Անգարա Կը Խուսափի «Խոջալուի Ցեղասպանութեան Թանգարան» Բանալէն
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները մերժած են Քըզըլճըհամամ քաղաքի քաղաքապետարանի Թուրքիոյ մայրաքաղաքին մէջ «Խոջալուի ցեղասպանութեան թանգարան» բանալու առաջարկը:
Քաղաքային իշխանութիւնները չեն ուզած «ցեղասպանութիւն» բառը օգտագործել` դիւանագիտական բարդութիւններէն խուսափելու համար: Այդ պատճառով ալ Անգարայի ղեկավարութիւնը առաջարկած է թանգարանին համար այլ անուանում ընտրել:
Թանգարանը կը կառուցուի Ազրպէյճանի կառավարութեան աջակցութեամբ, «Խոջալու» այգիին մէջ, եւ անոր բացումը կը նախատեսուի 26 փետրուար 2014-ին:
Հաւանաբար թանգարանը վերանուանուի «Ողբերգութեան թանգարան» կամ այդպիսի մէկ այլ բան:
CATEGORIES Հայկական