Ռուհանի Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Բանակցութեանց Մէջ Լաւ Յառաջխաղացքի Արձանագրումը Կը Յայտարարէ

Հասան Ռուհանի

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտարարեց, որ Իրանի եւ «5+1»-ի միջեւ Թեհրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութեանց ընթացքին լաւ յառաջխաղացք արձանագրուած է:

Ռուհանի Թեհրանի մէջ Աւստրիոյ դեսպանին հետ իր հանդիպումին ընթացքին յոյս յայտնեց, որ «Ժընեւի մէջ այս շաբաթ շարունակուելիք քննարկումները զարգացնելու համար նոր ու կարեւոր քայլեր կ՛առնուին»:

Ան յայտնեց, որ կը սպասէ, որ Իրանի հիւլէական թղթածրարը իր բնական վիճակին վերադարձնելու հարցին մէջ Աւստրիա ազդու դերակատարութիւն կ՛ունենայ:

Մինչ այդ, Իրանի հիւլէական ուժանիւթի կազմակերպութեան նախագահ Ալի Աքպար Սալեհի յայտարարեց, որ Իրան Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան նախագահ Եոքիա Ամանոն 11 նոյեմբերին Թեհրան հրաւիրած է, իսկ վերջինս պատրաստակամութիւն յայտնած է այդ այցելութիւնը կատարելու:

Սալեհի յոյս յայտնեց, որ այցելութեան ընթացքին Ամանոյի հետ համաձայնութիւն մը գոյանայ եւ միացեալ հաղորդագրութիւն մը  հրապարակուի:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ երէկ գիշեր յայտարարեց, որ Թեհրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ այս շաբթուան ընթացքին համաձայնութիւն գոյանալու կարելիութիւն մը գոյութիւն ունի:

Share this Article
CATEGORIES