Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Նիստ. «Կարելի Չէ Անիշխանութիւնը Շարունակել, Իսկ Բոլորս Ստիպուած Ենք Լուծումները Գտնել»
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:
Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ լիբանանցիները պէտք է պահեն իրենց բազմազանութիւնը` նկատի ունենալով, որ ծայրայեղութիւնը կը սպառնայ թէ՛ քրիստոնեաներուն եւ թէ՛ իսլամներուն: «Սակայն Արեւելեան քրիստոնեայ հանդիպումը զգուշացման փողեր հնչեցուց», ըսաւ Քանաան` շեշտելով, որ հանդիպումը շատ յաջող եղած է եւ արծարծած շրջանին դիմագրաւած հարցերն ու աղէտները:
Քանաան հաստատեց, որ կարելի չէ կառավարական առումով անիշխանութիւնը շարունակել` ընդգծելով ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան կողմէ արտակարգ նիստեր գումարելու կարեւորութիւնը: «Արդեօք «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին մասնակցութիւնը կառավարութեան կողմէ արտակարգ նիստի մը գումարումը չ՛ենթադրե՞ր», հարց տուաւ ան:
Անդրադառնալով Թրիփոլիի մէջ տիրող կացութեան` Քանաան շեշտեց, որ կարելի չէ Թրիփոլին 200 զինեալի գերին դարձնել:
Քանաան վերահաստատեց Տէյր Քալաայի դռնփակ հանդիպումէն բխած բանաձեւերը, որոնց համաձայն, անիշխանութիւնն ու հանրապետութեան նախագահին պաշտօնավարութեան երկարաձգումը մերժելի են:

