Ո՞վ Է Խօսողը
ԱՐՇՕ Պ.
Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Մահեր Ալիեւ «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին զարմանք յայտնեց, որ լիբանանցիներուն մեծամասնութիւնը իրենց քաղաքական պատկանելիութիւնը կը նկատեն առաջնահերթութիւն:
«Ազրպէյճանի մէջ քաղաքական կեանքը զուտ ժողովրդավարական է եւ քննադատութիւնները կը կատարուին հանրապետութեան նախագահէն սկսեալ մինչեւ սովորական բանուորին հասցէին», ըսաւ ան:
Ալիեւ նշեց, որ ինք կը շարունակէ մնալ Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպան` աւելցնելով սակայն, որ Սուրիոյ պատերազմին պատճառով ինք 2012-ի վերջերուն փոխադրուած է Լիբանան եւ դեսպանատան աշխատանքները կը կատարէ Պէյրութի հիւպատոսարանէն:
Անդրադառնալով ժողովուրդներուն միջեւ տագնապներու լուծման շրջագիծին մէջ բռնարարքներու եւ զէնքի ուժին դիմելու քայլին, ազրպէյճանցի դեսպանը յայտնեց, որ այդ ձեւերուն այլեւս անկարելի է դիմել` աւելցնելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումը երկխօսութեամբ կը կատարուի:
«Ազրպէյճանի պետութիւնը քարիւղի եւ կազի իր հարստութիւններէն կ՛օգտուի բարգաւաճեցնելու համար երկիրը, յատկապէս երկրագործութիւնը», յայտնեց Ալիեւ:
Ան անդրադարձաւ նաեւ Ազրպէյճանի մէջ կիներու իրաւունքներուն եւ կրօնի ազատութեան նկատմամբ խոր յարգանքի գոյութեան, իսկ լիբանանեան-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն մասին խօսելով Ալիեւ ըսաւ, որ այդ յարաբերութիւնները պատմական են` ընդգծելով զանոնք ամրապնդելու եւ փոխադարձ գործակցութիւնը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը:
***
Երանելի պիտի ըլլար, եթէ Մահեր Ալիեւի կատարած այս յայտարարութիւնները ըլլային ճշմարտութիւններ…
Իսկ եթէ Մահեր Ալիեւ ըլլար այլ պետութեան մը դեսպանը, ապա ան իր պետութեան կողմէ տուն պէտք էր կանչուած ըլլար` բացատրութիւն տալու համար իր պետութեան գործելաոճին մասին իր կատարած անճիշդ յայտարարութիւններուն համար:
Նաեւ պէտք չէ զարմանալ, եթէ նման բան չպատահի, որովհետեւ ինչպէս թրքացեղ բոլոր ժողովուրդները` նաեւ ազրպէյճանցիները վարժ են յայտարարելու բան մը եւ գործելու անոր ճիշդ հակառակը…


