Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Մի՛ մտահոգուիք ձեր կատարելիք աշխատանքին տարողութեամբ: Ձեր ուժը կը բաւէ իրագործելու ձեր ստանձնած գործերը, առանց ուրիշին օգնութեան:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր դրամական հարցերը հաւասարակշռելու առիթներ պիտի ունենաք: Ձեր ենթադրած դժուարութիւնները պիտի չունենաք` շնորհիւ փորձառու անձի մը օգնութեան:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Երկար ատենէ ի վեր կը մտածէիք իրագործել ծրագիր մը, բայց արգելքներ կ՛ունենայիք: Այսօր անակնկալ հանդիպումի մը շնորհիւ պիտի իրագործէք ձեզ մտատանջող նպատակը ամենայն հանդարտութեամբ:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ուշադիր եղէք կլիմայի փոփոխութեան: Մասնաւորաբար տաք վայրերէն դուրս գալու պահուն ծածկուեցէք, ինչպէս նաեւ հեռու կեցէք հարբուխ ունեցող անձերէ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեզի պիտի առաջարկուի գործ մը, որ թէեւ անսպասելի էր, բայց պիտի ընդունիք կատարել, որովհետեւ ձեր ասպարէզին կը վերաբերի: Կ՛օգտուիք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Շարունակեցէք ձեր ծրագիրը իրագործելու այն աշխատանքը, որ թէեւ անմիջական արդիւնք պիտի չտայ, բայց կարճ ժամանակ մը ետք շատ կ՛օգտուիք :

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Երազելը անշուշտ որ լաւ է, ծրագիրներ մշակելու կ՛առաջնորդէ. այսուհանդերձ, ներկայիս ձեր ոտքերը ամուր դրէք գետին, եղէք գործնական:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ներողամիտ ըլլալը խաղաղ կը պահէ ձեր հոգին, ուրեմն ներեցէք այն անձին, որ բաւական դժուարութիւն տուած է ձեզի անարդարութեամբ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ հանդիպիք ինքնահաւան անձի մը, մի՛ պատասխանէք անոր անհաճոյ առաջարկներուն: Նման բացասական կեցուածքներէ հարկ է դասեր քաղել:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր բարեացակամ վերաբերումը պիտի գնահատուի: Լուրեր պիտի ստանաք կարգ մը անձերէ, որոնց վերջերս եղած էք օգտակար նիւթապէս եւ մանաւանդ բարոյապէս:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Յայտնեցէք ձեր միտքը ձեր վարպետին կամ տնօրէնին, եթէ ունիք յատուկ պահանջներ: Եթէ անտարբերութիւն մը կը նկատէք, պահանջեցէք: Կ՛օգտուիք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր մուրհակները վճարելու ժամանակը լաւ միտք պահեցէք: Մոռացում մը անհաճոյ խնդիրներ կը ստեղծէ: Պարտաճանաչ ըլլալը պարկեշտութիւն է:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )