«Առայժմ «Ժընեւ-2»-ի Թուական Մը Չկայ» Ըսաւ Իպրահիմի
Ռուս եւ ամերիկեան պատուիրակութիւններ երէկ Ժընեւի մէջ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի մասնակցութեամբ դռնփակ խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցան` քննարկելու համար «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովին գումարման կարելիութիւնները: Հանդիպումէն ետք Իպրահիմի յայտնեց, որ «Ժընեւ-2»-ը պէտք է գումարուի առանց նախապայմաններու` նշելով, որ «սուրիական ընդդիմութեան շարքերուն մէջ եւ «Ժընեւ-2»-ին անոր ներկայացուցչութեան վերաբերեալ բազմաթիւ հարցեր գոյութիւն ունին»` վստահեցնելով, որ սուրիական ընդդիմութիւնն ու կառավարութիւնը այդ խորհրդաժողովին մէջ ներկայացուած պիտի ըլլան:
Իպրահիմի յայտարարեց, որ առայժմ «Ժընեւ-2»-ի գումարման որոշ թուական մը գոյութիւն չունի` յոյս յայտնելով, որ անիկա գումարուի տարուան աւարտէն առաջ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով իր կարգին յայտարարեց, որ «Ժընեւ-2»-ը կրնայ այս տարուան աւարտին գումարուիլ` աւելցնելով, որ «եռակողմ ձեւաչափով խորհրդակցական նոր հանդիպում մը կրնայ 25 նոյեմբերին տեղի ունենալ»:
Ան ըսաւ, որ «Ժընեւ-2»-ին սուրիական ընդդիմութեան մասնակցութեան վերաբերեալ հարցերը պէտք է քննարկել` աւելցնելով, որ «այդ առնչութեամբ առայժմ յստակութիւն գոյութիւն չունի»:
Ռուսական աղբիւր մը ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Սուրիոյ շուրջ «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովը, որ կը նախատեսուէր նոյեմբերին գումարել, դեկտեմբեր ամսուընէ առաջ տեղի պիտի չունենայ:
Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած դռնփակ խորհրդակցութեանց մօտիկ աղբիւրը յայտնեց, որ «խորհրդաժողովը դեկտեմբերէն առաջ պիտի չգումարուի»: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին նշեց, որ ժողովը նոյեմբերին տեղի պիտի չունենայ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ Իսլամական նոր տարուան առիթով տեղի ունեցած ընդունելութեան մը ընթացքին կոչ ուղղեց հրաժարելու սուրիական տագնապը արտաքին զինուորական միջամտութեամբ լուծելու գաղափարէն` վստահեցնելով, որ Ռուսիա Միացեալ Նահանգներու եւ Իպրահիմիի հետ աշխուժ կերպով կը գործակցի «Ժընեւ-2»-ի գումարումին համար:
Լաւրով շեշտեց, որ «Ժընեւ-1» խորհրդաժողովի հաղորդագրութիւնը Սուրիոյ մէջ խաղաղ լուծման միակ հիմքն է` նշելով, որ Սուրիոյ քիմիական զէնքերու ոչնչացման շուրջ համաձայնութիւնը կարեւոր է եւ անոր գործադրութիւնը ազդու կերպով տեղի կ՛ունենայ:
Նախքան այդ Լաւրով յայտնեց, որ սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի յայտարարութիւնները արմատական կերպով կը հակասեն Ժընեւի հաղորդագրութեան` աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ վարչակարգը փոխել ջանացողները աշխատանք կը տանին կացութեան վատթարացման ամբողջ պատասխանատուութիւնը կառավարութեան ուսերուն բեռցնելու:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ Ազգային համաձայնական մարմինը լուսանցքայնացուելու վտանգը կը դիմագրաւէ եւ գոյութիւն ունին այլ կողմեր, որոնք Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան վրայ իսկական ազդեցութիւն ունին:
Թրքական «Ուըրլտ Պուլեթին»-ը` վկայակոչելով «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ սուրիացի քիւրտ զինեալներ Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ իսլամական զինեալներու ձեռքէն յաւելեալ տարածքներ խլած են:
Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան զինեալ թեւի բանբեր Ռետուր Խալիլ յայտնած է, որ քիւրտ զինեալները Ռասուլ Այն քաղաքն ու զայն շրջապատող բոլոր գիւղերը առած են իրենց վերահսկողութեան տակ:
Ըստ Մարդկային իրաւանց հսկողութեան սուրիական կեդրոնին, քիւրտերը շրջանին մէջ առնուազն 19 գիւղեր գրաւած են: Ան ընդգծեց, որ իսլամականները չեն նահանջած, այլ պարտութեան մատնուած են:
Քայիտայի առնչակից Ժապհաթ Նուսրայի մէկ բանբերը յայտնած է, որ իսլամական զինեալները առանց կռուելու նահանջած են` նշելով, որ զինեալները ճակատին վրայ մնալ համոզելու դժուարութիւններ գոյութիւն ունին: Իսլամականները Թել Ապիատ նահանջած են, եւ ըմբոստներու աղբիւրներ կը նշեն, որ այդտեղ եւս քիւրտերուն հետ բախումներ տեղի կ՛ունենան:
Խալիլ յայտնեց, որ քիւրտ զինեալները Թել Ապիատի վրայ եւս պիտի գրոհեն: «Այնքան ատեն որ անոնք այդտեղ են` մեր շրջանները կը վտանգեն: Մենք Թել Ապիատի եւ Ռասուլ Այնի միջեւ բոլոր տարածքը մեր վերահսկողութեան տակ պիտի առնենք»:

