Արուեստի Աշխարհէն. Վերանորոգութեան Ձախաւեր Փորձ Մը

Պատրաստեց՝ Լ.ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ- ՍՐԱՊԵԱՆ

ՉԻՆԱԿԱՆ ՔԻՆԿ ԹԱԳԱՒՈՐԱԿԱՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԿԱՆՈՂ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳՈՐԾ ՄԸ ԿԸ ՎԵՐԱԾՈՒԻ ԱՐԴԻԱՊԱՇՏ ՈՃՈՎ ՇԱՐԺՈՒՆ ԳԾԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻ ՄԸ։ «ՏԸ ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» ԵՒ «ՏԷՅԼԻ ԹԵԼԵԿՐԱՖ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵՆ ԽԱՅՏԱՌԱԿՈՒԹԻՒՆԸ։

Այն օրէն ի վեր, երբ ութսունամեայ կին մը իր «կախարդական» վերանորոգութիւնը ի գործ դրաւ Սպանիոյ մէկ եկեղեցիին մէջ, անմիջապէս կը մտաբերենք անոր գազանի վերածուած Քրիստոսի դիմանկարը, երբ կը լսենք «ձախաւեր վերանորոգութիւն» բառերը։

Հետեւաբար, երբ լուրեր շրջան ըրին, թէ Չինաստանի Չաոյեանկ քաղաքին մէջ գեղանկարչական վերանորոգութիւն մը ձախաւեր արդիւնք տուած էր, անմիջապէս փորձեցինք բաղդատութիւն մը կատարել Սեսելիա Խիմենեզի վերանորոգութեան ապիկար փորձին հետ։ Կը մտածէինք, թէ ոչինչ կրնար գերազանցել զայն։ Սակայն գրեթէ սխալած էինք։

Չինացի պետական երկու ներկայացուցիչներ պաշտօնանկ եղան անցեալ ամիս, որովհետեւ արտօնած էին վերանորոգութեան ծրագիրի մը գործադրութիւնը չինական Քինկ թագաւորական հարստութեան մէկ տաճարին մէջ։ Շուրջ 161 հազար տոլար արժած աշխատանքը պատճառ դարձած է, որ պուտտայական Եունըյի տաճարին որմանկարները յիշեցնեն Տիզինիի մէկ ժապաւէնէն դուրս եկած գունագեղ շարժուն գծանկարներ, որոնք ոչ մէկ կապ ունին հնադարեան բեկորներու վերակենդանացած տարբերակի մը հետ։

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Չաոյեանկի պետական բարձրաստիճան մէկ ներկայացուցիչը՝ Լի Հայֆենկ կը բացատրէ, թէ տաճարին կրօնապետը արտօնութիւն խնդրած է տեղական վարչական գրասենեակէ մը՝ վերանորոգելու համար տաճարին գունաթափող որմանկարները։ Սակայն տուեալ գրասենեակը արտօնութիւն տուած է՝ առանց դիմելու գաւառային կառավարութեան եւ վերանորոգութեան աշխատանքը յանձնած է անծանօթ ընկերութեան մը։ Նոյնիսկ յայտնի չէ, թէ այս ընկերութիւնը արդեօք ունի՞ վերանորոգութիւն մը իրականացնելու անհրաժեշտ փորձառութիւն։

Արդիւնքը այնքա՛ն վատ է, որ վերանորոգութենէն անմիջապէս ետք գործէ արձակուած են «տաճարներու հարցերու» պատասխանատու մը, ինչպէս նաեւ՝ տեղական մշակութային ժառանգութեան վերահսկող յանձնախումբի մը պատասխանատուն։ Այնուհետեւ հետաքննիչներ եւ հսկիչներ ուղղուած են վերանորոգութեան վայրը՝ կանխարգիլելու համար գեղանկարչական ոճիրին շարունակութիւնը։

Սակայն, ափսո՜ս, աւերը արդէն գործուած է, եւ Փեքինէն ուսանողներ որմանկարներուն վերանորոգութեան ձախաւեր արդիւնքը հրապարակած են համացանցի վրայ։

Բողոքի հանրային ալիք մը բարձրացաւ, երբ համացանցի վրայ պլոկներու մէջ մարդիկ սկսան հարց տալ, թէ պետութիւնը ինչպէ՛ս վաւերացուցած էր նման վերանորոգութիւն մը։

Ցասկոտ քննադատութիւններու շարքին՝ Հենանի գաւառին Մշակութային հնութիւններու գրասենեակէն հնագէտ Լի Ժանիանկ կը պախարակէ տեղական իշխանութիւնները, որոնք չեն յաջողած պաշտպանել իրենց մշակութային ժառանգութիւնը։ Ան իշխանութիւնները կոչած է «անուս, անտրամաբանող եւ օրէնքէն անտեղեակ»։

Յստակ չէ, թէ վերանորոգողները ինչո՛ւ մտածած են ներկել որմանկարները։

Որմանկարներու վերանորոգութեան մասնագէտ Ուանկ Եինիուի համաձայն, կատարուած գործը կարելի չէ «վերանորոգութիւն» կոչել, ոչ ալ՝ «աւերիչ վերանորոգութիւն»։

«Կատարուածը մշակութային ժառանգութեան մը ոչնչացումն է, որովհետեւ բնօրինակները այլեւս գոյութիւն չունին,- կ՛ըսէ ան։- Իրապէ՛ս ամօթալի է»։

Իրադարձութիւնը կը յիշեցնէ անցեալ տարի Սպանիոյ մէկ գիւղաւանին մէջ Քրիստոսի 19-րդ դարու մէկ դիմանկարին աղէտալի վերանորոգութիւնը։

Պորխայի մէջ 80-ամեայ կին մը վերնագիրներ խլեց լրատուամիջոցներու մէջ, երբ Քրիստոսի գունաթափ մէկ դիմանկարը վերանորոգելով՝ զայն վերածեց «կապիկի»։ Այժմ ձախաւեր վերանորոգութիւնը ինքնին զբօսաշրջիկներ կը ներգրաւէ աշխարհի տարբեր կողմերէն։

Առայժմ համացանցի վրայ չինացներ չեն գիտեր՝ լա՞ն, թէ՞ խնդան։

«Չեմ կրնար զսպել խնդուքս,- կը գրէ չինացի մը։- Դասական գործ մը վերածուած է խծբծուած պատկերի։ Կարծէք Տիզնիլենտէն դուրս եկած գործ մըն է»։

«Սիրտս կ՛արիւնի,- կը գրէ ուրիշ մը։- Իրապէ՛ս ափսոս է»։

Եունըյի տաճարը զբօսաշրջիկներ ներգրաւող գլխաւոր վայր մըն է Լիաոնինկի Փիւնիկ լերան վրայ, Փեքինէն 498 քմ դէպի հիւսիս-արեւելք։

Տաճարին համալիրին մէջ կառոյց մը կը պատկանի 10-րդ դարէն 12-րդ դարուն իշխած Լիաօ թագաւորական հարստութեան, իսկ այլ կառոյցներ՝ Քինկ թագաւորական հարստութեան, որ իշխած է 1644-1911։

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )