Մաշտոցի Պողոտային Վրայ Տեղի Ունեցած Բախումներուն Առիթով Քրէական Գործ Յարուցուեցաւ
Հայաստանի ոստիկանութիւնը քրէական գործ յարուցեց 5 նոյեմբերին Ազատութեան հրապարակին եւ Մաշտոցի պողոտային վրայ տեղի ունեցած անկարգութիւններու փաստին առիթով: Այս մասին նշուած է Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան հասարակութեան հետ կապերու եւ լրատուութեան վարչութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ, ուր, մասնաւորապէս, ըսուած է. «Նոյեմբեր 5-ին` ժամը 17:10-ի մօտ, Ցեղակրօն կուսակցութեան ղեկավար Շանթ Յարութիւնեան իր խումբ մը կողմնակիցներուն հետ, մահակներով ու ձողերով զինուած, փորձած են երթ կատարել Ազատութեան հրապարակին վրայ:
Ոստիկանութեան ներկայացուցիչները անոնց յորդորած են չխախտել հասարակական կարգը եւ ազատել Մաշտոցի պողոտայի երթեւեկելի հատուածը, սակայն անոնք գրպաններէն հանած են ինքնաշէն պայթուցիկներ եւ գետին հարուածելով` սկսած են պայթեցնել, ապա մահակներով յարձակիլ զիրենք կարգի հրաւիրող ոստիկաններուն վրայ: Ոստիկանական վերակարգերը յաջողած են կարճ ժամանակի մէջ վերականգնել հասարակական կարգը:
Ոստիկանութիւնը բերման ենթարկած է 38 անձ:
Փաստի առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական օրէնսգիրքի 316 յօդուածի 2-րդ մասով եւ 185 յօդուածի 2-րդ մասի առաջին կէտով յարուցուած է քրէական գործ:
Բերման ենթարկուածներէն 20-ը ձերբակալուած են` Յարութիւնեան Շանթ, Տէրտէրեան Աշոտ, Աւետիսեան Աւետիս, Պետրոսեան Տիգրան, Պօղոսեան Ալեք, Պետրոսեան Լիպարիտ, Յովհաննիսեան Արմէն, Յարութիւնեան Հայկ, Վարդանեան Վարդան, Առաքելեան Միսաք, Մկրտչեան Դաւիթ, Մարգարեան Ալպերթ, Գրիգորեան Անուշաւան, Մխիթարեան Մխիթար, Ղազարեան Յովհաննէս, Մնացականեան Սեւակ, Մկրտչեան Վահէ, Յովհաննիսեան Մկրտիչ, Յովիկեան Մանուկ, Մխիթարեան Արման, իսկ 18 հոգի ներգրաւուած են իբրեւ վկայ:
Դէպքի վայրի զննութեամբ յայտնաբերուած եւ առգրաւուած մահակներն ու ինքնաշէն պայթուցիկ փաթեթները ուղարկուած են փորձաքննութեան:
Միջադէպի ընթացքին մարմնական վնասուածքներ ստացած ոստիկաններէն 4-ը ներկայիս կայուն բուժման մէջ են:
Բերման ենթարկուածներէն եւ ձերբակալուածներէն ոչ մէկը մարմնական վնասուածք ստացած է: Հաւանական այլ տուժածներու մասին տեղեկութիւնները կը ճշդուին:
Կը ձեռնարկուին համապատասխան հետախուզական եւ քննչական միջոցառումներ` միջադէպի այլ մասնակիցներու եւ դէպքի բոլոր հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ»: