեւեալը խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին.
1) 2015-ի ապրիլ 24-ին մօտ թուականի մը Ժընեւի մէջ կազմակերպել միջազգային համագումար մը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման` մասնակցութեամբ միջազգային օրէնքի ու Ցեղասպանութեան մասնագէտներու: 2) Ժընեւի Մայր տաճարին մէջ կազմակերպել կրօնական արարողութիւն: 3) Կոչ ուղղել Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի անդամ եկեղեցիներուն ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը եւ աշխատանք տանելու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գծով:

