50 Տարի Առաջ (8 Նոյեմբեր 1963)
Խմբագրական
Խրուշչեւ՝ Յուսախաբ
Քանի մը շաբթուան մէջ, երկրորդ անգամ ըլլալով, Արեւմտեան Գերմանիայէն Պերլին տանող ճամբաներուն վրայ, որոնք ստիպողաբար կþանցնին խորհրդային գօտիէն, լուրջ տագնապներ ստեղծուեցան, երբ խորհրդային հսկիչ կայաններուն առջեւ ամերիկեան զինուորական կարաւաններ արգելքներու հանդիպեցան, խորհրդային իշխանութիւններու պահանջներուն գոհացում տրուած չըլլալով։
Երեք անգամին ալ Խորհրդայիններ ստիպուեցան տեղի տալ, երբ ամերիկացիք մերժեցին ենթարկուիլ ընդունուած ձեւակերպութիւններէն դուրս քննութիւններու։ Մասնաւորաբար խորհրդայիններ կը պահանջէին, որ կարաւանին մաս կազմող ամերիկացի զինուորները իջնեն իրենց կառքերէն՝ մարդահամարի համար, եւ կամ բանան կառքերուն ետեւի դուռը, որպէսզի այդպէսով տեղի ունենայ մարդահամարը։ Այս անգամ եւս, ինչպէս նախորդներուն, ամերիկացիք մերժեցին ընթացք տալ ու ի վերջոյ (վերջին պարագային՝ 41 ժամ անցնելէ ետք) արտօնութիւն ստացան անցնելու։
Աշխարհի երկու գերտէրութիւնները, որոնք իրենց ունեցած զինական զօրութեամբ կրնան երկրագունդը քարուքանդ ընել, մեր մոլորակի ամէնէն զգայուն կէտին՝ Պերլինի մէջ, ձեւակերպութիւններով կը զբաղին։ Անշուշտ դէպքը ինքնին վտանգաւոր բնոյթ մը չունի, որովհետեւ ոչ ոք կրնայ մտքէն անցընել, թէ նման վէճի մը համար թնդանօթներ պիտի գոռան, երբ տեսանք, թէ շատ աւելի ծանրակշիռ պահերու (Քուպա՝ օրինակ), նախայարձակը ի վերջոյ նահանջեց, իսկ յաղթական կողմն ալ շատ չպնդեց եւ չուզեց շահագործել իր յաջողութիւնը։
Բայց, երբ նման դէպք մը կը պատահի Մոսկուայի հիւլէական դաշնագրի ստորագրումէն հազիւ երեք ամիս ետք, ցոյց կու տայ, թէ որքան փխրուն է ստեղծուած գոյավիճակը եւ կը բաւէ, որ կողմերէն մէկը ֆաուլ մը ընէ, որպէսզի Պաղ պատերազմը վերսկսի։
Ի՞նչ կը հետապնդէ Մոսկուա՝ նման արուեստական տագնապներ յառաջացնելով։ Պերլինի ճամբաներուն վրայ պատահած իրերայաջորդ երեք դէպքերը ցոյց կու տան, թէ մէկ ամսուան մէջ բան մը փոխուած է Մոսկուայի տրամադրութիւններուն մէջ։ Այս տպաւորութիւնը աւելի կը շեշտուի, եթէ նկատի ունենանք Խրուշչեւի վերջին յայտարարութիւնները. «Եթէ ամերիկացիք պնդէին, պիտի ստիպուէին անցնիլ մեր դիակներուն վրայէն»։
Թէեւ ամերիկացիք պնդեցին ու խորհրդային դիակներուն վրայէն չանցան, բայց Խրուշչեւի կամաւոր այս յոխորտանքը ուշագրաւ է այն իմաստով, որ կը թուի հանդիսանալ նախանշանը խորհրդային արտաքին քաղաքականութեան նոր հոլովոյթի մը։
Զուգադիպութիւնը ակնբախ է։ Երբ մէկ կողմէ Պերլինի շուրջ կը ստեղծուէր այս արուեստական վէճը, անդին, քաղաքական դիտողները կը նկատէին խորհրդային որոշ ճիգ մը՝ հաշտուելու Փեքինի հետ։
Երկու մարզերու մէջ եղածը առաւելաբար ռազմավարութիւն է։ Մոսկուա Փեքինի հետ պայքարի մտաւ, որովհետեւ ուզեց որոշ մերձեցում մը յառաջացնել արեւմտեաններուն հետ։ Մոսկուայի դաշնագիրը հանդիսացաւ այդ մերձեցման առաջին քայլը։ Բայց երկրորդ քայլը չհետեւեցաւ։ Արեւմուտքը, գլխաւորաբար Ամերիկան, կը թուի թէ Մոսկուայի մէջ յանձնառու չէ եղած ոչ յարձակման ուխտ մը կնքելու ՕԹԱՆ-ի եւ Վարշաւիոյ ուխտին միջեւ, այն մտավախութեամբ, թէ իր եւրոպական դաշնակիցները առ այժմ պատրաստ չեն հետեւելու իրեն այդ ճամբուն վրայ։
Խրուշչեւ անշուշտ այլ յոյսեր կը սնուցանէր, երբ կը ստորագրէր Մոսկուայի հիւլէական փորձերու արգիլման դաշնագիրը։ Կը յուսար, թէ Միացեալ Նահանգները նկատի պիտի չունենային իրենց եւրոպական դաշնակիցներու առարկութիւնները։ Այսպէսով, Քրեմլին կը յուսար նաեւ ճեղք մը յառաջացնել դաշնակիցներու ճակատին վրայ։
Քրեմլինի այս բոլոր յոյսերը ի դերեւ ելան։ Փեքինի հետ իր վէճը անդրադարձ չունեցաւ Արեւմուտքի մէջ, ուր համապատասխան շահեր չկրցաւ ապահովել։
Պերլինի միջադէպը, այս պայմաններուն տակ, կը ստանայ ազդարարութեան մը բնոյթը՝ Պաղ պատերազմին վերսկսելու հեռաւոր սպառնալիքով։
Կը մնայ գիտնալ, թէ Արեւմուտքը որքանո՞վ տրամադիր պիտի ըլլայ ականջ տալու այդ ազդարարութեան, կամ որքանո՞վ Միացեալ Նահանգները պատրաստ են յառաջ երթալու Խորհրդային Միութեան հետ մոտիւս վիվենտի մը ստեղծելու համար, երբ մօտ են նախագահական ընտրութիւններուն, եւ ընտրապայքարին առանցքը այս անգամ եւս կրնայ կազմել արտաքին քաղաքականութիւնը։

