Հայաստանի Ճատրակի Հաւաքականները Այսօր Կը Մեկնին Վարշաւա

Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը (Armchess.am) կը հաղորդէ, որ այսօր` չորեքշաբթի, 6 նոյեմբերին, Վարշաւա (Լեհաստան) կը մեկնին Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց ճատրակի ազգային հաւաքականները` իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար 8-17 նոյեմբերին տեղի ունենալիք Եւրոպայի ճատրակի խմբային ախոյեանութեան:

Նշենք, որ հայրենի երկու կազմերը նախանցեալ օր աւարտեցին իրենց վերջին պատրաստութիւններն ու փորձերը, որոնք տեղի ունեցան Ծաղկաձորի մէջ:

Տղոց հաւաքականին մաս կը կազմեն Արոնեան, Մովսիսեան, Յակոբեան, Սարգիսեան եւ Պետրոսեան, իսկ աղջկանց հաւաքականին` Դանիէլեան, Մկրտչեան, Կալոյեան, Քուրսովա եւ Հայրապետեան, կ՛եզրափակէ Armchess.am:

Share this Article
CATEGORIES