Ժոմպլաթ. «Նպատակս Լիբանանը Սուրիոյ Պատերազմէն Չէզոք Պահել Է»

Ուալիտ Ժոմպլաթ

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ ինք տակաւին կը պահէ իր նոյն կեցուածքը` աւելցնելով, որ իր գլխաւոր նպատակն է պահպանել հանդարտութիւնը, երկխօսութիւնը եւ կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանը Սուրիոյ պատերազմէն չէզոք պահել:

Անդրադառնալով Սուրիոյ տագնապին եւ սուրիական ընդդիմութեան պառակտումին` Ժոմպլաթ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է միասնականացնել սուրիական ընդդիմութիւնը, վերջ տալ հաւատադրժողականներուն գործած արարքներուն եւ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին ներկայ գտնուիլ` ինչ ալ ըլլան դժուարութիւնները:

Սուրիայէն հեռանալու առնչութեամբ Հըզպալլային ուղղուած կոչերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ժոմպլաթ ըսաւ, որ Լիբանանի ճակատագիրը պէտք չէ կապել այդ հարցին` աւելցնելով, որ Հըզպալլա պէտք է վերստին ճշդէ իր զէնքին ուղղութիւնը:

«Կը մերժեմ կատարուած իրողութեան կառավարութիւն կազմել: Իսկ եթէ Հըզպալլայի մուտք գործելու մասին ակնարկութիւններ կան, ապա պէտք է ըսել նաեւ, որ ուրիշներ իրենց կարգին մուտք կը գործեն Սուրիա, ըլլայ Արսալէն եւ կամ այլ շրջաններէ», ըսաւ ան:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ իր յարաբերութեան անդրադառնալով` Ժոմպլաթ ըսաւ, որ այդ յարաբերութիւնը տակաւին կայ, սակայն Սուրիոյ տագնապը նկարագրելու եւ մեկնաբանելու իմաստով կան որոշ տարակարծութիւններ:

Ան խորհուրդ տուաւ Հարիրիին վերադառնալու Լիբանան եւ աւելցուց, որ Ֆրանսա կատարած իր վերջին այցելութեան ընթացքին չէ հանդիպած Հարիրիի հետ, որովհետեւ իր այցելութեան նպատակը զուտ բժշկական էր:

Միւս կողմէ, քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, անցեալ երկուշաբթի օր Ժոմպլաթի այցելած է Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ կուսակցութեան յարաբերականի պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆայի:

Պատուիրակութիւնը Ժոմպլաթի այցելած է Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի պահանջով:

Պատուիրակութիւնը սէյիտ Նասրալլայի ողջոյնները փոխանցած է Ժոմպլաթին եւ բարձր գնահատած անոր հաւանութիւնը`  9+9+6 տարազին հիման վրայ կառավարութիւն մը կազմելու առումով:

 

Share this Article
CATEGORIES