Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Պատկերասփիւռին Աւերները Մանուկներուն Վրայ
Պատրաստեց` ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Այսօր չկայ տուն մը, ուր պատկերասփիւռ չըլլայ: Դժբախտաբար կան տուներ, ուր երեխաներուն ննջասենեակներն ալ պատկերասփիւռով օժտուած են, եւ ծնողները տեղեակ չեն, թէ ի՛նչ աւեր կը գործէ պատկերասփիւռը յատկապէս 3 տարեկանէն վար երեխաներուն պարագային:
Հաստատուած է, որ միջին հաշուով մանուկները երեքէն երեքուկէս ժամ պատկերասփիւռ կը դիտեն, իսկ մանկաբուժներու, հոգեբաններու եւ դաստիարակներու կարծիքով, այս մտահոգիչ երեւոյթը կը պակսեցնէ մանուկներուն կեդրոնացումը եւ դիւրագրգիռ կը դարձնէ զանոնք:
Քեպեքցի գիտնականներու կողմէ վերջերս կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, որ օրական մէկ ժամէն աւելի պատկերասփիւռին առջեւ անցընող մանուկները, հետագային, դպրոցական տարիքին, սորվելու զանազան դժուարութիւններ կ՛ունենան: Նոյն այս երեխաները 10 տարեկանին կը դառնան պատկերասփիւռի գերիներ եւ դժբախտաբար կը վերածուին նստակեաց, շատակերութեան հակամէտ եւ իրենց պատեանին մէջ քաշուած արարածներու:
Քեպեքցի գիտնականները իրենց ուսումնասիրութեան աւարտին յանգած են այն եզրակացութեան որ պատկերասփիւռը`
- Կը սահմանափակէ երեխային երեւակայութիւնը:
- Կը խանգարէ երեխային կեդրոնացումը:
- Կը խանգարէ երեխային քունը:
- Կը նպաստէ գիրութեան:
- Վայրագ կը դարձնէ երեխան:
Այս բոլորը իմանալէ ետք կ՛արժէ, որ վերատեսութեան ենթարկենք երեխային սենեակը պատկերասփիւռով օժտելու մեր որոշումը:
Բոյսերու Խնամք
4 Հնարք` Առողջ Բոյսեր
Ունենալու Համար
Տան բոյսերը բծախնդիր հոգատարութեան պէտք ունին, սակայն անգամ մը որ լծուիք անոնց խնամքին, ինքնաբերաբար կը վարձատրուիք տարիներու վրայ առողջ եւ գեղեցիկ բոյսեր ապահովելով:
1. Ջուրը
Չափէն աւելի մի՛ ջրէք բոյսերը: Ջուրը կը փճացնէ արմատները եւ կը սպաննէ բոյսը: Նախքան բոյսը ջրելը` սպասեցէք, որ հողին երեսը չորնայ: Յատկապէս ձմրան պակսեցուցէք ջուրի քանակը, բայց շատ տաքցուած եւ չոր սենեակներու պարագային, սփռիչով խոնաւցուցէք տերեւները:
2.- Ջերմաստիճան
Ձեր բոյսերուն կայուն կլիմայ ապահովեցէք: Այլ խօսքով, զանոնք հեռու պահեցէք օդի հոսանքներէն եւ ջերմաստիճանի վերիվայրումներէն:
3.- Լոյսը
Բոյսերուն ապահովեցէք առողջ լուսաւորում, հեռու` արեւին ուղիղ ճառագայթներէն: Թելադրելի է, որ պատուհաններուն մօտ զետեղուած բոյսերը արեւէն պաշտպանուած ըլլան թափանցիկ վարագոյրով մը:
4.- Սնունդ
Գարունէն մինչեւ աշուն ձեր ներքին բոյսերուն համար օգտագործեցէք հեղուկ սնունդներ, քանի որ այդ շրջանին բոյսերը աճումի շրջան թեւակոխած կ՛ըլլան:
Ահաւասիկ` սովորական, դիւրին խնամքներ, զորս պէտք չէ զլանալ բոյսերուն, եթէ կ՛ուզենք առողջ եւ գեղեցիկ տեսնել զանոնք:
Լուսաւոր Գաղափարներ
Կախիչը` Խոհանոցին Մէջ
Աշխարհիս երեսին կան հնարամիտ մարդիկ: Տեսէք` որքա՛ն գործնական է այս կախիչին գործածութիւնը խոհանոցին մէջ, երբ կ՛ուզենք թերթի մէջ լոյս տեսած խոհագիր մը պատրաստել:
Կը բաւէ, որ թերթը կամ շաբաթաթերթը հաստատենք կախիչին վրայ, կախիչն ալ կախենք պահարանին բռնակէն, եւ ահա հանգիստ կ՛անցնինք մեր գործին:
Վզկապ Կապելու Հետաքրքրական Ձեւ Մը
Ահաւասիկ` երկար վզկապ մը կապելու նոր եւ հետաքրքական ձեւ մը: Կը բաւէ, որ քայլ առ քայլ հետեւիք նկարին 5 հանգրուաններուն, որպէսզի իրագործէք այս գեղեցիկ հանգոյցը:
Իրի Մը Պատմութիւնը
Կոճակը
Առաջին կոճականման իրերը յայտնուած են Ն. Ք. 3-րդ հազարամեակին:
Հին եգիպտացիները կը կրէին կոճակին շատ նման իրեր, որոնք կը խորհրդանշէին այս կամ այն լաւ արարքի պարգեւատրութիւնը: Աւելի ուշ յոյներն ու հռոմէացիները զանոնք կ՛օգտագործէին ոչ միայն որպէս զարդ ու պարգեւ, այլ նաեւ` հագուստի երկու ծայրերը իրարու միացնող յարմարանք:
Մերօրեայ կոճակներուն շատ նման իրերը ստեղծուեցան 15-րդ դարուն: Որքան ալ զարմանալի թուի, այս նորութիւնը աւելի տարածուեցաւ տղամարդոց միջավայրին մէջ: Կոճակներ կը պատրաստուէին ազնիւ մետաղներէ եւ յաճախ կը զարդարուէին թանկարժէք քարերով:
Ոսկիէ, արծաթէ կամ փղոսկրէ պատրաստուած կոճակները կը խորհրդանշէին կրողին ունեցած բարձր դիրքը հասարակութեան մէջ: Կոճակը շատ արագ դարձաւ ինչպէս ամէնօրեայ, այնպէս ալ տօնական զգեստներու անբաժանելի մասը: 17-րդ դարուն կոճակ սկսան պատրաստել փայտէ, 18-րդ դարուն` կաշիէ, 19-րդին` ապակիէ եւ այլ նիւթերէ:
Սակայն կոճակները որպէս շքեղութեան խորհրդանիշ` այդքան ալ երկար կեանք չունեցան: Շուտով ընդհանրացան սովորական նիւթերէ պատրաստուած եւ չափազանց աժան կոճակներ, որոնք գրեթէ կրկնօրինակն էին թանկարժէքներուն, սակայն արդէն` մատչելի բոլորին:
Կոճակը Առասպելաբանութեան Մէջ
Հին ժամանակ կար կարծիք, որ կոճակները մոգական յատկութիւններ ունին: Անոնք կը վախցնէին եւ մարդոցմէ հեռու կը պահէին չար ու թշնամական ուժերը:
Այդ նպատակով կոճակներուն վրայ կը տեղադրուէին մետաղի կտորներ կամ փոքրիկ քարեր, որոնք շարժումի պահուն խլացնող ձայն հանելով` պիտի պաշտպանէին մարդիկը: Այսպիսի կոճակներ կ՛ամրացուէին հագուստին եւ կոճկելու օղակներ չունէին:
Ձեռային Աշխատանք
Ներկայիս շուկայի վրայ առատօրէն կը գտնենք գեղեցիկ, գունաւոր ու մատչելի գինով կոճակներ: Անոնք ոչ միայն կը զարդարեն ու կը գեղեցկացնեն մեր հագուստները, այլեւ հետաքրքրական նիւթեր են զարդեղէններ պատրաստելու համար: Ահաւասիկ երկու նմուշ` օղեր եւ ապարանջան մը, որոնք պատրաստուած են սովորական կոճակներով:
Խոհագիր
Մարոքեան Աղցան
6 անձի համար անհրաժեշտ են.-
2 տուփ խաշած սիսեռ
150 կրամ թոմաթ սըրիզ
Կէս կանաչ պղպեղ
1 պճեղ սխտոր
Կէս կապոց թարմ անանուխ
Կէս կապոց թարմ գինձ
60 կր. սեւ ձիթապտուղ
3 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ
6 ապուրի դգալ ձէթ
Աղ
Պատրաստութիւն
Աղցանի ամանին մէջ խառնել կիտրոնի հիւթը, ձէթը ճզմուած սխտորն ու աղը:
Սիսեռները ցօղուել, քամոցէ անցընել եւ աւելցնել թացանին վրայ: Աւելցնել մանրուած կանաչ պղպեղը, կուտը հանուած սեւ ձիթապտուղները, մանրուած անանուխն ու գինձը: Խառնել եւ սառնարանը պահել առնուազն 1 ժամ:
Հրամցնելու ժամանակ աւելցնել երկուքի կիսուած թոմաթ սըրիզները:
Այս աղցանը շատ լաւ կը հարմարի խորովածներու եւ պաղ ռոզէ գինիի հետ:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ընդդէմ Օդաբանական Կայանի
Երբ մենք հանդիպենք,
Ես գիտե՛մ, թէ քեզ ինչ եմ հարցնելու:
Իսկ որոշուա՞ծ է քո պատասխանը:Երանի թէ ես
Ռատիօ-ընդունիչ կոչուած այս դեւին
Թողնէի քնած
Ու չիմանայի,
Որ փոթորիկ է վաղը սպասւում`
Օդաբանական ինչ-որ կայանի կամեցողութեամբ:
Այդ կայանները
Հազարից մէկ են ճիշդ բան գուշակում:=
Իսկ եթէ յանկարծ
Հազարից մէկը վաղը կատարուի՞…Ես գիտե՛մ, թէ քեզ ինչ եմ հարցնելու,
Երբ մենք հանդիպենք:
Իսկ դու իմ հարցին պատասխանելիս,
Տե՜ս,
Չանե՛ս այնպէս,
Որ արդարանայ
Օդաբանական կայան յորջորջուող
Մարգարէն այս սուտ:Եթէ ինձ համար դու չես էլ հոգում,
Մտածիր գոնէ աշխարհի՛ մասին.
Նա շատ է կարօտ
Մե՛ղմ-գարնանայի՛ն-երջանի՛՜կ օրուայ:
Մեղք է աշխարհը.
Քանի՜ ամիս է նա սպասում է:
Մեղք է, սիրելի՜ս,
Գէթ նրան խղճա
Իմ պատրաստ հարցին պատասխանելիս.
Քո պատասխանով,
Տե՛ս,
Որ փոթորիկ չհանե՜ս ի զուր…ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ