Հարիրի Մուսթաքպալի Պատասխանատուներէն Կը Պահանջէ Յարձակիլ Իրենց Հակառակորդներուն, Յատկապէս` Միքաթիի Դէմ
Ըստ «Ախպար» օրաթերթին, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Մուսթաքպալի պատասխանատուներէն պահանջած է յարձակիլ իրենց հակառակորդներուն, յատկապէս` հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի դէմ:
Հարիրի անոնցմէ պահանջած է նաեւ այս հանգրուանին մէկդի դնել Մուսթաքպալ հոսանքի ներքին հարցերը եւ կեդրոնանալ Միքաթիի համար նուաճում նկատուող հաւանական բոլոր իրագործումներուն ձախողութիւնը ապահովելու վրայ` նշելով, որ Միքաթիի արձանագրելիք յաջողութիւնները, իրենց ձախողութիւնը կը դրսեւորեն:
Հարիրի Մուսթաքպալի պատասխանատուներուն յայտնած է նաեւ, որ իրենց հիմնական մրցակիցը Նեժիպ Միքաթին է:
CATEGORIES Լիբանանեան