Դատական Գիտութիւններու Հիմնարկի Հիմնադրութեան Յիսնամեակի Նշում

Յոբելենական հանդիսութենէն պահ մը

Երէկ յետմիջօրէին Լիբանան նշեց Դատական գիտութիւններու հիմնարկի հիմնադրութեան յիսնամեակը, որուն ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ, արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Շաքիպ Քըրթպաուի, Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ դատաւոր Ժան Ֆահըտ, երեսփոխաններ, դատաւորներ, իրաւաբաններ եւ պատասխանատու այլ անձնաւորութիւններ:

Հանդիսութեան բացումը կատարեց դատաւոր Ժան Ֆահըտ. ան ըսաւ, որ եթէ դատական իշխանութիւնը ժողովրդավարութիւնը բաղկացնող տարր մըն է, ապա պէտք է բարելաւել այդ մարզը եւ սրբագրել արձանագրուած բացթողումները:

Ֆահըտ համոզում յայտնեց, որ դատական իշխանութիւնը իր դերակատարութիւնը կրնայ կատարել միայն երբ անոնք անկախ են եւ կ՛ամբողջանան գործադիր ու օրէնսդիր իշխանութիւններուն հետ:

Ան կոչ ուղղեց Դատական գիտութիւններու հիմնարկը աւարտած 46 դատաւորներ անդամ դարձնել դատաւորներու անձնակազմին` հաստատելով հիմնարկին բացառիկ դերակատարութիւնը:

Ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն դատական իշխանութեան եւ դատաւորներուն նկատմամբ յաւելեալ վստահութիւն տածելու:

Իր կարգին, Քըրթպաուի շեշտեց, որ անհրաժեշտ է դատական մարմինին սխալները ուղղել` աւելցնելով, որ այդ մէկը ամօթ չէ, որովհետեւ դատաւորներն ալ մարդ արարածներ են:

Քըրթպաուի ընդգծեց դատաւորին պարկեշտ եւ անկախ ըլլալու յատկանիշները` հաստատելով, որ միայն նման դատախազ մը կրնայ արդար վճիռներ արձակել` առանց հարցերը քաղաքականացնելու:

Հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ հանրապետութեան նախագահին արտասանած խօսքով, որուն մէջ ան անհրաժեշտ նկատեց երկրին  ժողովրդավարութեան սիւները պատասխանատուներուն իսկ ձեռամբ չքանդելու գիտակցութիւնը` դիտել տալով, որ այդ արարքները կը գործուին պոյքոթի կեցուածքներով:

Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց արդարութեան փայտով հարուածելու` սարսափեցնելու համար ոճրագործները:

«Մենք պէտք է ամբողջ աշխարհին փաստենք, թէ արժանի ենք իւրայատուկ վարչակարգ ունեցող այս երկրին», ըսաւ նախագահ Սլէյման:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )