Երեւանի Կեդրոնին Մէջ Բախումներ` Ոստիկաններու Եւ Ցուցարարներու Միջեւ. Բազմաթիւ Քաղաքացիներ Ձերբակալուեցան
Երէկ Երեւանի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցան բուռն բախումներ դիմակաւոր ցուցարարներու եւ ոստիկանութեան միջեւ:
Բերման ենթարկուեցան 20 ցուցարարներ: Համաշխարհային մակարդակով տեղի ունեցող դիմակաւորներու ցոյցին երեւանեան դրսեւորումը եղող դէպի նախագահական նստավայր կատարուելիք երթին սկսելէն առաջ երթի կազմակերպիչ Շանթ Յարութիւնեան, որ քանի մը օր է ի վեր «Ես յեղափոխութեան կը սկսիմ» պաստառին ներքեւ նստացոյց կը կատարէր, յայտարարեց, որ իրենց մէջ սադրիչներ կան եւ զգուշացուց անոնց ոչինչ ձեռնարկել: Քանի մը վայրկեանէն 100-էն աւելի ցուցարարներ երթով Ազատութեան հրապարակէն քալեցին դէպի Մաշտոցի պողոտայ:
Այստեղ արդէն անոնց հետ գտնուող քանի մը սեւազգեստ անձեր փորձեցին խանգարել, որուն ակնարկելով Յարութիւնեան յայտարարեց, թէ վերջիններս սադրիչներ են: Յարութիւնեանի աջակիցները այնտեղ սկսան մահակներով հարուածել` ամբողջովին արիւնլուայ դարձնելով քաղաքացի մը: Ոստիկանութիւնը միջամտեց, որմէ ետք Յարութիւնեան իր աջակիցներուն հետ սկսաւ մահակներով հարուածել նաեւ ոստիկաններուն: Այնուհետեւ սկսան պայթեցնել պայթուցիկները, որոնք ցուցարարները հաւանաբար իրենց գրպաններուն մէջ պահած էին:
Պայթուցիկները ուժեղ ձայն եւ լոյս կ՛արձակէին, բախումը ոստիկաններուն եւ ցուցարարներուն միջեւ կը շարունակուէր: Ոստիկանութիւնը չէր կրնար իրավիճակը հսկել, քանի որ ցուցարարները թիւով աւելի շատ էին եւ կը յարձակէին: Ցուցարարներու թիւը սկսաւ աւելնալ, եւ Մաշտոցի պողոտայի այդ հատուածին մէջ երթեւեկութիւնը ամբողջովին դադրեցաւ:
Մօտ տասը վայրկեան ետք ոստիկանութեան յատուկ ջոկատայինները հասան, ինչպէս նաեւ հարիւրէն աւելի կարմիր գլխարկաւորներ, որոնք սկսան ցուցարարները զանգուածաբար ձերբակալել:
Այնտեղ կը գտնուէր նաեւ ոստիկանապետի առաջին տեղակալ Յունան Պօղոսեան: Երեւանի ոստիկանապետ Աշոտ Կարապետեան, որ նոյնպէս այնտեղ էր, պատասխանելով «Ազատութեան» հարցումին, թէ ոստիկանութիւնը որքա՞ն ուժեր կեդրոնացուցած է, յայտնեց, որ բերած են «համապատասխան ուժեր, որպէսզի կանխուի անկարգութիւնը»:
Աւելի ուշ ոստիկանութիւնը յայտարարեց, որ դէպքին վայրին մէջ յատուկ գօտի կը սահմանէ: Փակուեցաւ նաեւ Մաշտոցի պողոտայի մայթի հատուածը:
Ոստիկանութիւնը տեղի ունեցածին առնչութեամբ տարածեց հաղորդագրութիւն մը, ուր կը նշուի, որ 20-էն աւելի անձեր բերման ենթարկուած են, կան նաեւ վիրաւոր ոստիկաններ: Վիրաւորներ կան նաեւ ցուցարարներուն մէջ:
Ոստիկանութիւնը յայտարարութիւն տարածեց բերման ենթարկուած քաղաքացիական գործիչ Շանթ Յարութիւնեանի վերաբերող միջադէպին առնչութեամբ: Յայտարարութեան մէջ մասնաւորաբար կ՛ըսուի, որ Յարութիւնեան եւ անոր կողմնակիցները չեն ենթարկուած ոստիկանութեան օրինական պահանջներուն, այդ պատճառով ալ բերման ենթարկուած են:
«Արդէն քանի օրէ ի վեր` Շանթ Յարութիւնեան բռնութեան կոչեր կ՛ուղղէր Ազատութեան հրապարակին վրայ: Ոստիկանութիւնը բազմիցս զգուշացուցած էր դադրեցնել անխոհեմ պահուածքը եւ անօրինական գործողութիւններու մղելու կոչերը: Այսօր եւս ոստիկանութեան ներկայացուցիչները Յարութիւնեանին ու անոր կողմնակիցներուն յորդորեցին զերծ մնալ հակաիրաւական վարքագիծ դրսեւորելէ, սակայն անոնք չեն ենթարկուած ոստիկաններու օրինական պահանջներուն, աւելին` ժամը 17:10-ի սահմաններուն մէջ, մահակներով ու ձողերով զինուած, դուրս եկած են Ազատութեան հրապարակէն` յայտարարելով, որ կը ցանկան երթ կատարել», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Իրաւապահները կը պնդեն, թէ ոստիկանութեան ներկայացուցիչները երթի մասնակիցներուն կրկին յորդորած են չխախտել հասարակական կարգը եւ պարպել Մաշտոցի պողոտայի երթեւեկելի հատուածը, սակայն «անոնք իրենց գրպաններէն հանած են քարերով լեցուած ինքնաշէն պայթուցիկներ եւ գետնին հարուածելով` սկսած են պայթեցնել»:
«Ոստիկանութիւնը վերակարգերը յաջողած է կարգի հրաւիրել օրինազանցները եւ պարպել պողոտան: 20-է աւելի օրինազանց բերման ենթարկուած են ոստիկանութեան բաժին: Կան տուժած ոստիկաններ: Կը կատարուի դէպքի վայրի զննութիւն: Տուժածներու եւ բերման ենթարկուածներու մասին լրացուցիչ տեղեկութիւններ պիտի փոխանցուին», հաղորդեց ոստիկանութիւնը:

