Արուեստի Աշխարհէն. Արուեստի Գործերու Աւար Մը՝ Միւնիխի Մէջ

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Կ՛ԵՆԹԱԴՐՈՒԷՐ, ԹԷ ԱՆՈՆՑՄԷ ՈՄԱՆՔ ԸՆԴՄԻՇՏ ԿՈՐՍՈՒԱԾ ԷԻՆ Բ. ԱՇԽԱՐՀԱՄԱՐՏԻ ՔԱՈՍԻՆ ԵՒ ԱՒԵՐԻՆ ՄԷՋ, ԻՍԿ ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆԸ ՆՈՅՆԻՍԿ ԱՆԾԱՆՕԹ ԷՐ։ ԱՅԺՄ ԹԱՔՈՒՆ ԲՆԱԿԱՐԱՆԷ ՄԸ Ի ՅԱՅՏ ԿՈՒ ԳԱՅ ՆԱՑԻՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ ՊԱՀՈՒԱԾ ԳԼՈՒԽ ԳՈՐԾՈՑՆԵՐՈՒ ԳԱՆՁ ՄԸ։ «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԵՒ «ՏԸ ՏԷՅԼԻ ՄԷՅԼ» ԿԸ ՏԵՂԵԿԱԳՐԵՆ.

Նացիները կ՛ատէին Փիքասոն, որուն «Կեռնիքա»-ն կը պատկերէր գերմանացիներու կողմէ համանուն քաղաքին ռմբակոծումը՝ Սպանիոյ քաղաքացիական պատերազմին ժամանակ։

 

 

 

 

 

 

Շուրջ 1500 արուեստի գործերէ բաղկացած աւար մը, զոր նացիները կուտակած էին 1930-ական եւ 1940-ական տարիներուն, ի յայտ եկած է Գերմանիոյ Միւնիխ քաղաքին մէջ։

Կ՛ենթադրուի, թէ գանձը կը պարունակէ գործեր՝ Մաթիսէն, Փիքասոյէն, Շակալէն, Ռընուարէն եւ Թուլուզ-Լոթրեքէն։

Նացիները կարգ մը գործեր գրաւած էին իբրեւ «այլասերած» արուեստ։ Այլ գործեր գողցուած էին հրէական հաւաքածոներէ կամ բռնի գնուած էին քանի մը դահեկանի։

Եթէ հետաքննութիւններէ ետք հաստատուի աւարին վաւերականութիւնը, ապա անիկա պիտի նկատուի գողցուած արուեստի մեծագոյն յայտնաբերումը։

Հետաքննիչներու համաձայն, հաւաքածոյին ամբողջութիւնը կ՛արժէ շուրջ 1 միլիառ տոլար։ Անիկա առայժմ պահուած է Միւնիխի մէկ շտեմարանին մէջ։

Աւարը դիպուածով ի յայտ եկած է 2011-ին, երբ տուրքերու վերահսկող իշխանութիւններ հետազօտած են Միւնիխի մէջ արուեստի գործերու վաճառականի մը մենակեաց զաւկին՝ Քոռնելիուս Կուրլիթի ունեցուածքը։

Իշխանութիւնները կը կասկածէին, թէ ան խոյս տուած էր իր տուրքերէն, հետեւաբար արտօնութիւն ստացած էին խուզարկելու անոր Միւնիխի բնակարանը։

Անոնք Կուրլիթի բնակարանին մէջ ի յայտ բերած էին շուրջ 1500 արուեստի գործեր, որոնք անհետացած էին նացիներու իշխանութեան ժամանակ։

Կուրլիթ բացատրած է, թէ գործերը պահած է մութ սենեակներու մէջ եւ պարբերաբար վաճառած է անոնցմէ մէկը, երբ դրամի կարիքը ունեցած է։

Միւնիխի իշխանութիւնները նպատակ չունին հարցաքննելու 80-ամեայ Կուրլիթը, ոչ ալ՝ ձերբակալելու զայն։

Նացիները արդի արուեստի գրեթէ բոլոր գործերը կը դասէին իբրեւ «այլասերած» ստեղծագործութիւններ։ Անոնք արգիլուած էին իբրեւ ոչ գերմանական գործեր կամ հրեայ արուեստագէտներու ստեղծագործութիւններ։

Անոնք գրաւած են կարգ մը գործեր, փճացուցած են ուրիշներ, կարգ մը գործեր աժան գինով վաճառած են հաւաքածոներու սեփականատէրերու։

Միջազգային քննութիւն բացուած է նացիներու իշխանութեան ժամանակ անհետացած շուրջ 200 արուեստի գործերու վերաբերեալ։

Եւրոպայի մէջ պատերազմի ժամանակ գողցուած արուեստի գործերու յանձնաժողովի ներկայացուցիչ Ան Ուեպըր «մտահոգիչ» կը նկատէ Գերմանիոյ իշխանութիւններուն կեցուածքը։

«Պէտք է հրապարակուի գեղանկարներուն ցանկը։ Աշխարհի տարածքին հարիւրաւոր ընտանիքներ պիտի ուզէին գիտնալ, թէ արդեօք անոնցմէ որեւէ մէկը իրե՞նց կը պատկանի»։

Երբ իշխանութիւններուն հարց տրուած է, թէ ինչո՛ւ ցարդ գաղտնի պահած էին աւարին յայտնաբերումը, անոնք պատասխանած են, թէ հետաքննութիւնը ծախսալից, բարդ եւ երկարատեւ գործընթաց մըն է։

Մաթիսի մէկ գործը մաս կը կազմէ նորայայտ աւարին

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Յայտնաբերուած գործերուն շարքին է Մաթիսի գծած կնոջ մը դիմանկարը, որ կը պատկանէր ֆրանսացի պատկերասփիւռի հաղորդավար Ան Սանքլերի մեծ հօր։

Արուեստի վաճառական Փոլ Ռոզընպըրկ, որ Փիքասոն եւ Մաթիսը կը ներկայացնէր, պարտաւորուած էր իր ետին ձգել իր հաւաքածոն, երբ 1940-ին խոյս տուած էր Ֆրանսայէն։

Միացեալ Նահանգներու մէջ Ողջակիզումի յիշատակի թանգարանին համաձայն, նացիները գրաւած են շուրջ 16 հազար արուեստի գործեր։

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )