«Լիբանանեան Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Լրտեսումի Կեդրոններ Գոյութիւն Ունին» Բացայայտեց Պըրրի
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումին, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկիրը յուզող ներկայ իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի բացայայտեց վտանգաւոր թղթածրար մը, որուն շրջագիծին մէջ յայտնեց, թէ Լիբանան-Իսրայէլ սահմանին վրայ, սկսեալ` Նաքուրայէն, անցնելով Խիամ եւ հասնելով մինչեւ Շեպաա, տարածուած են լրտեսումի իսրայէլեան կեդրոններ, որոնք կը հետեւին ամբողջ Լիբանանին:
Այս մասին Պըրրի երեսփոխաններուն ներկայացուց լուսանկարներ եւ փաստաթուղթեր, որոնք ցոյց կու տան սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ գտնուող իսրայէլեան այդ կառոյցները:
Պըրրի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլայէն պահանջեց հաղորդակցութեան միջոցներու խորհրդարանական յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու եւ արտաքին գործոց նախարարներու պաշտօնակատարները նիստի մը հրաւիրել եւ այս մասին բողոքի նամակ մը յանձնել Ապահովութեան խորհուրդին:
Նշենք, որ Պըրրի խորհրդարանի յանձնախումբերը հրաւիրեց միացեալ նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 12 նոյեմբերին` քննարկելու համար շարք մը օրինագիծեր եւ տարբեր երկիրներու հետ փոխադարձ գործակցութեան արարողակարգեր:
Միւս կողմէ, պատասխանելով հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ կատարուած այն առաջարկին, որ ինք խորհրդարանը հրաւիրէ նիստի մը` բացատրելու համար ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան պարտականութիւնները, Պըրրի ըսաւ. «Եթէ պիտի ընդառաջեմ Միքաթիի կոչին, ապա իրմէ պիտի պահանջեմ երաշխաւորել նիստին իր ներկայութիւնը, որովհետեւ ան պոյքոթի ենթարկած է խորհրդարանի նիստերուն իր ներկայութիւնը»:
«Ինչպէ՞ս ընդառաջեմ Միքաթիի առաջարկին, երբ ան պոյքոթի ենթարկած է խորհրդարանի նիստերուն իր մասնակցութիւնը», հարց տուաւ ան: