Գաղութէ Գաղութ

Չինաստան

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Կատարեց
Խաչքարի Բացում

 

 

 

 

 

 

 

Չինաստան կատարած այցելութեան ընթացքին Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. հանդիպումներ ունեցած է Չինաստան բնակող հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց հետ քննարկած համայնքի կազմակերպման խնդիրները: Վեհափառ հայրապետը այցելած է նաեւ տեղւոյն Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանութիւն եւ բացումը կատարած դեսպանութեան շրջակայքին մէջ հաստատուած խաչքարին:

 

Թեհրան

Հայ Մօր Նուիրուած Հանդիսութիւն

Թեհրանի հայոց թեմի ազգային իշխանութեան նախաձեռնութեամբ 3 հոկտեմբերին «Սիփան» միութեան «Նայիրի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ մօր տարուան նուիրուած դասախօսական-գեղարուեստական երեկոյ:

Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով ներկաները ողջունեց Գէորգ Աբուլեան, որ անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ հայր մօր տարուան հռչակման առիթով հրապարակուած պատգամին մէջ տեղ գտած հայ մօր կերպարին առանձնայատուկ երեք կէտերու:

Իբրեւ բանախօս Լիբանանէն հրաւիրուած էր Լիբանանի խորհրդարանի անդամ Յակոբ Բագրատունի, որ իր խօսքին մէջ հայ մօր նուիրուած բանաստեղծութիւններուն ընդմէջէն վեր առաւ հայ մօր կերպարը, անոր ունեցած սրբազան առաքելութիւնը:

«Կնոջ մայրացումը եթէ զուտ բնախօսական եւ ընթացիկ իմաստ կրնայ ունենալ ընդհանրապէս, հայութեան պարագային, սակայն այդ իմաստը ունի խորքային եւ էութենական բնոյթ` այն աստիճան, որ մեր սրբութիւններն ու մեծութիւնները առաջին հերթին պանծացուցած ենք մայր մակդիրով – Մայր Աստուածածին, Մայր Հայաստան, Մայր հայրենիք, Մայր եկեղեցի, Մայր տաճար, Մայր խորան, Մայր Արաքս ու Մայր լեզու: Ձեւով մը մեր հաւատքը, մշակոյթը, գոյութիւնն ու յաւիտենականութիւնը տեսած, այլ աւելի ճիշդը` տեղադրած ենք մօր հասկացողութեան ընդարձակ, խորքային ու բոլոր ժամանակները ընդգրկող արժէքին մէջ»:

Անդրադառնալով 21-րդ դարու քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, կենցաղային ու արժէքային փոփոխութիւններու ալիքին` Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ հայ մօր շնորհիւ է, որ կարելի է յաղթահարել ամէն տեսակի մարտահրաւէր եւ դիմակալել ամէնէն սաստիկ փոթորիկներն անգամ:

«Մօր մօտ է, որ կը թրծուի հայ մարդը:
Ան է, որ զաւակը կ՛առաջնորդէ հայ եկեղեցի:
Ան է, որ երեխան կը մղէ հայերէնով բարբառելու:
Ան է, որ ազատութեան երգը կը սորվեցնէ հայ մանուկին:
Ան է, որ հայ գիրքի փոխան սուր կու տայ հայ երիտասարդին:

Ու ա՛ն է, որ պարիսպ կը կառուցէ հայ ընտանիքին ու հայութեան շուրջ, վերածուելու ամրոցի ու դառնալու արծուեբոյն ընդդէմ ամէն տեսակի թշնամիներու, ներքին ու արտաքին, քաղաքական, նիւթական թէ բարոյական», հաստատեց Յ. Բագրատունի: Ան դիտել տուաւ, որ մայրն է սիւնը դաստիարակութեան, մայրն է հենքը իր զաւկին ամրութեան ու պողպատացման: Անոր համաձայն, ծառայութեամբ արքայանալու եւ վառելով ու հալելով ճառագայթելու հրաւէրն է հայ մայրը: «Ու մենք բոլորս միասնաբար պարտինք վառ պահել ճրագը ու հոսուն` աղբիւրը»:

Իր խօսքը եզրափակելով երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ իւրաքանչիւրս կոչուած ենք գիտակցելու այն բազում մարտահրաւէրներուն, որոնց դէմ յանդիման կանգնած է այսօր հայ մայրը, ըստ այնմ արժեւորելու զայն եւ նեցուկ կանգնելու անոր:

Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ ու հայկականութեամբ լի յայտագիր մը:

Աւարտին խօսք առաւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեանը: Թեմակալ առաջնորդը իր ելոյթը սկսաւ հետեւեալ խօսքերով. «Հոկտեմբեր ամսուան այս առաջին օրերուն, երբ մենք կը պատրաստուինք նշելու մշակոյթի ամիսը, հայ մօրը նուիրուած այս ձեռնարկը գեղեցկագոյն վկայութիւնն է մշակոյթի նկատմամբ մեր ունեցած վերաբերմունքին, որովհետեւ մեր մշակոյթին ծնունդ տուողը հայ մայրն է:

Սրբազան հայրը շեշտեց. «Հայ մայրը հայոց երկնակամարի վրայ կախուած լուսաւորչի կանթեղ է, որ կը լուսաւորէ ոչ միայն մեր միտքն ու հոգին, այլեւ ամբողջ հայ աշխարհը»:

 

Ռումանիա

Հայկական Ճազի Երեկոյ

Հոկտեմբեր 17-ին Պուքրէշի մէջ ճազային կատարումներով հանդէս եկաւ տաղանդաւոր ճազային դաշնակահար Տիգրան Համասեան: Ճազային երեկոն կազմակերպած էր «Թուին Արդս» կեդրոնը` աջակցութեամբ Ռումանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան:

Յայտագիրը կը բովանդակէր Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն կտորներ, ինչպէս նաեւ Տիգրան Համասեանի` հայրենի Գիւմրիին նուիրուած հեղինակային ստեղծագործութիւնը

Յայտնենք, որ հոկտեմբեր 16-ին Պուքրէշի ճազային ակումբներէն մէկուն մէջ հանդէս եկաւ հանրայայտ ճազային դաշնակահար Հարրի Դաւիթեան:

Ռումանահայ Մշակութային
Ժառանգութեան
Նուիրուած
Միջազգային
Գիտաժողով

Ռումանահայ մշակութային հարուստ ժառանգութեան նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս, կազմակերպութեամբ Հայաստանի եւ Ռումանիոյ մշակոյթի նախարարութիւններուն, Հայաստանի դեսպանութեան եւ ռումանական ակադեմիային, աջակցութեամբ Ռումանիոյ Հայոց միութեան եւ ռումանահայոց թեմին, 30 հոկտեմբերին Պուքրէշի մէջ Ռումանիոյ Ազգային գրադարանի մեծ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ռումանահայ մշակութային ժառանգութեան նուիրուած միջազգային գիտաժողովի բացում: Գիտաժողովին բացումը կատարեցին Ռումանիոյ մշակոյթի նախարար Տանիէլ Պարպու եւ Հայաստանի դեսպան Համլեթ Գասպարեան: Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Ռումանիոյ կառավարութեան եւ ԱԳՆ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեան եւ Ռումանիոյ Հայոց միութեան նախագահ Վարուժան Ոսկանեան:

Գիտաժողովի զեկուցումները ընդգրկեցին ռումանահայոց պատմութեան, հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան հարցեր, որոնց վերաբերեալ հաղորդումներով հանդէս եկան Ռումանական ակադեմիայի անդամներ, Հայաստանի ԳԱԱ պատմութեան եւ գրականութեան բաժանմունքներու, Հայաստանի Ազգային գրադարանի, Երեւանի Մատենադարանի, Պուքրէշի, Եաշի, Քլուժի, Կալացի շարք մը ակադեմիաներու  համալսարաններու, Լվովի եւ Քրամթորսքի (Ուքրանիա), Լայփցիկի (Գերմանիա) եւ Ֆրանսայի գիտահետազօտական հիմնարկներու հեղինակաւոր գիտաշխատողներ եւ հայագէտներ:

Արմէն Յակոբ Կրպոյեան Կ՛արժանանայ
«
Իտալիոյ Հանրապետութեան
Նախագահի
Շքանշան» Մրցանակին

Կազմակերպութեամբ արուեստի եւ մշակոյթի «Իլ քուաթրիվիօ» քառուղի շրջանակին եւ մասնակցութեամբ 20 երկիրներէ հրաւիրուած 125 արուեստագէտներու, 5 սեպտեմբերէն սկսեալ եւ մէկ ամիս տեւողութեամբ, Իտալիոյ Սոլմոնա քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ժամանակակից արուեստի միջազգային տեղւոյն 40-րդ ցուցահանդէսը:

Ցուցահանդէսի մրցանքին դատական կազմին նախագահն էր արուեստի ծանօթ քննադատ Վիթորիօ Սքարպի` իր կողքին ունենալով միջազգային չափանիշով արուեստի պատմաբան-քննադատներ` Ճորճիօ Տի Ճենովա, Մասսիմօ Փասքուալոնէ, Ճորճիօ Սեւիզօ, Քիարա Սթրոցիէրի, Տուչիօ Թրոմպատորի եւ արուեստի սոյն ձեռնարկին կազմակերպիչ ընդհանուր քարտուղար Ճայթանօ Փալոցցի:

Փակման հանդիսութեան ընթացքին Եգիպտոսի կողմէ ներկայացած հայազգի արուեստագէտ-քանդակագործ Արմէն Յակոբ Կրպոյեան արժանացաւ «Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահի շքանշան» մրցանակին:

Արմէն Յակոբի գործերը ինքնատիպ են, յատկանշուած` պարզութեամբ, կտրուկ գիծերով նպատակին ձգտող, բիւրեղ, աննիւթական ու խորհրդապաշտ: Անոր ստեղծագործութիւններէն նմուշներ կը գտնուին Գահիրէի եգիպտական Արդի արուեստի թանգարանին, Ասուանի Բացօթեայ թանգարանին, Քաթարի Արաբական արդի արուեստի թանգարանին, Պելճիքայի Պօղոսեան հիմնարկի «Վիլլա Ամփէն». կեդրոնին, Իտալական Փիէմոնթէ նահանգի Պերժէ քաղաքին կայարանամերձ կեդրոնական զբօսայգիին, Միացեալ Նահանգներու

Ֆլորիտայի «Քորալ Սփրինկզ» արուեստի թանգարանին եւ Իտալիոյ Թոսքանա նահանգին Փիէթրասանթայի Պոզեթթի թանգարանին մէջ:

Ներկայիս եգիպիտահայ արուեստագէտը կ՛ապրի եւ կը գործէ Իտալիոյ Փիէթրասանթա (սուրբ քար) քաղաքին մէջ, որ պատմութեան ընթացքին համաշխարհային մակարդակով ճանցչուած է իբրեւ «Քանդակագործութեան մայրաքաղաք»:

 

Միացեալ Նահանգներ

Տիգրանակերտի Քաղաքապետը Փրովիտընսի Մէջ

Վերջերս կարճ այցելութեամբ մը Միացեալ Նահանգներ ժամանեց Տիգրանակերտի  քաղաքապետ Ապտիւլլա Տեմիրպաշը: Ուաշինկթըն եւ Ռոտ Այլընտ այցելութեան ընթացքին ան նաեւ տեսակցութիւններ ունեցաւ հայ գաղութին հետ:

Հոկտեմբեր 10-ին Փրովիտընսի մէջ քաղաքապետը Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ, ծաղիկներ զետեղեց:  Ան յայտնեց, թէ իրենք կը խոնարհին բոլոր անոնց յիշատակին առջեւ, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին, եւ նշեց, թէ քիւրտերը 1915-ի ջարդերուն մէջ դեր մը ունեցած են: Ան ընդգծեց անցեալին հետ հաշուի նստելու անհրաժեշտութիւնը եւ կոչ ուղղեց Թուրքիոյ, որ ներողութիւն խնդրէ:

Տեմիրպաշ նոյն օրը Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ սրահէն ներս հանդիպում ունեցաւ Փրովիտընսի հայ համայնքին հետ: Օրուան հանդիսավար Անի Հարոյեանի բարի գալստեան մաղթանքէն ետք եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Կոմիտաս Ա. քհնյ. Պաղսարեան ողջունեց քաղաքապետ Տեմիրպաշի ներկայութիւնը եւ բարձր գնահատեց պատմական ճշմարտութիւնը բարձրաձայնելու անոր խիզախ կեցուածքը:

Իր կարգին քաղաքապետը խօսք առնելով` անգամ մը եւս կրկնեց Հայոց ցեղասպանութեան մէջ քիւրտերու որոշ դերակատարութիւն ունեցած ըլլալու իրողութիւնը, որուն համար ներողութիւն խնդրեց: Ան նկատել տուաւ, որ ինչ որ կ՛ընեն, իրենց խղճի պարտքն է, եւ անոր համար շնորհակալութիւն յայտնելու պէտք չկայ:

Խօսքի աւարտին Տեմիրպաշ արծաթեայ յուշանուէր մը փոխանցեց Անի Հարոյեանին:

Տիթրոյթի Մէջ ՀՕՄ–ի Նուիրուած Ձեռնարկներ

Սեպտեմբեր 28-ին Սուրբ Սարգիս Հայոց առաքելական եկեղեցւոյ յարակից «Լիլիըն Առաքելեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական երեկոյ մը, որուն ընթացքին տօնակատարուեցաւ ՀՕՄ-ի հիմնադրութեան 103-րդ եւ Շրջանային վարչութեան 70-րդ հիմնադրութեանց  տարեդարձները:

Ձեռնարկի հանդիսավարն էր  Շրջանային վարչութեան անդամ Լարա Ներսէսեան: Ան նկատել տուաւ, որ 70 տարիներ ՀՕՄ-ի «Զաւարեան» միօրեայ վարժարանը հայ լեզու, պատմութիւն եւ մշակոյթ սորվեցնող վայր մը ըլլալու կողքին, եղաւ հայկական ուրոյն միջավայր մը, ուր դաստիարակուեցան սերունդներ:

Միջվարչութեան ատենապետ Սիրվարդ Թելպելեան խօսք առնելով` յայտնեց, թէ ՀՕՄ-ը,  իր հիմնադրութեան առաջին օրէն իսկ հայ կեանքին մէջ հանդիսացած է մարդասիրական միութիւն մը: Ան նիւթապէս եւ բարոյապէս օժանդակած է եւ կ՛օժանդակէ հայ ժողովուրդի ընկերային, կրթական, առողջապահական, բարեսիրական եւ այլ կարիքներուն` քաջալերելով  հայ լեզուի ուսուցումը եւ հայեցի դաստիարակութիւնը սփիւռքի գաղութներուն մէջ: Ան նաեւ ներկայացուց Տիթրոյթի ՀՕՄ-ին եւ «Զաւարեան» միօրեայ վարժարանին գործունէութիւնը:

Գեղարուեստական յայտագրով իր մասնակցութիւնը բերաւ երգիչ Էլի Պէրպէրեան:

«Դիլիջան»-ի 9-րդ Եղանակի Բացում

Վերջերս «Զիփըր» սրահին մէջ  տեղի ունեցաւ «Լարք» երաժշտական ընկերակցութեան մէկ նախաձեռնութիւնը եղող «Դիլիջան» սենեկային երաժշտութեան համերգաշարին 9-րդ եղանակի բացում:

Յայտագիրին գլխաւոր աստղը` դաշնակի վարպետ Սվետլանա Նաւասարդեանն էր, որուն կողքին էին «Դիլիջան»-ի ծանօթ աստղերն ու այլ երաժիշտներ: Յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Մովսէս Պօղոսեան` «Դիլիջան»-ի գեղարուեստական ղեկավարը (ջութակ), Վարդի Մանուէլեան (ջութակ), Քարլա Մարիա Ռոտրիկեզ, Կիոմ Սութր (վիոլա) եւ Ռոնալտ Լէոնարտ (թաւջութակ-չելլօ):

Յայտագիրը կը բովանդակէր Պախի, Գագիկ Հովունցի, Տիգրան Մանսուրեանի, Կոմիտասի եւ Արամ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւններէն կտորներ:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Մէկ Գրասենեակը
Կ՛անուանակոչուի
Մանուշակ Մողոմոնեանի Անունով

Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը յայտարարեց, թէ առ ի շնորհակալութիւն ազգային բարերար Հրայր Սողոմոնեանի 15 հազար տոլարի նուիրատուութեան, այսուհետեւ ՀՕՄ-ի հաշուապահական բաժինի գրասենեակը, ի պատիւ առատաձեռն բարերարին մօրը, պիտի կրէ Մանուշակ Սողոմոնեան անունը` համապատասխան յուշատախտակով մը սենեակի մուտքին:

Այս առթիւ, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգի Մարաշլեան իր երախտագիտական խօսքը ուղղեց  յանուն միութեան բոլոր անդամներուն` շեշտելով այն իրողութիւնը, թէ հարիւրամեայ ՀՕՄ-ի ազգանպաստ գործունէութիւնը` սփիւռքեան թէ հայրենի տարածքներէ ներս, կարելի պիտի չըլլար իրականացնել առանց համակիր նուիրատուներու եւ բարերարներու առատաձեռն օգնութեան:

Մանաս Պուճիքեան Պիտի Ստանայ
Հայ
Դատի «Ժառանգութեան Մրցանակ»-ը

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 30 նոյեմբերին կայանալիք իր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին գործարար, խորհրդատու եւ Հայ դատի երկարամեայ ու նուիրեալ գործիչ Մանաս Պուճիքեանին պիտի յանձնուի «Ժառանգութեան մրցանակ»-ը, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին շնորհած բարձրագոյն մրցանակներէն մէկն է:

Այս որոշումը տրուած է հիմնուած այն իրողութեան վրայ, որ Մանաս Պուճիքեան վերջին աւելի քան 30 տարիներուն ընթացքին անսակարկօրէն նեցուկ կանգնած է Հայ դատի գործունէութեան, իր աշխատանքով եւ առատաձեռն օժանդակութիւններով աջակցած է անոր գործունէութեան: Ան ոչ միայն զօրավիգ կանգնած է պետական մարզին, քաղաքական կեանքին կամ լրագրութեան ասպարէզին մէջ ներգրաւուելու հետաքրքրութիւն ցուցաբերած երիտասարդներուն, այլեւ զանազան այլ միջոցներով ջանքեր ի գործ դրած է Հայ դատը ծանօթացնելու համար ամերիկեան լրատուամիջոցներուն եւ իշխանութեանց:

Մուսա Լերան Հերոսամարտի
98-
Ամեակին Նուիրուած
Տօնակատարութիւն
Եւ Մատաղօրհնէք

Վերջերս, կազմակերպութեամբ  Քալիֆորնիոյ Մուսա Լերան հայրենակցական միութեան, տեղի ունեցան Մուսա Լերան հերոսամարտի 98-ամեակին նուիրուած աւանդական տօնակատարութիւնը: «Արեւ» ճամբարի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագի եւ հոգեհանգստեան արարողութիւններ` նուիրուած Մուսա Լերան հերոսամարտի նահատակներու յիշատակին:

Տաճատ աբղ. Աշգեան իր քարոզին մէջ յայտնեց, թէ մուսալեռցիք ունեցած են հաստատուն կամք եւ կրցած են 40 օր քաջաբար պայքարիլ թշնամիին ծրագրած որոգայթներուն դէմ անվեհեր կամքով պայքարելով` պաշտպանելու համար աւանդութիւնները ու մշակոյթը: Ան հաստատեց, թէ Մուսա Լերան հերոսամարտը մեր պատմութեան պանծալի էջերէն է, կոչ ուղղելով նորահաս սերունդին` օրինակելի հետեւորդները ըլլալու մեր վեհանձն պապերուն:

Ս. պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Նարեկ քհնյ. Շրգեան խօսք առնելով` ներբողեց արժանիքները ու փառաբանեց մուսատաղցիներու քաջարի սերունդին` յորդորելով նոր սերունդը հետեւելու հերոսներու ուղիին ու կատարած առաքինութիւններուն, որոնց շնորհիւ այսօր կը գոյատեւեն մեր եկեղեցին ու մշակոյթը:

Այնուհետեւ եկեղեցւոյ սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան:

«Սուրբ Սահակ–Սուրբ Մերոպ» Շքանշան`
Արտեմ
Սարգսեանի

Հոկտեմբեր 6-ին առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, մատուցուեցաւ Ս. պատարագ:

Պատարագի ընթացքին Տաճատ ծ. վրդ. Եարտըմեան կարդաց Գարեգին Բ. վեհափառ հայրապետին կողմէ յղուած կոնդակը, ուր նշուած էր, թէ Արտեմ Սարգսեանի պիտի յանձնուի «Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ»շքանշանը:

Կոնդակի ընթերցման աւարտին սրբազան հայրը «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշանը յանձնեց մեծարեալին, ապա անդրադարձաւ Սարգսեանի երկարամեայ եւ բազմակողմանի ծառայութիւններուն:

Պատարագի աւարտին առաջնորդարանի «Զօրայեան» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Հանդիսավար Հրաչ Սեփեթճեան կատարեց բացումը եւ ապա կարդաց իր հօր` Արամ Սեփեթճեանի կողմէ Լիբանանէն յղուած շնորհաւորագիրը` ուղղուած Արտեմ Սարգսեանին:

Տոքթ. Մինաս Գոճայեան հանգամանօրէն ներկայացուց Արտեմ Սարգսեանը եւ նշեց անոր կատարած գնահատելի ծառայութիւնները` զանազան մարզերէ ներս: Փրոֆ. Օշին Քէշիշեան իր սրտի խօսքը ուղղեց եւ գիրքէ մը մէջբերում կատարեց Արտեմ Սարգսեանի մասին: Ապա մեծարեալը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, որ զինք պարգեւատրած էր «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշանով: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին, որ միջնորդութիւն կատարած էր` խնդրագիր յղելով վեհափառ հայրապետին, եւ յայտնեց, որ պիտի շարունակէր աստուածատուր իր առաքելութիւնը` նուիրուելով հայ գիրին ու մշակոյթին:

Փակման խօսքը կատարեց սրբազանը, որ անգամ մը եւս շնորհաւորեց մեծարեալը, անդրադարձաւ իր բազմակողմանի կարողութիւններուն:

 

Արժանթին

«Գայեանէ» Պարախումբին Ելոյթը

 

 

Հոկտեմբեր 15-ին Պուէնոս Այրեսի «Նասիոնալ» թատրոնի սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ Արժանթինահայ մշակութային միութեան հայկական ժողովրդական եւ ազգագրական պարերու «Գայեանէ» պարախումբը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES