Համազգային 85 Տարեկան Է

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Համազգայինը 85 տարեկան է։

Մարդիկ, տարիքի յառաջացման հետ , կ՛ունենան առողջութեան վատթարացում, կը դանդաղին, աշխուժութիւնը կը կորսնցնեն եւ իրենց կեանքի մնացած տարիները կը  փափաքին ապրիլ անդորր կեանքով, սակայն նոյնը չէ միութիւններու համար, քանի տարիները անցնին, միութիւնները այնքան աւելի կ՛երիտասարդանան, կը դառնան աւելի գործունեայ, աւելի կայտառ։ Փաստ՝ Համազգային մշակութային միութիւնը։

Համայն աշխարհի մէջ տարբեր տեսակի ձեռնարկներ կը կազմակերպուին` տօնելու Համազգայինի 85-ամեակը, իսկ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը հիանալի գաղափարը ունեցաւ կազմակերպելու թատերական փառատօն մը եւ Լոս Անճելըս հրաւիրել 22 տարեկան Հայաստանի Համազգայինի պետական թատրոնը, որուն հիմնադիր եւ միեւնոյն ժամանակ գեղարուեստական ղեկավարն էր վաստակաւոր բեմադրիչ եւ դերասան Սօս Սարգսեան, որ աւա՜ղ, աչքերը յաւիտենական փակեց քանի մը շաբաթ առաջ եւ չկրցաւ վայելել իր աշխատանքին արդիւնքը Միացեալ Նահանգներու մէջ:

Խունկ ու մոմ իր անմահ յիշատակին:

Լոս Անճելըսի մէջ ընդհանրապէս թատերական կեանքը այնքան ալ բեղուն չէ եղած տարիներէ ի վեր, եւ շրջանի հայկական գաղութը միշտ ալ նախընտրած է դիտել զուարճալի կատակերգութիւններ։ Ընդհանրապէս ժողովուրդը թատրոն կ՛երթայ ոչ թէ թատրոնի սիրոյն, այլ ամէնօրեայ վազքէն յոգնած՝ քիչ մը ջիղերը հանգստացնելու, որպէսզի յաջորդ օրը ուժ ունենայ դիմագրաւելու նոր «ճակատամարտ» մը: Սակայն հոկտեմբեր 17- 20, Լոս Անճելըսի հասարակութիւնս  ականատես եղանք հիանալի թատերական կտորներու, որոնք հանդիսատեսներուն պարգեւեցին հոգեկան հաճոյքի պահեր:

Հայկական վարժարաններու մէջ հայ աշակերտներու մօտ թատրոնի սէրը արթնցնելու նպատակով «Անբան Հուրին» ներկայացուեցաւ ARTN հայկական հեռատեսիլի սրահին մէջ, Կլենտէյլ, 6 անգամ, մինչ այդ՝ թատերախումբը այցելեց 5 հայկական  վարժարաններ։ «Մեսրոպեան», «Ֆերահեան», Հայ բարեգործական «Մանուկեան-Տեմիրճեան», «Շամլեան» եւ «Հայ քոյրերու վարժարան»։

Երկրորդ թատերական կտորը՝ «44 աստիճանի վրայ», այժմէական նիւթ մըն է Հայաստանի ժողովուրդի կեանքին մէջ շարունակ կրկնուող  արտագաղթին մասին։

Տեսարանը տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի գիւղերէն մէկուն մէջ։ Գիւղը ամայացած է։ Տէր հօրմէն զատ՝ մնացած են ընդամէնը 3 հոգի։ Մգրոն, իր կինը՝ Սիրանուշ եւ ամուրի դրացի մը Կարապետ։ Մգրօ եւ Սիրանուշ տարիներ ապրած են Միացեալ Նահանգներ, Սան Ֆրանսիսքօ, ապա՝ վերադարձած հայրենիք։ Մգրօ  կը զբաղի մեղուաբուծութեամբ, որոնք իր կեանքն են, իր կինը Սիրանուշ՝ հայ տանտիկին, հոգ կը տանի իր ամուսնոյն, մինչեւ իսկ՝ հագուստը հագցնելով, կերցնելով ու խմցնելով, իսկ դրացին՝ Կարապետ, տիպար հայաստանցի հայն է։ Ձեռքէն ամէն գործ կու գայ։ Կը սիրէ օգնել ուրիշին։ Կարապետ երկու մտքէ է, մնա՞յ,  թէ՞ մեկնի։ Ի վերջոյ կը մեկնի՝ առանց լուր տալու Մգրոյին։ Մգրօ  որոշած է մնալ՝ հայրենասիրութենէ մղուած, որովհետեւ գտաւ  իր փնտռած աստղը 44 աստիճանի վրայ, որ Հայաստանի մէջ է։ Դերասանները բոլորն ալ արհեստավարժ են, սակայն զգալի էր ընդհանուր դանդաղութիւն մը, որ կու գայ խորհրդային թատրոնի դպրոցէն, սակայն իմ կարծիքովս միակ տկար մասն է թատերախաղին։ Հանդիսատեսը ուրախ էր եւ երկար ծափահարութիւններով գնահատեց  թատերախումբը։

Նոյն օրը, ելոյթի աւարտին տեղի ունեցաւ քոքթէյլ՝ հանդիսասրահի պարտէզներուն մէջ, ներկայութեամբ մեծ թիւով համազգայնականներու, թատերախումբի անդամներու եւ թատերասէրներու:

Յաջորդ օրը  ներկայացուցին «Sale» թատերախաղը, որ ողբերգակատակերգութիւն մըն է, եւ այդ իսկ պատճառով աւելի ընդունելութիւն գտաւ ներկաներուն մօտ։ Արտաշէս, որուն կինը մահացած է, կ՛ապրի իր աղջկան եւ փեսային հետ, սակայն վերջինս այնքան ալ գոհ չէ իր աներոջ ներկայութենէն իր տան մէջ եւ կը ջանայ հարսնցուներ գտնելով՝ ճամբել իր տունէն։

Արտաշէս մտադիր չէ վերամուսնանալու,սակայն առանձնութենէ կը տառապի եւ կամաց կամաց տեղի կու տայ։

Շատ յաջող տեսարան էր, երբ երեք հարսնցուներն ու փեսացուն միասնաբար երգեցին «Անցնում է օրը», շեշտելով, թէ՝

«Ճահել չենք մնայ, ծերութիւն կը գայ

Աշխարհը փուճ է, մեզ  էլ չի մնայ», ապա չորսը միասին որոշեցին իբրեւ ընկեր միասին ապրիլ գիւղի հանդարտ բնութեան մէջ։

Վերջին օրը տեղի ունեցաւ համերգ- ներկայացում, որուն ընթացքին մեներգներով, խմբերգներով, ասմունքներով եւ զանազան անակնկալներով ուրախ պահեր պարգեւեց մեր մայր հայրենիքէն ժամանած  Համազգային պետական թատրոնը:

Լոսանճելըսահայութիւնը անմոռանալի շաբաթ մը ապրեցաւ, որուն համար կ՛արժէ շնորհաւորել Համազգայինի շրջանային վարչութիւնն ու Հայաստանի պետական թատրոնին անձնակազմը։

Վարձքը կատար կազմակերպիչ յանձնախումբին։

Լոս Անճելըս 2013

 

Share this Article
CATEGORIES