Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Հիւրեր պիտի ընդունիք ուրախ առիթով մը։ Պիտի ուրախանաք, որովհետեւ ձեր սիրելի բարեկամներն են։ Անոնց պիտի ընկերանան նաեւ նոր դէմքեր, որոնց հետ ձեր ծանօթութիւնը պիտի ըլլայ սիրալիր։
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր կատարած բարի գործերուն պատասխանը պիտի ստանաք շուտով։ Պիտի վայելէք նախախնամութեան անակնկալ գնահատանքը եւ պիտի կրկնապատկուի ձեր գոհունակութիւնը։
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ որոշում մը տուած էք, մի՛ վարանիք իրագործելու։ Երկմտելու կարիք չկայ, ինքնավստահութեաբ կիրարկեցէք ձեր նպատակը, կը յաջողիք։
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Քանի մը պարտականութիւն նոյն ատեն մի՛ ստանձնէք։ «Մէկ ձեռքով երկու ձմերուկ չի բռնուիր», կþըսէ առածը։ Մէկիկ մէկիկ կատարեցէք ձեր գործերը։
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Խորամանկութիւնը խելացի ըլլալ չի նշանակեր, այլ կը ձեւացնէ։ Հեռու մնացէք նման անձերէ, որոնք շառլաթանութեամբ կþուզեն խօսակիցը հմայել։
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
«Այսօրուան գործը վաղուան մի՛ ձգեր» կþըսէ իմաստուն խօսքը։ Ձեր պարտականութիւնը կատարեցէք օր օրին, ժամը ժամին, որպէսզի անփութութեան զոհը ըլլաք։
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ անգիտակցաբար սխալ մը գործած էք, անդրադարձէք եւ ճշդեցէք այդ սխալին պատճառը, որպէսզի չկրկնէք այդ։ Ինքնաճանաչումը առաքինութիւն է։
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ անարդարութեամբ անհաճոյ խօսք մը լսած էք, մի՛ սրտնեղիք, այլ ծիծաղեցէք, որովհետեւ կան անձեր, որոնք չեն գիտեր, թէ ինչ կþընեն։
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Խնայողութեան մասին մտածեցէք, ձեր քսակը քիչ մը սեղմեցէք, որպէսզի գալիք օրերուն ձեր ունենալիք կարեւոր ծախսերը դիւրութեամբ ընէք։
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Անիմաստ հարցերու համար մի՛ տրտնջաք։ Արժեւորեցէք ձեր ունեցած նիւթական թէ բարոյական կարողութիւնները։ Գոհունակութիւն արտայայտեցէք։
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր սկսած գրաւոր կամ ձեռային աշխատանքները աւարտեցէք առանց ժամանակ կորսնցնելու։ Նման աշխատանքներ յետաձգելը սուղ կը նստի ձեր վրայ։
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
«Անուշ լեզուն օձը ծակէն կը հանէ» կþըսէ ժողովրդային իմաստութիւնը։ Երբեմն կը պատահի նաեւ հակառակը։ Անուշ լեզուով անձեր կան, որոնք լեղի խօսքեր կþարտայայտեն, կը զարմացնեն։ Ուշադիր եղէք։

