«Ապահովութեան Ուժերուն Պարտականութիւնն Է Թրիփոլիի Կացութիւնը Հակակշիռի Տակ Առնել» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ակնարկեց Արեւելեան քրիստոնեայ հանդիպումին, Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական իրադարձութիւններուն, ապահովական կացութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապին եւ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին Լիբանանի մասնակցութեան:

Անդրադառնալով Արեւելեան քրիստոնեայ հանդիպումին` Յ. Բագրատունի ողջունեց զայն նշելով, որ այդ հանդիպումին օգտագործուած լեզուն լիբանանեան էր, դրական, չափաւորական, երկխօսութեան բնոյթ ունեցող, յաւելեալ միասնականութեան եւ լիբանանեան պետութեան ամրապնդումին կոչ ուղղող, ինչպէս նաեւ Արեւելքի զաւակներուն ինքնութիւնը պահպանելու հրաւիրող:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Արեւելեան քրիստոնեայ հանդիպումը տակաւին շարք մը աշխատանքներ ունի կատարելիք` անոր մշակած եւ յայտարարած փաստաթուղթին կողքին:

«Հանդիպումին կարեւորութիւնը կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, որ անիկա Կոստանդնուպոլսոյ տապալումէն դարեր ետք առաջին անգամ ըլլալով իր շուրջ համախմբեց Արեւելքի քրիստոնեաները, որոնք ոչ միայն քրիստոնեայ համայնքին վերաբերող հարցեր քննարկեցին, այլեւ` Արեւելքին վերաբերող հարցեր», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ Լիբանանն ու Լիբանանի քրիստոնեաները երաշխիք են Արեւելքի քրիստոնեաներուն գոյատեւումին, «հետեւաբար` կարելի չէ մերժել այս ճշմարտութիւնը եւ պէտք է մնայուն կերպով կրկնել, թէ Լիբանանի քրիստոնեայ հանրապետութեան նախագահը երաշխիք է ամբողջ Արեւելքի քրիստոնեաներուն», յայտնեց ան:

Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու գոյութեան սպառնացող վտանգներուն մասին խօսելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ անոնցմէ առաջինը Իսրայէլն է, որուն պատճառով Երուսաղէմը այսօր քրիստոնէական իր յատկանիշը կորսնցուցած է: Ան աւելցուց, որ երկրորդ պատճառը ժողովրդագրական վտանգն է` նկատի ունենալով քրիստոնեայ բազմութիւններուն գաղթը, իսկ երրորդը քրիստոնեայ եւ ոչ քրիստոնեայ քաղաքացիներուն դիմագրաւած խնդիրն է Տահեշի, Նուսրայի եւ այլ հաւատադրժողական շարժումներուն կողմէ:

Լիբանանի փոքրամասնութիւններուն վերաբերեալ իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ բոլորը պէտք է գիտնան, թէ Լիբանանի մէջ բոլորը փոքրամասնութիւններ են:

Լիբանանահայութեան իրաւունքներուն մասին Յ. Բագրատունի նշեց, որ «Լիբանանի մէջ տիրող համայնքային այս դրութեան շրջագիծին մէջ իւրաքանչիւրը ունի իր իւրայատկութիւնը, եւ իբրեւ լիբանանահայութիւն մենք կը պահանջենք մեր իւրայատկութիւնները յարգել, ինչպէս որ մենք կը յարգենք մնացեալ բոլոր համայնքներուն իւրայատկութիւնը»:

«Եթէ քաղաքական առումով կը խօսինք այս մասին, մենք չենք կրնար երկու լեզուներով խօսիլ: Եթէ մենք կը խօսինք խորհրդարանին մէջ ապահովուելիք երեսփոխաններուն ճշգրիտ ներկայացուցչութեան մասին, ապա չե՞նք կրնար մտածել, որ ՀՅԴ-ն լիբանանահայութեան մեծամասնութիւնը կը ներկայացնէ եւ կրնայ բոլոր երեսփոխանները ինք որոշել, հետեւաբար պէտք է ընտրաշրջանները այնպիսի ձեւով բաժնենք, որ կարգ մը լիբանանահայ երեսփոխաններ ուրիշնե՞ր որոշեն: Հայկական որոշումը պէտք է վերադառնայ լիբանանահայութեան», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ երբ քրիստոնեայ քաղաքական կուսակցութիւններու նիստի մը մասին յայտարարութիւններ կը կատարուին եւ ՀՅԴ-ն չէ մասնակցած այդ նիստին, ապա ՀՅԴ յանձնառու չի նկատուիր այդ հանդիպումէն բխած որոշումներուն նկատմամբ, նոյնիսկ եթէ այդ հանդիպումը Պքերքէի մէջ կատարուած ըլլայ:

Խորհրդարանի աշխատանքներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ողջունելի է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխաններուն կատարած հանդիպումները` քաղաքական բոլոր պլոքներուն հետ, աշխուժացնել կարենալու համար խորհրդարանի աշխատանքը:

«Խորհրդարանին աշխատանքները կարելի չէ առկախուած պահել, որովհետեւ անիկա  լիբանանցիներուն հաշուոյն գործուած ոճիր է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ աստիճանը մնայուն կերպով լայնքին բռնելու եւ հարցերուն լուծումը բարդացնելու հակում կայ:

«Պէտք է բոլորս վերատեսութեան ենթարկենք մեր ներքին քաղաքականութիւնը եւ արտաքին յանձնառութիւնները նուազեցնենք, որովհետեւ բոլորս պատասխանատու ենք Լիբանանի արձանագրած տեղքայլին», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Թըպպանէի մէջ անցեալ շաբաթավերջին Ժապալ Մըհսենի բնակիչներ փոխադրող պասին մէջ գտնուող քաղաքացիներուն դէմ գործուած քստմնելի միջադէպին ակնարկելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Ես ապրած եմ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը եւ ցաւալի յիշատակներ ունիմ այդ պատերազմէն: Եթէ Ժապալ Մըհսենի բնակիչներուն դէմ գործուած արարքը գործուի նաեւ Պապ Թըպպանէի կամ այլ շրջաններու բնակիչներուն դէմ, ապա պէտք է ըսել, որ երկրին մէջ սադրանքներէն փախուստ չկայ եւ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի քաղաքացիական պատերազմ: Հետեւաբար, բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն պարտականութիւնն է հակակշիռի տակ առնել կացութիւնը եւ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատել` նկատի ունենալով, որ ապահովութեան ուժերը պէտք չէ սպասեն քաղաքական իշխանութիւններուն հովանաւորութեան, որովհետեւ անոնց դերակատարութիւնը սահմանադրութեամբ յստակ է»:

Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Լիբանանի որդեգրած չէզոք կեցուածքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ չէզոք կեցուածք չի նշանակեր հեռու մնալ շրջանին ճակատագիրը որոշող զարգացումներէն, հանդիպումներէն եւ բանակցութիւններէն:

Այս ծիրին մէջ, երեսփոխան Բագրատունի մաղթեց, որ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը կայանայ` պաշտպանելով սուրիացի ժողովուրդին իրաւունքները:

Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին Լիբանան պէտք է աշխուժ մասնակցութիւն ունենայ, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ դէպի Լիբանան սուրիացի գաղթականներուն հոսքը եւ անոր արձանագրելիք զարգացումները իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան ներքին լիբանանեան կեանքին վրայ` քաղաքական, տնտեսական, ժողովրդագրական եւ ընկերային առումով:

Յ. Բագրատունի հարցազրոյցը եզրափակեց ընդգծելով Լիբանանի մէջ Ազգային երկխօսութեան վերսկսելու անհրաժեշտութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )