Նուր Հրապարակին Վրայ Նամազ Կատարելու Արաբական Ժողովրդավարական Կուսակցութեան Պահանջը Պիտի Մերժուի՞
Հիւսիսային Լիբանանի նահանգապետը կ՛ուղղուի մերժելու Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան կողմէ ներկայացուած այն պահանջը, որուն համաձայն, Ժապալ Մըհսենի մուտքէն մինչեւ Ապտել Համիտ Քարամէ հրապարակ խաղաղ քայլարշաւ մը եւ Նուր հրապարակին վրայ նամազ մը պիտի կատարուի ուրբաթ, 8 նոյեմբեր 2013-ին:
Այս առումով Պապ Թըպպանէի հեղինակութիւններն ու շրջաններուն զինուորական պատասխանատուները Հարպա մզկիթին մէջ գումարեցին նիստ մը, որուն ընթացքին համաձայնեցան կիրակի, 10 նոյեմբերին Ռաշիտ Քարամէի անուան համալիրին մէջ փառատօն մը կազմակերպել` պահանջելու համար Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան լուծարքը:
Դատական առումով զինուորական ատեանին մէջ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, նախկին երեսփոխան Ալի Իտը եւ անոր թիկնապահ Ահմետ Ալին ամբաստանեց դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած յանցագործները պաշտպանելու եւ անոնց փախուստի ճամբայ ապահովելու յանցանքով:
Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան քաղաքական հարցերու պատասխանատու Ռիֆաաթ Ալի Իտ շեշտեց, որ անկարելի է, որ Ալի Իտ հարցաքննութեան ենթարկուի:
Նշենք, որ Թրիփոլիի մէջ երէկ տիրեց զգուշաւոր հանդարտութիւն, իսկ բանակը հսկեց շրջանին ապահովութեան` պահելով իր անցարգելները, խստացնելով իր շրջուն ջոկատներուն հսկողութիւնը եւ մերթ ընդ մերթ յանցագործներ ձերբակալելով: