Էջեր Հալէպահայու Մը Օրագրէն
ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ
Տեղ մը երթալու ընթացքին ալ, նոյնիսկ եթէ գնում պիտի չընեն, մարդիկ սկսեր են պարէնին կամ պտուղին եւ կանաչեղէնին գիները հարցնել.
– Այսօր հաւկիթը քանի՞ է:
– Երեք հատը հարիւր ոսկի (երբ կարճ շրջան մը առաջ երեսուն հաւկիթը երկու հարիւր յիսուն էր):
– Ինչո՞ւ:
– Տոլարին գինէն գաղափար չունի՞ս:
– Ունիմ, բայց հաւերը տոլա՞ր կ՛ուտեն:
Կին մը միքրօ-պաս բարձրացաւ.
– Այսօր քանիի՞ կը տանիք:
– Վաթսուն:
– Դեռ երէկ քառասուն էր:
– Պենզին չկայ, մատա՛մ:- Պորսա- ըսաւ կինը եւ տուաւ դրամը:
– Պորսան ի՞նչ է,- հարցուց լաչակաւոր կին մը քովը նստած երիտասարդին:
Տղան լուռ մնաց: Սակը հարցնող կինը տեսնելով, որ լաչակաւորը դեռ կը սպասէ.
– Տոլարին սակը, որ ամէն օր կը փոխուի,- ըսաւ:
***
Դիմացէս խումբով կիներ եւ աղջիկներ կու գան. կ՛երեւի մայրեր եւ քոյրեր են, որովհետեւ իւրաքանչիւրը բռնած է ձեռքը թերաճ պատանիի մը կամ երիտասարդի մը:
Վերջին տարիներուն պետութիւնն ալ, քրիստոնեայ արաբներն ու նաեւ հայերը ունէին իրենց կեդրոնները, ուր թերաճ մանուկներ կը յաճախէին ուսանելու եւ արհեստներ սորվելու համար: Ամառները անոնք գիւղ կ՛երթային, մարզական մրցումներ կը կազմակերպուէին անոնց համար:
Հիմա այս բոլորը դադրած ըլլալու են:
Թերաճներու մեր «Արեւիկ» կեդրոնը, որ Ծերանոցին կողքին կը գտնուէր, արդէն առաջին իսկ ռմբակոծումներուն փակեր էր իր դռները:
Նախապէս նման բաներ մեր ուշադրութիւնը չէին գրաւեր, որովհետեւ արդէն իրենց բարւոք լուծումները գտած էին: Հիմա, սակայն, անգործութեան, անապահովութեան եւ այլ մտահոգութիւններու կողքին, թերաճ մանուկներուն վիճակը մտահոգիչ է, մանաւանդ՝ պատասխանատուներուն համար:
***
– Երէկուան ջարդը (շաբաթ, 31 օգոստոս 2013) հայերուն էր,- կ՛ըսէ հայ խանութպան մը իր դրացիին:
Սուլէյմանիէի երկրորդ խաչմերուկին վրայ երէկ հրասանդի ռումբ մը կամ հրթիռ մը ինկեր էր: Ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ մէկը յստակ բան չի պատմեր: Բայց մահացողներուն եւ վիրաւորներուն կարեւոր մէկ մասը հայեր են:
– Ի՞նչ կ՛ընես,- հարցուց մէկը քովը կեցած բարեկամին։ Երկուքն ալ պատին առջեւ մահազդները կը կարդային:
– Պատրաստութիւն կը տեսնեմ:
– Գո՞րծ պիտի ընես:
– Պիտի երթա՛մ:
Բոլորը նոյն նիւթերը կը քննարկեն՝ ուտելիքի հարցը, սղաճը, չդադրող զարկը եւ ամէնէն վերջը՝ երթալը: Մինչ նորգիւղցի պապիկը յամառօրէն կառչած կը մնայ իր տան եւ կ՛ըսէ կնոջ.
-Դուն կ՛ուզես քրոջդ տունը երթալ, գնա՛, ես հոսկէ շարժողը չեմ, հոս ալ կը մեռնիմ:
Անդին բոլոր երիտասարդները հեռանալու ձեւեր կը մտմտան եւ միջոցներ կը փնտռեն, հակառակ անոր որ մեծ մասը իրենց կեանքն ու աշխատանքը դասաւորած էին եւ բաւական ալ բարեկեցիկ եւ հաճելի կեանք ունէին հոս:
Մեղադրանքի ոչ մէկ խօսք. երիտասարդ են, կ՛ուզեն ապրիլ, եւ որովհետեւ աշխատասէր ու չարքաշ մարդիկ են, նաեւ կ՛ուզեն կեանքը վայելել: Իսկ այս անորոշութիւնը շա՜տ երկար տեւեց:
(Բայց յանկարծ մարդիկ չմտածեն, թէ ինքզինքս կը հակասեմ. գացողները չէ, որ կը մեղադրենք, այլ՝ գացողներուն կեցուածքը մնացողներուն հանդէպ, ա՛յդ է որ կը մեղադրենք):
***
Բարեկամուհի մը կը պատմէ.
«Պէյրութէն վերադարձիս հրացանաձգութեան բռնուեցանք Խանասերի մէջ: Ստիպուած եղանք սպասել, մինչեւ կրակը դադրեցաւ: Այս անգամ, սակայն «միջանցքը» փակուեցաւ: Ոչ մէկ ինքնաշարժ յանձն առաւ մեզ քաղաք տանիլ.
– Երկու կողմէն մարդորսները աշխատանքի կը սկսին աղջամուղջին,- ըսին:
Ի՞նչ կրնայինք ընել: Ճարահատ կեցեր էինք ես եւ ինծի հետ իսլամ կին մը:
Պասին մէջ եղող երիտասարդ զոյգը մեզի մօտեցաւ, եւ կինը ըսաւ առարկութիւն չվերցնող ոճով.
– Մեզի կու գաք գիշերելու, անկարելի է, որ փողոց մնաք:
Գացինք: Ուրիշ ընելիք չունէինք:
Սուզուքի[3] մը վարձեցին, մեզ յարգանքով առջեւ նստեցուցին, իրենք ետեւ ելան, Սուզուքիին մէջ ոտքի կեցան եւ գացինք:
Համեստ տուն մըն էր, ուր հայր եւ մայր ալ կ՛ապրէին:
– Հոս, նստասենեակի տիվաններուն կը քնանանք,- ըսինք ես եւ իսլամ կինը միասնաբար:
– Անկարելի է,- ըսաւ մայրը,- տան լաւագոյն սենեակը՝ ձեզի:
Եւ ընթրիքի սեղան բացին: Օրը Ռամատան էր, իրենք ալ իֆթար պիտի ընէին. այլ օրերու իֆթարի սեղանները ընդհանրապէս հարսանեկան սեղանի պէս ճոխ կ՛ըլլային: Բայց այլ օրերու մենք պէտք պիտի չունենայինք այսպէս հոս մնալու եւ առաւօտեան սպասելու: Դրին, ինչ որ ունէին՝ հաւկիթ, ձիթապտուղ, լոլիկ, վարունգ եւ այլն: Վրայէն ալ՝ սուրճ եւ թէյ: Առաւօտուն ուզեցին նախաճաշ ալ դնել, մերժեցինք.
– Քանի դուք ծոմ էք, մենք անկարելի է, որ նախաճաշենք,- նուազագոյնն էր իրենց ազնուութեան դիմաց:
Տան երիտասարդը մեզ տարաւ մինչեւ ինքնաշարժներուն կանգառը, սակարկեց, սպասեց, որ մեքենան շարժի եւ յետոյ միայն դէպի իր տունը ուղղուեցաւ:
Ո՞ր երկրին մէջ նման բան կարելի է գտնել» վերջացուց բարեկամուհիս:
– Ա՛յս տեսակի մարդ է հալէպցին,- բոլորը համաձայնեցան,- անկախ իր կրօնական պատկանելիութենէն: Ասոր համար է, որ բոլորս ալ իրապէս կը ցաւինք քաղաքին եւ մարդոց այս վիճակին համար:
***
Ամբողջ գիշեր թնդանօթը ռմբակոծեց քաղաքին կարծես հարաւը, իսկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն հրասանդի ռումբեր տեղացին քաղաքին տարբեր կողմերուն վրայ: Բայց մարդիկ, իրարու հետ դէպքերուն մասին կարծիքներ փոխանակելէ ետք, շարունակեցին իրենց սովորական դարձած օրը. խանութպաններ շարունակեցին նարկիլէի ծուխերուն մէջ կորսուած նարտի խաղալ, կիները շարունակեցին արագ-արագ, ապրանքը վերջանալէն առաջ գնումները վերջացնել եւ տեսնել, թէ այսօր ի՞նչ միջոցով պիտի եփեն ճաշը՝ հոսանքո՞վ, թէ՞ կազով, իսկ մանուկները շարունակեցին թափով «պատերազմ» խաղալ: Շատեր արդէն վաղուց կազ չունին, ու եթէ հոսանք ալ չունենան, կը կշտանան ինչո՛վ որ ըլլայ՝ ֆալաֆել, համմոս, ֆուլ, հաց, սոմուն… փառք Աստուծոյ, այսօր ալ կշտացանք, միայն հոգիի ողջութիւն ըլլայ:
Հալէպցին, որ իր խոհանոցով արդարօրէն հպարտանալու իրաւունք ունէր, եւ որուն համար մանաւանդ ամառնային ընթրիքը իր կարեւոր հաճոյքներէն մէկն էր, այսօր կը գոհանայ գտածով եւ փառք կու տայ՝ միայն հոգիի ողջութիւն թող ըլլայ …
Այն օրերուն, երբ կեանքը տակաւին հեքիաթ էր Հալէպի մէջ, երբ ամառ գիշերները հազար ու մէկ գիշերներէն փրցուած կը թուէին, երբ մարդիկ տակաւին չէին գիտեր երջանկութեան ի՛նչ ըլլալը, թէեւ ազգով-տեղով երջանիկ էին, այդ օրերուն քաղաքը, իր գիշերային կեանքէն յոգնաբեկ, ուշ կ՛արթննար, խանութները ուշ կը բացուէին եւ օրը հազիւ կէսօրին թափ կ՛առնէր, արագութիւն նուաճած շոգեկառքի մը պէս, վազելու մինչեւ ուշ գիշեր, եւ յետոյ նարկիլէի ծուխերուն մէջ պարուրուած՝ ապրելու բարութիւնը հեքիաթին:
Թէեւ այս բոլորը չքացան նարկիլէին ծուխին պէս, բայց ծուխը մնաց. այրուող շէնքերուն, բամպակի ամբարներուն, ցորէնի հրկիզուած արտերուն եւ մարդոց ափսոսանքով մխացող սրտերուն ծուխը մնաց:
Հիմա մարդիկ կանուխէն արթնցած՝ կը բանան իրենց խանութները եւ ափերը այտերուն կը նստին, նայուածքները պարապին, մտորելով, թէ ճիշդ ո՞ւր, ի՞նչը սխալ եղաւ, հեքիաթը ո՞ւր ձգեցին գրպաններէն ու կորսնցուցին, ի՞նչ յանցանք գործեցին, որուն համար հիմա այս պատիժը կը կրեն:
Խանութները բաց են: Գնորդներ չկան: Միակ առեւտուրը, որ թափով կ՛ընթանայ, ուտեստեղէնի առեւտուրն է: Հիմա փողոցներուն անկիւնները տխուր եւ յուսաբեկ մարդիկ, քանի մը տոպրակ սոխ-գետնախնձոր-սմբուկի առջեւ կկզած՝ կը յուսան իրենց եւ իրենց ընտանիքին օրուան գոնէ ցամաք հացը ապահովել: