50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 17 ՅՈՒՆԻՍ 1961 )

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ՀԱՅԵՐԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ
ԿԵՍԱՐԻՈՅ ԿԻԿԻ ԳԻՒՂԻՆ ՄԷՋ ԵՐԵՍՈՒՆ ԸՆՏԱՆԻՔ Կ՛ԱՊՐԻ…

Կեսարիայէն 31 մայիս թուականով կը գրեն Պոլսոյ «Մարմարա» թերթին:

Սուրբ Եղիա Մարգարէի տօնախմբութեան առթիւ, եղած հրաւէրին վրայ, մեր եռանդուն հոգեւոր հովիւ Հայկազուն Ա. քահանայ Կարապետեան մայիս 27-ի շաբաթ օրը 30 ուղեկիցներու հետ ուխտագնացութիւն մը կատարեց Պիւնիան գիւղաքաղաքէն երեք ժամ դէպի արեւելք, բարձր լերան մը գագաթը գտնուող Կիկի գիւղէն աւելի բարձր Զօրութիւն կոչուող լերան կատարին մօտ, Գուրպան Չեշմէի (Մատաղի աղբիւր) անուանուած վայրը, որ Կեսարիայէն ինքնաշարժով երկուքուկէս ժամուան ճամբայ է:

Աւանդութեան համաձայն, այդ Զօրութիւն լերան գագաթին վրայ ժամանակին կը գտնուէր քարաշէն մատուռ մը, ուր Ս. Եղիայի տօնախմբութեան առթիւ ոչխարներ մատաղ կ՛ըլլային եւ հանդիսաւոր պատարագ կը մատուցուի եղեր: Այս սովորութեան համաձայն, Կիկի գիւղի բարձունքը ապրող եւ երեսուն ընտանիքէ բաղկացող երկրագործ ժողովուրդը մատաղի զենումով ամէն տարի զոհ կը մատուցանէ Մատաղի աղբիւրին քով, ամէն մէկ տուն իր կարողութեան չափով:

Տէր հայրը եւ հետեւորդները շաբաթ կէսօրին գիւղ հասնելով` սիրալիր կերպով դիմաւորուեցան եւ մասնաւորներու բնակարանները հիւրընկալուեցան: Յաջորդ առտու, կիրակի կանուխէն, գիւղին ամբողջ ժողովուրդը եւ հիւրերը բարձրացան հեռաւոր լեռը, մէկուկէս ժամէն: Հոն, Մատաղի աղբիւրին մօտ, ուր պահ մը հանգստացանք, պատրաստ կեցած էր ոչխարի հօտ մը, որուն մէջէն ուխտաւորները զատեցին քսան հատ մատաղցու ոչխարներ եւ գառնուկներ եւ ժողովուրդին շրջանակին մէջ առնելով զանոնք` կատարուեցաւ աղօրհնութիւն եւ մատաղցու անասուններու զենում, հոգեհանգստեան շարականներով` խորհրդաւոր մթնոլորտի մը մէջ:

Կէսօրէ ետք, ժամը երեքին եփուած ու պատրաստ էին ձաւարը եւ միսերը, զորս ճաշակեցին նաեւ 250-է աւելի դրացի թուրք հայրենակիցներ, որոնք եկած էին «ուխտերնիդ ընդունակ ըլլայ» ըսելու:

Երեկոյեան ժամը 7:00-ին, դարձեալ հետիոտն, խմբովին իջանք գիւղ, ճամբուն վրայ գտնուող գերեզմանատան մէջ հանգչողներուն եւ հանգուցեալ տէր Մարգար քհն. Յովհաննէսեանի հողակոյտերուն վրայ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուելէ ետք: Գիւղացիները խիստ գոհ մնացին մեր այցելութենէն եւ Հայկազուն տէր հօր խոստացան նախախնամութեան պարգեւած հողային բերքերէն կալի ժամանակ բաժին հանել նաեւ Սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցին եւ խնդրեցին դարձեալ այցելել:

ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ
ՔԱՆԱՏԱՅԻ ՄԷՋ

Մոնրէալէն (Քանատա) կը գրեն.-

4 յունիսի կիրակի գիշեր Ուքրանական թատրոնի ընդարձակ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տօնակատարութիւնը Հայաստանի անկախութեան 43-րդ տարեդարձին, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան: Հանդէսը կը հովանաւորէր Հրանդ սրբազան` Հիւսիսային Ամերիկայի հայոց առաջնորդական տեղապահը: Ներկայ էր Ճորճ Մարտիկեան: կ՛ատենապետէր Լեւոն Ասատուրեան: Գործադրուեցաւ շատ գեղեցիկ ու տպաւորիչ յայտագիր մը: Անսահման խանդավառութիւն կար սրահին մէջ, սկիզբէն մինչեւ վերջ:

Օրուան բանախօսն էր Մ. Թէօլէօլեան, որ տպաւորիչ ճառ մը խօսեցաւ` իր գագաթնակէտին հասցնելով ներկաներու խանդավառութիւնը:

Թորոնթոյի մէջ եւս մեծ շուքով տօնուած է անկախութեան տարեդարձը` նախագահութեամբ Յակոբ Մուրատեանի: Բանախօսած է Մինաս Թէօլէօլեան:

Share this Article
CATEGORIES