Թուրք Պատմութեան Հիմնարկը. Հայերէն Դասընթացք Հաստատեց

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

Ինչ որ ամբողջ հանրապետութեան շրջանին աննշմար մնացած էր, վերջին տարիներուն զգալի դարձաւ Թուրքիոյ պետական համակարգէն ներս։ Ատիկա քանի մը լեզուներու, ի մէջ այլոց մասնաւորաբար հայոց լեզուի կարեւորութիւնն է Թուրքիոյ մէջ հետազօտութիւններ ընել ուզող ակադեմականներու համար։

Ակադեմական մը կամ հետազօտող մը, որ հայկական նիւթերու վրայ ուսումնասիրութիւններ կ՛ընէ, պէտք է գիտնայ հայերէն, բայց Թուրքիոյ մէջ մատի վրայ կը համրուին, կամ նոյնիսկ  մատի վրայ կը համրուի՞ն հայերէն գիտցող թուրք մասնագէտները։ Ասիկա միայն հայոց լեզուի յատուկ պակաս մը չէ։

Պետական շրջանակները վերջապէս անդրադարձած են, որ գոյութիւն ունին քանի մը լեզուներ, որոնք չեն դասաւանդուիր Թուրքիոյ մէջ, չկայ տեղ մը, ուր դիմեն այդ լեզուները սորվիլ ուզողները։ Այս լեզուներուն կարգին են նաեւ՝ եբրայերէն, սերպերէն, պոշնաքերէն եւ այլն։ Այժմ այս պարապութիւնը լեցնելու պարտականութիւնը յանձնուեր է Թուրք պատմութեան հիմնարկին։ Հիմնարկի նախագահ փրոֆ. Մեհմեթ Մեթին Հիւլակու այս մասին հետաքրքրական տեղեկութիւններ տուաւ հանրութեան։ Ան դիտել տուաւ, որ հայերու մասին ուսումնասիրութիւն ընողը հայերէն, Իսրայէլի մասին ուսումնասիրութիւն ընողը եբրայերէն, Պալքանեան պատմութիւնը ուսումնասիրողը պալքանեան լեզուները պէտք է գիտնայ։ Մինչդեռ այս լեզուները դասաւանդող տեղեր չկան։ Ուստի Թուրք պատմութեան հիմնարկն է, որ կը բանայ այսպիսի լեզուներու դասընթացքներ։ Այս դասընթացքները ձրի պիտի ըլլան, միայն թէ անոնցմէ ներս պիտի ընդունուին այն ակադեմականները, որոնք ի վիճակի պիտի ըլլան յիշեալ լեզուներով ուսումնասիրութիւններ ընելու։ Որքան որ ալ դասընթացքը ձրի է, եթէ մէկը դասընթացքը կիսատ թողու, անկէ պիտի պահանջուի նախկին դասերու արժեգինը։ Դասընթացքները առայժմ պիտի տեւեն վեց ամիս, վեց ամիս վերջ պիտի քննուի արդիւնքը։ Բոլոր լեզուներուն ուսուցիչները թուրք են, բացի հայերէնէն։ Փրոֆ. Հիւլակու դիտել տուած է որ հայերէնի ուսուցիչը օտար է։ Այս «օտար» բացատրութենէն կ՛երեւի, թէ պէտք է հասկնալ, որ ուսուցիչը օտար քաղաքացի հայ մըն է։ Թերեւս՝ հայաստանցի։ Ինչպէս գիտենք, Էտիրնէի համալսարանին մէջ ալ հայոց լեզուի ու գրականութեան ամպիոն մը կայ այժմ, որուն համար պաշտօնի հրաւիրուած է հայաստանցի դասախօս։

Թուրք պատմութեան հիմնարկի նախագահը դիտել տուաւ, որ հիմնարկը փոփոխութիւն պիտի ընէ կրթաթոշակներու յատկացումի դրութեան մէջ։ Մինչեւ այսօր կրթաթոշակ կը տրուէր անձերու։ Այսուհետեւ կրթաթոշակ պիտի տրուի անձերու կողմէ ընտրուած նիւթերու։ Այս կերպով անձը չէ, որ պիտի քաջալերուի, այլ՝ անոր մշակած նիւթը։ «Մենք Կարմիր մահիկը չենք, որպէսզի անձերու օժանդակենք, մենք ընտրուած նիւթերուն պիտի օժանդակենք», ըսած է Հիւլակու։

 

Share this Article
CATEGORIES