Արուեստի Աշխարհէն. Ելեկտրոնային Գիրքերը Պէտք Է Աւելի Աժան Վաճառուին

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՍԱԿԱՅՆ ԱՆՈՆՔ ՆՈՅՆԻՍԿ ԱՒԵԼԻ ՍՈՒՂ Կ՛ԱՐԺԵՆ, ՔԱՆ՝ ԹՂԹԱԿԱԶՄ ԳԻՐՔ ՄԸ, ՄԻՆՉԴԵՌ Կ՛ԱԿՆԿԱԼԵՆՔ, ՈՐ ԱՆՈՆՑ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՑՐՒՈՒՄԸ ՆՈՒԱԶ ԾԱԽՍԱԼԻՑ ԸԼԼԱԼՈՎ՝ ԱՒԵԼԻ ՄԱՏՉԵԼԻ ԳԻՆԵՐՈՎ ՎԱՃԱՌՈՒԻՆ։ ԲՐԻՏԱՆԱՑԻ ԼՐԱԳՐՈՂ ՖԵԼԻՍԻԹԻ ՀԵՆԱ ՄԻՆՉԵՒ ՎԵՐՋԵՐՍ «ՀՐԱՇՔ» Կ՛ՈՐԱԿԷՐ ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ԳԻՐՔԵՐԸ (Ի-ՊՈՒՔ), ՄԱՆԱՒԱՆԴ ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ԿԸ ԹՈՒԷՐ, ԹԷ ԱՆՈՆՔ ԱՒԵԼԻ ԱԺԱՆ ԷԻՆ։ ԱՅԺՄ ԱՆ ԿԱՐՕՏԱԽՏՈՎ ԿԸ ՅԻՇԷ ԻՐ ԹԱՂԻՆ ԳՐԱՏՈՒՆԷՆ ԳԻՐՔ ՄԸ ԳՆԵԼՈՒ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆԸ, ԹԷԵՒ ԿԸ ՇԵՇՏԷ, ԹԷ ՎԻՊԱՊԱՇՏ ՉԷ ԵՒ ՉԻ ՓՆՏՌԵՐ ԹՈՒՂԹԻ ՎՐԱՅ ՏՊՈՒԱԾ ԳԻՐՔԻՆ ԲՈՅՐՆ ՈՒ ԶԱՅՆ ՁԵՌՔԻՆ ՄԷՋ ԲՌՆԵԼՈՒ ԶԳԱՑՈՂՈՒԹԻՒՆԸ։ «ԵԱՀՈՒ»-Ի ՎՐԱՅ ԱՆՈՐ ԽԻՍՏ ԳՈՐԾՆԱՊԱՇՏ ՄԷԿ ՅՕԴՈՒԱԾԸ ԿԸ ՊԱՐՈՒՆԱԿԷ ՈՐՈՇ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ Ե-ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՀԱՍՈՂՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ։

Դրամ խնայելու ամէնէն վիճարկելի միջոցներէն մէկը, որ առաջարկած եմ, ելեկտրոնային գիրքեր գնելն է։ Հրաժարեցէք թղթակազմ գիրքերէն եւ ե- գիրքեր գնեցէք՝ դրամ եւ տարածք խնայելու համար, կը թելադրէի ընթերցողներուն։

Շատեր բուռն կերպով կ՛ընդդիմանային եւ կ՛ըսէին, թէ կը սիրեն գիրքի մը բոյրն ու ձեռքին մէջ զայն բռնելու զգացողութիւնը, եւ թէ՝ նման գոհունակութիւն մը երբեք պիտի չզգային՝ ե-գիրքեր կարդացող գործիքի մը մէջ ելեկտրոնային օրինակ մը մը կարդալով։

Պէտք է ըսեմ, թէ վիպապաշտ չեմ եւ գիրքի մը բոյրն ու զգացողութիւնը չեմ փնտռեր։ Աւելի հետաքրքրուած եմ գիրքի մը բովանդակած բառերով եւ անոնց հասնելու միջոցով։ Սակայն ունիմ նաեւ մակագրուած քանի մը հրատարակութիւններ, զորս կը պահեմ մեծ գորովանքով։

Սակայն յօդուածի մը մէջ վերոնշեալ թելադրանքը կատարելէ երկու տարի ետք, այսօր ի վերջոյ համաձայն եմ ինծի հակադրուած մեծամասնութեան այն կարծիքին, թէ ե-գիրքերը նոյնքան լաւ չեն, որքան՝ անոնց ֆիզիքական տարբերակները։

Բացատրեմ, թէ ինչո՛ւ կ՛ուզեմ հրաժարիլ ելեկտրոնային գիրքեր կարդալու գործիքէս եւ վերադառնալ թղթակազմ գիրքերու դարանին։

Ելեկտրոնային Գիրքերու Գինը

Երբ երկու տարի առաջ կը գրէի այդ յօդուածը, բոլոր ե-գիրքերը, զորս փնտռած էի, աւելի աժան էին, քան՝ թղթակազմ գիրք մը։ Նոր հրապարակուած էր «Կէյմ աֆ թրոնզ» վէպը, որուն ելեկտրոնային տարբերակը 12 փաունտ աւելի աժան էր, քան՝ լաթակազմ օրինակ մը։ Ասիկա տրամաբանական էր. ի վերջոյ հրատարակիչը պարտաւոր չէր զայն տպագրելու, ծրարելու եւ ուղարկելու կամ շահաբաժինով վաճառելու գրատան։

Սակայն իրականութիւնը նոյնը չէ այսօր։ Ներկայիս ե-գիրքերը յաճախ կը վաճառուին լաթակազմ առաջին հրատարակութեան մը գինով։

Նոյնիսկ հին ե-գիրքերը աւելի սուղ կը վաճառուին։ Վերջերս փափաքեցայ կարդալ գիրք մը՝ նախքան անոր ժապաւէնի պատշաճեցումը դիտելս։ Նախապէս գնած էի թղթակազմ օրինակ մը, սակայն զայն փոխ տուած էի ուրիշին։ Հետեւաբար մտածեցի, թէ փոխարէնը քանի մը փաունտի կրնայի գնել ելեկտորնային տարբերակ մը։

Սակայն համացանցի վրայ այս վէպը կ՛արժէր 7.99 փաունտ։ Մինչդեռ զայն մօտակայ հանրախանութէ մը կրնայի գնել 1.99 փաունտի, իսկ անոր շարունակական երեք հատորներուն ամբողջութիւնը՝ 5 փաունտի։ Թուաբանագէտ ըլլալու կարիք չկայ՝ հասկնալու համար, թէ ո՛ր առաջարկը աւելի նպաստաւոր է։

Կարելի Չէ Վաճառել Կամ Փոխ Տալ Ե-Գիրք Մը

Գլխաւոր պատճառը, որ ե-գիրքերու առաջարկը նպաստաւոր չէ, այն է, թէ կարելի չէ վաճառել կամ փոխ տալ ե-գիրք մը։ Շատ յաճախ վէպեր կը կարդամ եւ զանոնք կը յանձնարարեմ բարեկամներու։ Թէեւ գիրքեր չեմ վաճառեր, սակայն վէպեր կը փոխանակեմ բարեկամներու հետ։

Ճիշդ է, թէ կարելի է ե-գիրքեր փոխ տալ, սակայն յաճախ կը հանդիպինք կաշկանդող օրէնքներու։ Համացանցի վրայ Ամազոն թոյլ կու տայ մեզի, որ ե-գիրք մը փոխ տանք միայն 14 օրուան համար եւ միայն՝ մէկ անգամ։ Ասիկա կը նշանակէ, թէ մեր բարեկամը ոչ միայն պէտք է զայն կարդայ անմիջապէս, այլ նաեւ երբեք չենք կրնար տուեալ գիրքը դարձեալ փոխ տալ։

Այս առումով, ե-գիրքեր կարդալը կ՛առանձնացնէ մեզ եւ աւելի սուղ կ՛արժէ։ Բարեկամներ կը շարունակեն յանձնարարել գիրքեր, սակայն ստիպուած եմ գնել զանոնք։

Շատ Դիւրին Է Ծախսելը

Ասիկա ե-գիրքերու ժխտական կողմն է։ Երբ կ՛երթայի գիրք գնելու, սովորութիւնս մեծ մասամբ հակակշիռի տակ կը պահէի։ Կրնայի սահմանափակել թիւը այն գիրքերուն, զորս կը փափաքէի կարդալ եւ հանգիստ կ՛այցելէի գրատուն մը կամ գրադարան մը։

Սակայն այժմ, երբ գիրք կը կարդամ պաստառի վրայ, սովորութիւնս փոխուած է։ Երբ կը մտածեմ գիրքի մը մասին, կը կարդամ կարծիք մը կամ կը ստանամ յանձնարարական մը, կրնամ անմիջապէս գնել տուեալ գիրքը։ Քանի մը կոճակ սեղմելով՝ կը հասնիմ ե-գրադարան մը, ուր կրնամ գտնել որեւէ վէպ։

Անժխտելի է, որ շատ աւելի սկսած եմ ծախսել գիրքերու վրայ։ Պարզապէս շատ դիւրացած է ծախսելը։

Հետեւաբար, եթէ որոշեմ, որ պահանջներս պիտի սահմանափակեմ՝ կարդալով ձրի տրամադրուող ե-գիրքեր, պիտի սկսիմ նուազ ծախսել եւ առիթը պիտի ունենամ այցելելու ապրած շրջանիս գրատունը, ինչ որ զիս կը մղէ այստեղ նշելու ե-գիրքերէն հրաժարելու վերջին պատճառը։

Կը Սիրեմ Գրատուները

Թէեւ վիպապաշտ չեմ եւ գիրքի մը բոյրն ու զգացողութիւնը չեմ փնտռեր, սակայն կը սիրեմ այն գրատուները, որոնք կը գտնուին բնակավայրիս մօտ։ Կը սիրեմ աչքէ անցընել դարանները, կը սիրեմ կարդալ պաշտօնեաներուն յանձնարարականները, կը սիրեմ գրատան բազկաթոռները եւ սրճարանը։

Վերջին երկու տարիներուն բնակարանիս մօտակայ երեք գրատուներ փակուած են։ Հարիւր առ հարիւր համեմատութեամբ վստահ չեմ, թէ ասիկա ուղղակի արդիւնք է ե-գիրքերու տարածումին։ Ի վերջոյ բազմաթիւ այլ վաճառատուներ եւս փակուած են։

Սակայն վստահ եմ, որ գրատուները անտեսելով՝ նպաստած եմ անոնց անհետացումին։ Ժամանակն է, որ դերակատարութիւնս ունենամ՝ ապրած քաղաքիս վաճառատուներու թաղը կենդանի պահելու մէջ։

Պէտք Է Ընդունիլ Ձրի Տրամադրուող Ե-Գիրքերը

Անշուշտ պիտի շարունակեմ գործածել ե-գիրքեր կարդացող գործիքս։ Հազարաւոր դասական գործեր եւ հեղինակի իրաւունքէ զերծ գիրքեր ձրի տրամադրուած են համացանցի վրայ եւ կարելի է զանոնք ամբարել մեր համակարգիչին մէջ՝ «Կիւթենպերկ ծրագիր»-ին կայքին միջոցով (www.gutenberg.org)։

Կարգ մը ձրի գիրքեր կը տրամադրուին համացանցի վրայ Ամազոնի եւ Քինտըլի վաճառատուներուն մէջ։ Անոնք մասնաւորաբար կը պատկանին նոր հեղինակներու, որոնք կը փորձեն հետեւորդներ սիրաշահիլ։ Պատճառ չեմ տեսներ չամբարելու անոնց գիրքերը, մանաւանդ՝ որովհետեւ անոնցմէ շատերը նոյնիսկ տպագրուած չեն։

Share this Article
CATEGORIES