50 Տարի Առաջ (7 Նոյեմբեր 1963)
Ազգային Կեանքը Նոր Սիսի Մէջ
Նոր Սիսի հայութիւնը անցեալ կիրակի ապրեցաւ յիշատակելի տօնական օր մը, շնորհիւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդին մէկ գեղեցիկ կարգադրութեան:
Արդարեւ, կիրակի, 27 հոկտեմբեր 1963-ի առտու կանուխէն թաղիս հայութիւնը խռնուած էր արդէն Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, հետեւելու կրօնական հոգեպարար արարողութեանց, որոնց կը մասնակցէին քաղաքս հիւրաբար գտնուող Անուշաւան քահանայ Յարութիւնեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբաններէն` Եփրեմ աբեղայ Թապաքեան եւ Եզնիկ վարդապետ Բալայեան երեքն ալ հոգեւոր հունձքը` թաղիս ազգայնաշունչ նոր սերունդին:
Պատարագիչն էր Անուշաւան քահանայ Յարութիւնեան: Յաւարտ Ս. պատարագի, յաւուր պատշաճի հոգեշունչ քաղոզ մը տուաւ Եփրեմ աբեղայ Թապաքեան Ս. Խաչի պատմութեան եւ իմաստի մասին:
Այս առթիւ, Թաղական խորհուրդը արարողութիւններու վերջաւորութեան ճաշկերոյթ մը տուաւ` ի պատիւ Եփրեմ աբեղայ Թապաքեանին Անուշաւան քահանայ Յարութիւնեանին, իրենց օծման եւ քաղաքս հիւրաբար գտնուելուն առիթով: Ճաշկերոյթին հրաւիրուած էին շրջանիս ազգային կազմակերպութիւններուն ներկայացուցիչները.- «Իշխան» կոմիտէն, Տիկնանց միութիւն, Նոր Սիսի ԼՕԽ-ի մասնաճիւղի վարչութիւն` Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդ, Աքսոր Գասարճեան ազգային երկսեռ վարժարանի հոգաբարձութիւն, Սիսեցի երիտասարդներու միութեան վարչութիւն եւ Յովհաննէս քահանայ Պօղոսեան:
Ճաշկերոյթին բացման խօսքը արտասանեց Թաղական խորհուրդի ատենապետ Արշակունի Ռաֆայէլեան:
Ապա խօսք առին Սիսեցի երիտասարդներու միութեան ատենապետ Սարգիս Տէմիրճեան եւ Եզնիկ վարդապետ Բալայեան` շեշտելով, թէ Նոր Սիսի հայութիւնը ներկայիս կ՛ապրի վերածնունդի բեղուն շրջան մը` նոր եկեղեցականներու պատրաստութեամբ, շինարարական աշխատանքներու կազմակերպութեամբ եւ Սիսեցի երիտասարդներու միութեան գործունէութեամբ: Եզնիկ վարդապետ Բալայեան շեշտը դրաւ, մասնաւորապէս, իմացական շարժման անհրաժեշտութեան վրայ եւ եզրափակելով իր խօսքը, ըսաւ. «Ձեռք բերուած է արդէն քաջալերելի արդիւնք մը, որով պէտք չէ՛ գոհանանք: Զայն պէտք է նկատենք սկիզբ մը` զարթօնքի այս շրջանին, վերակերտելու համար փառքը հին օրերու եւ բերելով մեր կարեւոր բաժինը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին բարգաւաճման:
Յաջորդաբար խօսք առին նաեւ Անուշաւան քահանայ Յարութիւնեան, Եփրեմ աբեղայ Թապաքեան, Յովհաննէս քահանայ Պօղոսեան, Կարօ Մխիթարեան, Ալպեր Մոմճեան, Սարգիս Կիտցինեան եւ Արամ Առաքելեան:
Եզնիկ վարդապետ Բալայեանի յաջողութեան մաղթանքներով ու աղօթքով վերջացաւ ճաշկերոյթը:
ԹՂԹԱԿԻՑ

