«Ժընեւ-2»-ը Սուրիական Տագնապի Միակ Լուծումն Է Եւ Վստահ Եմ՝ Ատոր Թուականը Քանի Մը Օրէն Պիտի Ճշդուի» Ըսաւ Քերրի

Ճոն Քերրի

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտնեց, որ Սուրիոյ իրադարձութիւնները շրջանին վրայ իրենց ազդեցութիւնը ունին՝ նշելով, որ 78 հազար սուրիացի մանուկներ յորդանանեան դպրոցներու մէջ կը գտնուին, իսկ Յորդանան դպրոցներու դռները սուրիացի մանուկներուն առջեւ բացած է, որպէսզի անոնք ուսումէ չզրկուին, ինչ որ առատաձեռնութիւն է, որովհետեւ «Յորդանան շատ օժանդակութիւն չստացաւ եւ սուրիական վարչակարգին իր ժողովուրդը գաղթական դարձնելու համար գործածին բեռը կը կրէ»։

Քերրի շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցողը մեծ պատերազմ մըն է, եւ միջազգային ընտանիքը պէտք է գործի լծուի՝ նշելով, որ «Ժընեւ-2»-ը այս տագնապին վերջ տալու միակ լուծումն է եւ պէտք է շուտով զայն գումարել»։

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը վստահութիւն յայտնեց, որ «Ժընեւ-2»-ի թուականը քանի մը օրէն պիտի ճշդուի։

Մինչ այդ, թրքական «Զաման» օրաթերթը հաղորդեց, որ թրքական ոստիկանութիւնը Սուրիոյ հետ սահմանին մօտ գտնուող Ատանա նահանգին մէջ  գրաւած է բեռնակառք մը, որ բեռնաւորուած էր զէնքերով եւ պայթուցիկ նիւթերով։

Ոստիկանութիւնը գաղտնի սպասարկական տեղեկութիւններ ստանալէ ետք գործարան մը ներխուժած է եւ այդտեղ մեծ քանակով թմրեցուցիչներ գրաւած է։ Բեռնակառքը գրաւուած է այդ գործողութենէն առաջ։ Բեռնակառքին վրայ գտնուած են հրթիռներու արձակման հարթակներ, հրթիռներ, ձեռնառումբեր եւ այլ տեսակի զէնքեր։ Ոստիկանութիւնը ապահովական պատճառներով վայրին շուրջ ապահովական գօտի մը ստեղծած է եւ վարորդը ձերբակալելէ ետք բեռնակառքը Ատանայի ոստիկանութեան Շաքիր Փաշա կեդրոն տարած է, ինչպէս նաեւ դէպքին շուրջ համապարփակ հետաքննութեան ձեռնարկած։

Share this Article
CATEGORIES