Վարչապետ Միքաթի Կոչ Կ՛ուղղէ Խորհրդարանին Բացատրելու Ընթացիկ Աշխատանքներու Կառավարութեան Պարտականութիւնները
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կոչ ուղղեց խորհրդարանը հրաւիրելու նիստի մը` բացատրելու համար ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան պարտականութիւնները:
Վարչապետարանին մէջ Միքաթի ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի ընդգծեց, որ ինք ապահով կը զգայ Լիբանանի ելեւմտական կացութեան կայունութեան առումով, հակառակ շրջանին մէջ տիրող ներկայ տուեալներուն եւ պայմաններուն:
«Այս կայունութիւնը պիտի օժանդակէ մեզի, որ կարենանք դիմագրաւել տնտեսական բարդ պայմանները, որոնք ստեղծուած են տիրող շրջանային եւ միջազգային պայմաններուն պատճառով», ըսաւ Միքաթի:
Միքաթի զարմանք յայտնեց, որ ոմանք զինք կը մեղադրեն կառավարութիւնը նիստի չհրաւիրելու առնչութեամբ` շեշտելով, որ նոր կառավարութիւն մը կազմելու փոխարէն անոնք հրաժարեալ կառավարութիւնը պատասխանատու կը նկատեն:
Թրիփոլիի կացութեան մասին Միքաթի յայտնեց, որ բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ պարտադրուած ապահովական միջոցառումները կ՛օժանդակեն քաղաքին մէջ ապահովական կայունութեան հաստատումին եւ քաղաքացիներուն անվտանգութեան երաշխաւորման:
«Թրիփոլիի իրաւունքն է ինքզինք Լիբանանի մէկ բաժինը զգալ, իսկ ալեւի համայնքը մաս կը կազմէ Թրիփոլիի հիւսուածքին, հետեւաբար` համայնքին հասցէին ոչ մէկ ամբաստանութիւն ուղղուած է», ըսաւ Միքաթի:
Այս շրջագիծին մէջ, Միքաթի շեշտեց, որ ինք ոչ մէկ հարց կը տեսնէ, որ Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Ալի Իտ ներկայանայ դատախազին մօտ եւ հարցաքննութեան ենթարկուի` նկատի ունենալով, որ ան կը հերքէ իր կապը` Թաքուա մզկիթին պայթումը գործած եւ փախուստ տուած Ահմետ Մըրհիին հետ:


