ՀՄԸՄ Անթիլիասի Ֆութպոլի Խումբը Տիրացաւ «Աբօ Նենեճեան» Ֆութպոլի Մրցաշարքի Բաժակին

 

 

 

 

 

 

 

Շաբաթ, 2 եւ կիրակի, 3 նոյեմբեր 2013-ին, հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի երկրորդական խումբերու ֆութպոլի յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ «Աբօ Նենեճեան» միջմասնաճիւղային ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքը ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ:

Սոյն մրցաշարքը կազմակերպուած էր իբրեւ նախաքայլ եւ պատրաստութիւն 16 նոյեմբերէն սկսեալ տեղի ունենալիք միջմասնաճիւղային ֆութպոլի խումբերու ախոյեանութեան:

ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբի նախկին մարզիկներէն Աբօ Նենեճեանի մահուան  գուժէն ետք Շրջանային վարչութեան որոշումով մրցաշարքը կոչուեցաւ մահացած եղբօր անունով` առ ի գնահատանք տարիներու իր վաստակին:

Մրցաշարքին բացումը կատարուեցաւ շաբաթ, 2 նոյեմբեր 2013-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի եւ Պաուշրիէի մասնաճիւղերու խումբերուն միջեւ տեղի ունեցած մրցումով: Յանձնախումբին անունով բացման խօսք արտասանեց Խաչիկ Պէրպէրեան, որ անդրադարձաւ Աբօ Նենեճեանի ունեցած մարզական կեանքին` ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբին մէջ:

Մրցաշարքի բացման մրցումին ազդանշանը տրուեցաւ հանգուցեալ Աբօ Նենեճեանի եղբօր` Կիրակոս Նենեճեանի կողմէ, ապա մրցաշարքը ընթացք առաւ:

Շաբաթ օր տեղի ունեցած մրցումներուն թեքնիք արդիւնքները.

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – ՀՄԸՄ Պաուշրիէ 7-4
ՀՄԸՄ Անթիլիաս – ՀՄԸՄ Ժտէյտէ 5-2

Մրցումները շարունակուեցան կիրակի օր` հետեւեալ ձեւով.

ՀՄԸՄ Ռաուտա – ՀՄԸՄ  Թրիփոլի                 13-1
ՀՄԸՄ Այնճար – ՀՄԸՄ Պէյրութ                        3-2

Կիսաւարտական.

ՀՄԸՄ Անթիլիաս – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ        5-2
ՀՄԸՄ Ռաուտա – ՀՄԸՄ  Այնճար                     3-1

Նախքան աւարտական մրցումը, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի երկրորդական խումբերու յանձնախումբին խօսքը արտասանեց Սերուժ Չամիչեան, որ հաստատեց, որ «այսօր յաղթող կամ պարտուող խումբ պիտի չըլլայ, որովհետեւ ինչ որ ալ ըլլայ մրցումին արդիւնքը, ՀՄԸՄ-ն է յաղթականը»: Չամիչեան յայտնեց նաեւ, որ 16 նոյեմբերին կը սկսի մասնաճիւղերու ֆութպոլի խումբերուն յատկացուած ախոյեանութիւնը:

Ապա, ներկաները դիտեցին Աբօ Նենեճեանի ֆութպոլի ասպարէզին մասին պատրաստուած սլայտներու ցուցադրութիւնը:

Աւարտական մրցում.

ՀՄԸՄ Անթիլիաս – ՀՄԸՄ Ռաուտա 2-1

Մրցումի աւարտին տեղի ունեցաւ մետալներու տուչութիւն: Մրցաշարքին երկրորդ հանդիսացած Ռաուտայի խումբին մարզիկներուն մետալատուչութիւնը կատարեց Աբօ Նենեճեանի քոյրը` Լենա Նենեճեան, իսկ Անթիլիասի մարզիկները իրենց մետալները ստացան ձեռամբ Կիրակոս Նենեճեանի:

Աւարտին,  ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան  մրցաշարքին բաժակը յանձնեց ախոյեան հանդիսացած ՀՄԸՄ Անթիլիասի խմբապետ Ալեքս Քէօսէեանի:

Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ հրավառութեամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES