Մուսթաքպալ Եւ Ազգային Ազատ Հոսանքները Կը Հանդիպին

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխաններու պատուիրակութիւն մը երէկ խորհրդարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխաններու մէկ պատուիրակութեան հետ՝ քննարկելու համար Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, հակառակ անոր որ երկու քաղաքական ուժերուն միջեւ տարակարծութիւնները կը շարունակուին՝ որոշ քաղաքական հարցերու առնչութեամբ։

Հանդիպումը դրական էր այն իմաստով, որ երկու կողմերը համաձայնեցան խորհրդակցութիւնները շարունակել, ինչպէս նաեւ ընդգծեցին նախագահական ընտրութիւններ կատարելու անհրաժեշտութիւնը։

Երկուքուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց պետական հաստատութիւնները աշխուժացնելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ հաստատութիւններուն աշխատանքը Սուրիոյ տագնապէն անջատելու անհրաժեշտութիւնը։

Իր կարգին Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքը կը միտի յանգիլ այնպիսի հասարակ յայտարարներու, որոնք կը ծառայեն Լիբանանի շահերուն։

Մաժտալանի յայտնեց, որ հանդիպումը եղած է շատ անկեղծ, լուրջ եւ շինիչ։

«Հանդիպումին ընթացքին հաստատեցինք «Պաապտայի յայտարարութեան» նկատմամբ յանձնառութիւնը, Լիբանանը շրջանային եւ միջազգային տագնապներէն չէզոք պահելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Սուրիայէն Հըզպալլայի հեռացման անհրաժեշտութիւնը», ըսաւ ան։

 

Share this Article
CATEGORIES