Ակնարկ. Թեհրանեան Ցոյցին Տողատակի Պատգամը
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Տասնեակ հազարաւոր ցուցարարներ կիրակի օր Թեհրանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպանատան առջեւ բողոքի ցոյց մը կատարեցին՝ նշելու համար 1979-ին ամերիկեան դեսպանատուն ներխուժման 34-ամեակը։ Աւանդական ցոյցին ընթացքին անցեալ ամսուան վերջաւորութեան Թեհրանի քաղաքապետարանին հրամանով վերցուած հակաամերիկեան վահանակները պաստառներու ձեւով վերադարձ կատարեցին, մինչ ցուցարարներ կը բացագանչէին «Մա՛հ Ամերիկային»։
«5+1»-ի հետ Թեհրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութեանց մէջ եւ իր երկիրը մեկուսացումէ դուրս բերելու ընտրական յանձնառութեան տակ եղող Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանին ու անոր կառավարութեան ականաւոր անդամները բնականաբար կը բացակայէին այդ ցոյցէն, որ երկու պատգամ կը պարունակէր։ Անմիջական պատգամը այն էր, որ ցուցարարները կու գային մերժելու Արեւմուտքին նկատմամբ նախագահ Ռուհանիի վարած քաղաքականութիւնը։ Ինչ որ սպասելի էր եւ նորութիւն մըն ալ չէր՝ նկատի ունենալով, որ անոնք վերջինիս Նիւ Եորքէն վերադարձին նախագահական շքախումբին դէմ հաւկիթներ նետելով իրենց դժգոհութիւնը արդէն արտայայտած էին։
Գոյութիւն ունէր նաեւ տողատակի պատգամ մը։ Միացեալ Նահանգներ պէտք չէ ցոյցը աւանդական նկատելով անտեսեն այն իրողութիւնը, որ թէեւ Ռուհանին նախագահական ընտրութեան ընթացքին ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրեց, սակայն Իրանի մէջ գոյութիւն ունին անոր քաղաքականութեան ընդդիմացող ազդեցիկ ուժեր, ուստի ամերիկեան կողմը պէտք է զգուշանայ այնպիսի քայլերէ, որոնք կրնան Ռուհանիի քաղաքականութեան ընդդիմացող կողմերուն ջաղացքին ջուր լեցնելով Իրանի բարեկարգչական նախագահին դիրքը տկարացնել։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը «ստեպղինի եւ գաւազանի» քաղաքականութիւն կիրարկելով՝ Քոնկրեսին ուղղեց Իրանի դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներու որդեգրումը «կարճ ժամանակով» մը յետաձգելու կոչ մը, որ եթէ մէկ կողմէ իրանեան իշխանութեանց վրայ ճնշումը կը պահէ, նաեւ այն տպաւորութիւնը կը ստեղծէ, թէ կիրակի օրուան ցոյցին պատգամը տեղ հասած է։ Սակայն Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլի այն յայտարարութիւնը, թէ Թեհրանի հիւլէական կայանները հարուածելու իսրայէլեան սպառնալիքներն ու պատժամիջոցներու ճնշումը Իրանը մղած են բանակցութեան սեղան նստելու, կու գայ վկայելու այն մասին, որ ամերիկեան վարչակազմին մէջ բոլորը չէ, որ ընկալած են այդ պատգամն ու ընդհանրապէս պահու լրջութիւնը, կամ (նաեւ) գոյութիւն ունին կողմեր, որոնք կ՛ուզեն ընթացող հոլովոյթը ականահարել։ Վերջիններս Ռուհանիի ընդդիմախօսներուն բնական դաշնակիցներն են։ Հէյկըլի յայտարարութիւնը Ռուհանիի կառուցողական մօտեցումը կը ներկայացնէ իբրեւ պարտուողական կեցուածք եւ ձրի ծառայութիւն կը մատուցէ անոր ընդդիմախօսներուն։ Ամերիկեան կողմէն այսպիսի սխալներ կրնան մահացու հարուած մը հասցնել Իրան-Արեւմուտք յարաբերութեանց մէջ նշմարուող լարուածութեան ներկայ մեղմացումին եւ ականահարել հետագայ որեւէ դրական զարգացման կարելիութիւնը։ Այլ հարց, թէ ամերիկեան կողմը իսկապէս կ՛ուզէ՞ Իրանի հետ յարաբերութիւնները վերականգնել։
Ատենօք Իրանի բարեկարգչական այլ նախագահ մը՝ Մոհամետ Խաթեմին Արեւմուտքին նկատմամբ կառուցողական մօտեցում ցուցաբերեց եւ մինչեւ իսկ Աֆղանիստանի մէջ Թալեպան շարժումի եւ Քայիտայի դէմ անոնց արշաւին օժանդակեց, սակայն օրուան ամերիկեան վարչակարգը չօգտագործեց ստեղծուած առիթը, որուն պատճառով ալ հետագային ինքզինք գտաւ Մահմուտ Ահմատինեժատի մը դէմ յանդիման։ Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած ցոյցը կու գայ վերյիշեցնելու մօտիկ անցեալի դասը. եթէ ամերիկեան իշխանութիւնները Ռուհանիի մը ընտրութեան պատեհ առիթը չօգտագործեն, ապա իրենք զիրենք պիտի գտնեն նոր Ահմատինեժատի մը առջեւ։ Այս առումով ամերիկեան կողմը պէտք է ականջ տայ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի կիրակի օր յղած հետեւեալ պատգամին. «(Դիւանագէտները) դժուար առաքելութեան մը մէջ են եւ ոչ ոք պէտք է տկարացնէ առաքելութեան վրայ գտնուողները»։

