Նախագահ Սլէյման Քննարկեց Առողջապահական Հարցեր

Նախագահ Սլէյման եւ Ալի Հասան Խալիլ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան որդեգրած այն դասաւորումները, որոնք կ՛արգիլեն տարբեր հիւանդութիւններու տարածումը, յատկապէս մեծ թիւով գաղթականներ հիւրընկալող շրջաններուն եւ անոնց մօտակայ շրջաններուն համար:

Նախագահ Սլէյման գնահատեց տարուած աշխատանքը, ինչպէս նաեւ Խալիլի հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական եւ ապահովական բեմը յուզող հարցերն ու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ նախկին նախարարներ Քարամ Քարամ եւ Մոհամետ Շաթահ, որոնք քննարկեցին երկրին ներքին իրադարձութիւնները:

Նախագահ Սլէյման ստացաւ նաեւ հրաւէր մը` ներկայ գտնուելու հանրապետութեան նախկին նախագահ Ռընէ Մուաուատի նահատակութեան յիշատակին նուիրուած ձեռնարկի մը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )