ՕԹԱՆ-ի Ուժերու Հրամանատարը Չինաստանէն Հրթիռներ Գնելու Թուրքիոյ Քայլին Նկատմամբ Վերապահութիւն Կը Յայտնէ

Եւրոպայի մէջ ՕԹԱՆ-ի ուժերու հրամանատար Ֆիլիփ Պրետլաւ Թուրքիոյ կոչ ուղղեց գնելու հրթիռային համակարգեր, որոնք կը պատշաճին ՕԹԱՆ-ի այլ համակարգերուն հետ՝ կասկած յայտնելով, որ չինական համակարգը, որ Անգարա մտադիր է գնելու, պատշաճ է։

Ան նշեց, որ ինք թրքական բանակի հրամանատարներուն փոխանցած է այն կարեւոր կէտը, որ ՕԹԱՆ-ի անդամները համակարգեր ունին, որոնք գործողութեանց ընթացքին կատարելապէս իրարու կը վստահին եւ ՕԹԱՆ-ի ցանցերուն մէջ մտնելու պատշաճ են՝ աւելցնելով, որ որոշումը Թուրքիոյ կը պատկանի։

Պրետլաւ չբացատրեց, թէ «պատշաճ» ըսելով ի՛նչ ըսել կ՛ուզէ, սակայն ՕԹԱՆ-էն դիւանագէտներ «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեցին, որ դաշինքի համակարգին մէջ չինական սարքեր մտցնելը ելեկտրոնային ապահովութեան մտավախութիւններ կը ստեղծէ։

Թուրքիա յայտարարած է, որ փոխան ռուսական, ամերիկեան եւ եւրոպական համակարգերու ընտրած է չինական «էֆ.տի.-2000» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը։

Share this Article
CATEGORIES