«Եթէ Պաշտօնէս Հրաժարման Մէջ Նոր Առիթի Մը Կամ Լուծման Մը Նշոյլը Գտնուէր, Անյապաղ Կը Հրաժարէի» Ըսաւ Վարչապետ Սալամ

Նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Սալամ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, ապահովական իրադարձութիւններն ու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

Հանդիպումէն ետք Սալամ յայտնեց, որ իրենց դիմագրաւած հարցերը բարդ են` աւելցնելով, որ լաւ կառավարութիւն մը կազմելու յանձնառութիւնն է, որ զիրենք կը մղէ համբերելու եւ սպասելու:

«Կուտակուած արտաքին թէ ներքին քաղաքական տագնապներու անտառի մը լոյսին տակ պարզուած են յստակ դժուարութիւններ, արգելքներ եւ խոչընդոտներ, իսկ եթէ պաշտօնէս հրաժարման մէջ նոր առիթի մը կամ լուծման մը նշոյլը գտնուէր, անյապաղ կը հրաժարէի», ըսաւ Սալամ:

Ան հաստատեց, որ ինք պաշտօններ ստանալու մարմաջը չունի, սակայն իր մօտ տակաւին կը գտնուի ազգային շահերուն ծառայող կառավարութիւն մը կազմելու կամքը:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ իր հանդիպումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Սալամ յայտնեց, որ հանդիպումը եղած է դրական եւ իրեն վստահուած պարտականութիւնը շարունակելու իմաստով ան շօշափած է Հարիրիի զօրակցութիւնը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, որուն ընկերակցեցան ազատ արձակուած լիբանանցիները:

Նախագահ Սլէյման շնորհաւորեց զանոնք` յոյս յայտնելով, որ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած երկու եպիսկոպոսները ազատ արձակելու բանակցութիւնները եւս կը յաջողին:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Հասսան Տիապը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի կրթական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ սուրիացի գաղթականներուն լիբանանեան դպրոցներ յաճախող զաւակներուն գծով նախարարութեան որդեգրած յատուկ միջոցառումները:

 

Share this Article
CATEGORIES