Վ. Սապունճեան Սաֆատիի Հետ Քննարկեց Ճարտարարուեստի Մարզի Սեփականատէրերուն Նիւթական Ծանր Բեռը Թեթեւցնելու Հեռանկարները
Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան երէկ կէսօրին նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Սաֆատին, որուն հետ քննարկեց ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերուն նիւթական ծանր բեռը թեթեւցնելու հեռանկարները` նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական ծանր պայմանները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան դեղորայքի արդիւնաբերութեան մարզին յատուկ նիւթերուն վրայ պարտադրուած յաւելուած արժէքի տուրքը ջնջելու կարելիութիւնը եւ Վ. Սապունճեանի ներկայացուցած առաջարկը, որուն համաձայն, եկամտահարկի ենթակայ հաստատութիւններու եւ հարկատուներու 2012-2013 տարիներու վնասները պէտք է զեղչել` երեքի փոխարէն վեց տարիներու վրայ բաժնուած մասերով:
Սաֆատի ընդառաջեց այս առաջարկին` նշելով, որ ելեւմուտքի նախարարութիւնը անպայման պիտի քննարկէ այս առաջարկը եւ պիտի որդեգրէ անոր գործադրութեան յատուկ ծրագիր մը:
«Վ. Սապունճեանի առաջարկը բացառիկ է եւ կ՛աշխուժացնէ երկրին տնտեսութիւնը, հետեւաբար մենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնենք գործադրելու համար այդ առաջարկը», ըսաւ Մ. Սաֆատի:


