Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի յայտարարութիւնները մերժելի են, որովհետեւ անոնք Լիբանանի ներքին հարցերուն միջամտութիւն կը նկատուին:
Նշենք, որ Քերրի վերջերս յայտարարած էր, որ պէտք է արգիլել Հըզպալլային` Լիբանանի ապագան ճշդելէ:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մուսթաքպալ հոսանքի աղբիւրներէն, նշեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի այս տարուան ընթացքին պիտի չվերադառնայ Լիբանան, իսկ վարչապետ Թամմամ Սալամ պիտի կազմէ Լիբանանի կառավարութիւնը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Աուար շեշտեց, որ Լիբանան վարչակարգի տագնապ մը կը դիմագրաւէ` աւելցնելով, որ նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ պէտք է կազմէ կառավարութիւնը եւ կամ հրաժարի իրեն յանձնուած պաշտօնէն:
ԸՍՏ քուէյթեան «Սիասա» օրաթերթին, Հարաւային արուարձաններուն մէջ Հըզպալլայի հարիւրաւոր անդամներ կը հսկեն ապահովութեան` նկատի ունենալով Աշուրայի յատուկ հաւաքոյթները:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթ զարմանք յայտնեց, որ մինչեւ օրս կարելի չէ եղած կառավարութիւն մը կազմել` աւելցնելով, որ Հըզպալլա ահաբեկչութեան մեղսակից է:
ԱՐԱԲԱԿԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան տեղեկատու գրասենեակի պատասխանատու Ապտել Լաթիֆ Սալեհ շեշտեց, որ Ժապալ Մըհսենէն մինչեւ Նուր հրապարակ քայլարշաւ մը պիտի չկատարուի` աւելցնելով, որ իրենք ուրբաթ օրուան նամազը պիտի կազմակերպեն Նուր հրապարակին վրայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ իրենց համբերութեան բաժակը յորդած է` ընդգծելով, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Հըզպալլայի քաղաքականութիւնը կը գործադրէ եւ որոշումի տէր անձ մը չէ:
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ համախոհութեան վրայ հիմնուած որեւէ կառավարութիւն կրնայ գոյատեւել:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» տարազը հարուածելը թշնամի Իսրայէլին մատուցուած ձրի ծանուցում է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի շեշտեց, որ իրենք մաս պիտի չկազմեն կառավարութեան մը, այնքան ատեն որ Հըզպալլա Սուրիոյ մէջ կը գտնուի:

